Կանոնաւորաբար Պարբերաթերթ Առնողներուն Մէջ «Թագաւորութեան Սերմը Ցանենք»
1 Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով երգարանին մէջ, 133–րդ Երգեցողութեան խորագիրն է՝ «Թագաւորութեան Սերմը Ցանենք»։ Անիկա հիմնուած է Յիսուսի առակին վրայ, ուր ան աշակերտելու գործը կը նմանցնէ սերմ ցանելու։ (Մատթ. 13։4-8, 19-23) Երգեցողութեան բառերը կ’ըսեն. «Լաւ հողի մէջ ինկած ձեր սերմերուն քանակը/Շատ յաճախ կախեալ կ’ըլլայ ձեզմէ»։ Մեր ծառայութեան արդիւնաւորութիւնը ի՞նչպէս կրնանք աւելցնել։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ կանոնաւորաբար պարբերաթերթ տանելու վարժութիւն մը հաստատել ու պահպանել։
2 Կանոնաւորաբար պարբերաթերթ տանելով շատ մը նպատակներ կ’իրագործուին։ (1) Երկու շաբաթ անգամ մը կանոնաւորաբար այցելելով, կրնաք հետաքրքրուած անհատին հետ բարեկամական յարաբերութիւն մը կերտել։ (2) Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի պարունակած կեանք–փրկող տեղեկութիւնները անհատին կանոնաւորաբար հայթայթած կ’ըլլաք։ (3) Ձեր խօսակցութիւններուն միջոցաւ, թերեւս անհատին օգնէք որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ ախորժակ զարգացնէ, որ իր կարգին կրնայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդել։—Ա. Պետ. 2։2
3 Կանոնաւորաբար Պարբերաթերթ Տանելու Վարժութիւն մը Ի՛նչպէս Սկսիլ. Երբ անհատ մը պարբերաթերթերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, բացատրեցէք թէ իւրաքանչիւր համարին մէջ յատկանշական յօդուածներ լոյս կը տեսնեն եւ թէ ուրախ պիտի ըլլաք զանոնք իրեն բերելով, երկու շաբաթը անգամ մը։ Բաժնուելէն ետք, արձանագրեցէք անհատին անունն ու հասցէն, այցելութեան թուականը, ձեր տեղաւորած պարբերաթերթերուն թուականները եւ անհատին յատկապէս հետաքրքրող նիւթերը։
4 Կրնաք պարբերաթերթերով այցելութիւններ սկսիլ, ձեր ցանկին վրայ միայն քանի մը հոգիներ ունենալով։ Ապա ջանացէք այդ ցանկը ընդլայնել, անոր վրայ աւելցնելով ուրիշներ, որոնց պարբերաթերթեր կու տաք։ Մինչ ձեր ցանկը կը մեծնայ, կրնաք զայն կազմակերպել թաղամասերու համաձայն, որպէսզի զայն ծածկելը աւելի դիւրին ըլլայ։ Ճշգրիտ արձանագրութիւն մը պահեցէք թէ իւրաքանչիւր այցելութեան ո՛ր համարները յանձնեցիք եւ ե՛րբ։ Նոթեր առէք ձեր խօսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ այցելութեան ճշմարտութեան հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը ի՛նչպէս աւելի զարգացնելու մասին։
5 Առեւտրականներ եւ Արհեստաւորներ Պարփակեցէք. Փորձառաբար յայտնի եղած է որ խանութպաններ եւ արհեստաւորներ մեր պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար կ’ընդունին։ Երէց մը նոյնիսկ իր գիւղաքաղաքի քաղաքապետին կանոնաւորաբար պարբերաթերթերով կ’այցելէր։ Հրատարակիչ մը շինարարական պիտոյքներու ընկերութեան 80 տարեկան տիրոջ շարունակաբար տասը տարի պարբերաթերթեր տանելէ ետք, անոր հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։
