ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏԻՐ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ ՄԸ
1 Ընթերցող մը ըսաւ թէ ինք իսկական արժէքին մասին շատ աւելի սորվեցաւ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը կարդալով քան ինչ որ սորվեցաւ վեց տարի համալսարան յաճախելով։ Անսովոր բան մը չէ որ անկեղծ ընթերցողներ այսպիսի գնահատանքի սրտապնդիչ արտայայտութիւններ ընեն այս պարբերաթերթերը կարճ ժամանակ մը կարդալէ ետք։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում ունինք մեր պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար բաժնելու անոնց հետ որոնք իրապէս կ’արժեւորեն զանոնք։
2 Շատ մարդիկ, թէեւ ճշմարտութեան հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն մը ունին, չեն յառաջդիմած այն աստիճան որ տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունին։ Բայց անոնց հետաքրքրութիւնը կարելի է մշակել եթէ անհատ մը կանոնաւորաբար վերայցելէ ամէն անգամ որ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի նոր թիւ մը հրատարակուի։ Այո, հաւատարմութեամբ պարբերաթերթեր տալը պարբերաթերթերով կատարուած կանոնաւոր այցելութիւններուն ընթացքին, վերջապէս մղած է անհատներ որ ընդունին կանոնաւոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։
3 Անձամբ օգտակար կը դառնանք պարբերաթերթերով կատարուած կանոնաւոր այցելութիւններ ունենալով եթէ նախ պարբերաթերթերը կարդանք եւ նոթագրենք այն մասնայատուկ կէտերը որոնք մասնաւորաբար հետաքրքրական պիտի ըլլան իւրաքանչիւր անհատի մեր ցանկին մէջ։
4 Ի մտի ունեցէք թէ տանուտիրոջ հետաքրքրութեան աստիճանը կ’որոշէ թէ պարբերաթերթերով կանոնաւոր այցելութիւններ ընելու մեր ցանկին մէջ իր անունը պէ՛տք է պարփակենք կամ ոչ։ Երբ անհատը իսկական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ պարբերաթերթերը ընդունելու ատեն, կրնաք բացատրել թէ ուշագրաւ յօդուածներ լոյս կը տեսնեն մեր պարբերաթերթերուն մէջ ամէն երկու շաբաթ եւ ուրախ պիտի ըլլաք զանոնք յանձնելով։ Վստահ եղէք կանոնաւորաբար հետապնդելու, պատեհութիւններ օգտագործելով տանուտիրոջ հետ խօսակցելու Աստուածաշունչի նիւթերու մասին։ Գիտենք որ պիտի վայելէք ծառայութեան այս ընտիր առանձնաշնորհումը։