ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յունուար 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
20 վյրկ. «Ժամանցին Հանդէպ Պատշաճ Տեսակէտ մը Պահպանեցէք»։ Դասախօսութիւն հիմնուած Զարթի՛րի Նոյեմբեր 8, 1992, թիւին վրայ, էջ 3–10։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Խօսեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւններու մասին։
20 վյրկ. «Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Բերելու Աստուծոյ Կերպը Քարոզեցէք»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մէջ թերթիկներ գործածեն։ 3–րդ պարբերութիւնը բացատրելէ ետք, թող որ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը ցուցադրէ ինչպէս կարելի է տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ վերայցելութեան մը ատեն, գործածելով Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկը։ Հրատարակիչ. «Մարդոց կը խօսինք կեանքի որակին մասին։ Արդեօք դուք գո՞հ էք նկատելով ինչ որ տեղի կ’ունենայ մարդոց կեանքին մէջ այսօր»։ Տանուտէր. «իրականութեան մէջ, ոչ»։ Հրատարակիչ. «Կը խորհի՞ք որ վիճակները պիտի բարելաւուին»։ Տանուտէր. «Չեմ գիտեր»։ Հրատարակիչը թերթիկը կը մատուցանէ ու կ’ըսէ. «Ոմանք կը խորհին թէ ինչ որ տեղի կ’ունենայ Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները կը կատարէ եւ թէ աշխարհին վերջը մօտ է։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք»։ Տանուտէր. «Չեմ գիտեր. թերեւս կարելի է»։ Այն ատեն հրատարակիչը թերթիկին կ’ակնարկէ ու կը բացատրէ թէ աշխարհին վերջը չի նշանակեր բառացի երկնքին եւ երկրին վերջը։ Ան ժամադրութիւն կ’առնէ այցելութեան մը համար Աստուածաշունչի ապացոյցները քննելու թէ ներկայ դրութեան վախճանը մօտ է։
15 վյրկ. Արեան Ներարկման Խնդիրներէն Խուսափիլ—Ժամանակն Է Մեր Կանխաւ Բժշկական Ուղղիչը Նորոգելու։ Այս բաժինը ներկայացնող երէցը նոր քարտերը կը բաժնէ մկրտուած հրատարակիչներուն եւ ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ Հոկտեմբեր 15, 1991–ի նամակը, որ այս քարտերուն գործածութիւնը կը բացատրէ։ Առ ի պատրաստութիւն, ամբողջովին վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան Յունուար 1, 1990–ի նամակը։ Անոնք որոնք որպէս վկաներ պիտի ստորագրեն, պէտք է իսկապէս տեսնեն անհատը իր քարտը կը ստորագրէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նոր քարտերը լեցնեն Թագաւորութեան Սրահը ձգելէ առաջ։ Մկրտուած հրատարակիչները երբեք պէտք չէ տունէն դուրս ելլեն առանց իրենց Կանխաւ Բժշկական Ուղղիչ քարտը իրենց հետ ունենալով։ Չմկրտուած պզտիկները որոնք Վկայ ծնող ունին պէտք է միշտ իրենց հետ կրեն Ինքնութեան Քարտը։ Վերջերս ժողովքի մը ժողովին ատեն քննութիւն մը ցոյց տուաւ թէ ամէն 5 հրատարակիչներէն մէկը իր քարտը իր հետը չէր, եւ ոչ մէկ պզտիկ իր Ինքնութեան Քարտը իր հետը ունէր։ Եզրափակեցէք կարդալով ու կիրարկելով Առակաց 22։3–ը։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Գովեցէք ժողովքը նիւթական գետնի վրայ հաւատարմօրէն թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
20 վյրկ. «Կենսական Գործիքներ Իմաստութեամբ Գործածենք»։ Ատենապետին կողմէ հակիրճ բացումէ մը ետք, ներկայացուցէք երկու ցուցադրութիւններ գործածելով 2–րդ եւ 5–րդ պարբերութիւններուն տեղեկութիւնները։ Առաջին ցուցադրութեան վերջաւորութեան հրատարակիչը կը խոստանայ վերադառնալ պատասխանելու համար սա հարցումին. Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ տանուտէրները միջամուխ ընեն Սուրբ Գրային խօսակցութեան մը երբ կ’աշխատին դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. Քրիստոնեաները Ինչու Արիւնէն Հեռու կը Կենան։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած Պատճառաբանել գրքի «Արիւն» նիւթին սահմանումին եւ առաջին երեք ենթագլուխներուն վրայ, էջ 70–2 Անգլ. [կամ էջ 192–4 Արբ.]։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Ծառայութեան Ընտիր Առանձնաշնորհում մը» յօդուածէն գլխաւոր կէտեր նկատի առէք։ Ժամանակին ներած չափով, հարցազրոյց ունեցէք հրատարակիչի մը հետ որ պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ կ’ընէ։ Ինչպէ՞ս անոր սկիզբ տուաւ։ Ան ինչպէ՞ս իրեն օգնեց հետաքրքրութիւնը մշակելու կամ յստակօրէն զատորոշելու տանուտիրոջ հետաքրքրութեան աստիճանը։
15 վյրկ. «Կրնա՞ք Եհովայի Ծառայել Որպէս Ռահվիրայ մը»։ Խօսակցութիւն ունկնդիրներուն հետ։ Հարցազրոյց ունեցէք պատանիի մը հետ որ կանոնաւոր ռահվիրայ է կամ հրատարակիչի մը հետ որ ռահվիրայութեան մասնակցեցաւ երբ պատանի էր։ Ցցուն ըրէք ինչպէս ծնողներ եւ ուրիշներ կրնան պատանիները քաջալերել որ հասնին ռահվիրայութեան իրենց նպատակակէտին։ Ջերմօրէն կոչ ըրէք բոլորին որ լրջօրէն նկատի առնեն իրենց պատասխանատուութիւնը լիաժամ ծառայութեան միջամուխ ըլլալու։ Հիմա ծրագրեցէք օժանդակ ռահվիրայութեան համար Ապրիլ ամսուան մէջ։
20 վյրկ. «Հետաքրքրութիւնը Մշակեցէք Ազդեցիկ Վերայցելութիւններ Ընելով»։ Հակիրճ դասախօսութենէ մը ետք ցուցադրեցէք 3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած խօսակցութիւնը։ Ժամանակին ներած չափով, ներկայացումին գլխաւոր մասերը, ինչպէս՝ բացումը կամ համարին գործածութիւնը, կարելի է կրկնել։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։