6 Ռահվիրայ քոյր մը խանութ մը մտնելով զոյգի մը հանդիպեցաւ, որոնք պաղ ընդունելութիւն ցուցաբերեցին։ Սակայն, քանի որ պարբերաթերթերը ընդունեցին, ան որոշեց այդ զոյգը կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներու ցանկին վրայ աւելցնել։ Հետագային, քոյրը ուզեց դադրեցնել իր այցելութիւնները, քանի որ անոնք բարեկամական չէին եւ երբ իրենց տեսակէտը գիտնալու համար հարցումներ հարցնէր, կարճ ու կտրուկ պատասխաններ կու տային։ Սակայն քոյրը այս հարցին մասին աղօթեց եւ ի վերջոյ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը տուաւ զոյգին։ Զայն կարդալէն ետք, կինը բացագանչեց. «Վե՜րջապէս, ճշմարտութիւնը գտայ»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ եւ հետագային զոյգը մկրտուեցաւ։ Արդարեւ, ռահվիրային յարատեւութիւնը բարի պտուղ տուաւ։
7 Վերայցելութիւններ Ընել. Երբ պարբերաթերթի նոր համար մը ստանաք, իւրաքանչիւր յօդուած կարդացէք։ Պարբերաթերթ առնողներու ձեր ցանկին մէջ եղող իւրաքանչիւր անհատին կոչ ընող կէտեր փնտռեցէք։ Ապա երբ վերադառնաք, կրնաք ըսել. «Մինչ այս յօդուածը կը կարդայի, ձեր մասին մտածեցի եւ թէ ի՛նչպէս կրնայ ձեզ հետաքրքրել»։ Ամէն տարիքի պատկանող հրատարակիչներ կրնան կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներու ցանկ մը ունենալ։ Նոյնիսկ երախայ մը կրնայ ըսել. «Ուրախ եմ ձեզ դարձեալ տեսնելով։ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ձեր վերջին օրինակները հասան։ Կը խորհիմ թէ այս յօդուածը պիտի սիրէք, անոր խորագիրն է . . .»։
8 Հետագային լոյս տեսնելիք յօդուածներուն հանդէպ ակնկալութիւն ստեղծեցէք, ուշադրութիւն հրաւիրելով «Մեր Յաջորդ Համարին Մէջ» խորագրով շրջագծին։ Երբ նիւթ մը որպէս յօդուածաշարք լոյս տեսնէ, ասիկա ընթերցողին ուշադրութեան յանձնեցէք ու քաջալերեցէք որ անոր որեւէ մասը չփախցնէ։ Մի՛ մոռնաք որ ամէն անգամ որ անհատի մը կանոնաւորաբար պարբերաթերթ կը տանիք, զայն վերայցելութիւն կրնաք հաշուել։ Մանաւանդ, յիշեցէք որ մեր նպատակակէտն է այս այցելութիւնները տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու վերածել։
9 Ձեր Ցանկին Մէջ Եղող Անհատները Կանոնաւորաբար Այցելեցէք. Կրնաք կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներու ձեր ցանկը ամբողջացնել ձեզի գործնական եղող որեւէ ժամանակ. շաբթուան մէջ առաւօտ մը, ուշ յետ միջօրէին, երեկոյեան կանուխ ժամերուն կամ շաբաթավերջին՝ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցելէ ետք։ Եթէ հիւանդութեան կամ արձակուրդի պատճառաւ չկարենաք ձեր կանոնաւոր այցելութիւնները ընել, ձեր ընտանիքին կամ ժողովքին անդամ եղող հրատարակիչէ մը խնդրեցէք պարբերաթերթերը իրենց տէրերուն հասցնել։ Այս կերպով, ձեր ցանկին մէջ եղողները պարբերաթերթերը ճիշդ ժամանակին պիտի ստանան։
10 Թագաւորութեան սերմը ցանելու կերպերէն մէկն է Դիտարան–ը ու Զարթի՛ր–ը կանոնաւորաբար տանիլ բոլոր պարբերաթերթ առնողներուն։ Մինչ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէք անոնց, անոնք կրնան Թագաւորութեան խօսքին իմաստը ըմբռնել եւ ի վերջոյ ձեզի հետ մէկտեղ Թագաւորութեան պտուղներ արտադրել։—Մատթ. 13։8, 23