ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Աւստրալիա. 57,272 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը ձեռք ձգուեցաւ Օգոստոս ամսուան մէջ, ծառայութեան տարին փակելով իրենց առաջուայ գագաթին վրայ 1,541 հրատարակիչներ ունենալով։ 31,712 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ տեղեկագրուեցան որ ամենաբարձր թիւն է մինչեւ հիմա։
Թոկօ. Օգոստոս ամսուան մէջ, հրատարակիչներու թիւին մէջ 28 առ հարիւր յաւելում մը ձեռք ձգուեցաւ անցեալ տարուան միջինին վրայ։ Ծառայութեան տարուան վերջաւորութեան 7,100 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին։ Տարուան ընթացքին 728 նորեկներ մկրտուեցան։
Կանա. Օգոստոս ամսուան մէջ արձանագրուեցաւ 18 առ հարիւր յաւելում մը անցեալ տարուայ հրատարակիչներու միջին թիւին վրայ, 37,676 անհատներ տեղեկագրելով դաշտի ծառայութիւնը։
Կիպրոս. Օգոստոս ամիսը տեսաւ անոնց ութերորդ գագաթը հրատարակիչներու թիւին մէջ ծառայութեան տարուան մէջ, 1,433 անհատներ տեղեկագրելով։ Ասիկա 9 առ հարիւր յաւելում մըն էր անցեալ տարուան միջինին վրայ։
Տոմինիքեան Հանրապետութիւն. Օգոստոս ամսուան մէջ 15,418 անհատներ տեղեկագրելով, անոնք հասան 20 առ հարիւր յաւելումի մը հրատարակիչներու թիւին մէջ անցեալ ծառայութեան տարուան վրայ։ Հրատարակիչներուն աւելի քան 20 առ հարիւրը լիաժամ ծառայութեան մէջն են։
Փուէրթո Ռիքօ. 25,315 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը տեղեկագրուեցաւ Օգոստոս ամսուան մէջ։