Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/93 էջ 3
  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 1/93 էջ 3

ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յունուարին՝ 192 էջնոց որեւէ գիրք որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ։ Եթէ ժողովքը այս գրքերը չունի, պէտք է ներկայացնել Իսկական Խաղաղութիւնը եւ Ապահովութիւնը—Ի՞նչպէս Կրնաք Զայն Գտնել գիրքը։ Փետրուարին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Մարտին՝ Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է։ Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւն։ ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։

◼ Փետրուար ամիսէն սկսեալ, եւ ոչ աւելի ուշ քան Մարտ 7–ն, շրջանային տեսուչներուն համար նոր հանրային դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Պատանիներուն Դիտենք Եհովայի Տեսանկիւնէն»։

◼ Մասնաւոր հանրային դասախօսութիւնը 1993–ի Յիշատակատօնին առթիւ, պիտի ներկայացուի համայն աշխարհի մէջ Կիրակի օրը՝ Մարտ 28–ին։ Դասախօսութեան նիւթը պիտի ըլլայ՝ «‘Աստուծոյ Արարքները’—Ինչպէ՞ս Անոնց կը Դիտէք»։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այն ժողովքները որոնք այդ շաբաթավերջը շրջանային տեսուչի այցելութիւնը ունին, յաջորդ շաբաթ մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ունենան։ Ոչ մէկ ժողովք Մարտ 28–էն առաջ պէտք է մասնաւոր դասախօսութիւնը ունենայ։

◼ Յունուար 1, 1993–էն սկսեալ, Լիթուաներէն լեզուով Դիտարանի ամսական թիւ մը մատչելի պիտի ըլլայ, այսպիսով այս պարբերաթերթը սկսաւ 112 լեզուներով հրատարակուիլ։ Նաեւ Յունուարին Դիտարանի Թելուկու թիւը կիսամսեայ հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել