Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/10 էջ 4
  • Հարցումի տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Քարտուղարին Եւ Ծառայութեան Տեսուչին Վերյիշեցում
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Ռահվիրայական Ծառայութեան Օրհնութիւնները
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Անոնք հաւատարմութեան օրինակ հանդիսացած են
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 11/10 էջ 4

Հարցումի տուփ

◼ Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ռահվիրաներուն աջակցիլ։

2009–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 800,000 եղբայրներ ու քոյրեր ծառայեցին որպէս կանոնաւոր ու մասնաւոր ռահվիրաներ։ Այս լիաժամ ծառաները իրենց ժամանակին, կորովին եւ նիւթական միջոցներուն երախայրիքը կը զոհեն, որպէսզի Թագաւորութեան բարի լուրը տարածեն (Առ. 3։9)։ Եհովա ո՜րքան կը հաճի անոնց ջանքերուն։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք Եհովայի հայեցակէտը արտացոլացնել եւ ծառայութեան այս մարզին մէջ անոնց ուրախութեան ու համբերատարութեան նպաստել։

Վստահաբար, մեր լաւ–ընտրուած բառերը կրնան զիրենք քաջալերել, որ շարունակեն ծառայել իբրեւ ռահվիրաներ (Առ. 25։11)։ Կրնա՞նք մեր շաբաթական յայտագիրը յարմարցնել, այնպէս մը որ կարենանք անոնց հետ ծառայութեան մասնակցիլ։ Երբ միասին կը քարոզենք, թերեւս թելադրենք որ մե՛ր ինքնաշարժը գործածենք։ Իսկ եթէ իրենց ինքնաշարժը ելլենք, կրնանք նուիրատուութիւն մը առաջարկել, անոնց ծախսերը ծածկելու համար (Ա. Կոր. 13։5. Փլպ. 2։4)։ Մեր սիրալիր աջակցութիւնը նաեւ ցոյց կու տանք՝ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելով եւ ատեն–ատեն ռահվիրաները ճաշի հրաւիրելով մեր տունը (Ա. Պետ. 4։8, 9)։

Սուրբ Գրութիւնները կ’երաշխաւորեն, թէ Եհովա պիտի հայթայթէ անհրաժեշտ եղող բաները անոնց՝ որոնք առա՛ջ կը խնդրեն իր Թագաւորութիւնը (Սաղ. 37։25. Մատ. 6։33)։ Կերպերէն մէկը՝ որով ան ասիկա կ’ընէ, մեր սիրալիր քրիստոնէական եղբայրութեան միջոցաւ է (Ա. Յովհ. 3։16-18)։ Անշուշտ ռահվիրաները չեն ակնկալեր, որ ուրիշներ իրենց նիւթական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։ Եւ անոնք կրնան նախաքայլը չառնել ուրիշներուն իմացնելու, թէ նիւթական նեղութեան մէջ են։ Սակայն կրնա՛նք հաւատարիմ ռահվիրաներուն գործնական կերպերով օգնել եւ ‘անոնց պակասութիւնը լեցնել’, արթուն ու նկատող ըլլալով (Բ. Կոր. 8։14, 15)։

Երբ առաջին դարու Կենքրայի ժողովքին մէկ նախանձախնդիր աւետարանիչը՝ Փիբէ՝ Հռոմ ճամբորդեց, Պօղոս Հռոմի եղբայրները քաջալերեց. ‘Զանիկա ընդունեցէք Տէրոջմով՝ ինչպէս սուրբերուն արժան է եւ անոր խնամք տարէք ի՛նչ բանի որ ձեր օգնութեանը կարօտի’ (Հռով. 16։1, 2)։ Պատեհութիւնը ունի՛նք նոյն սիրալիր աջակցութիւնը ցուցաբերելու մեր ժողովքի անդամներուն հանդէպ, որոնք առանց դադարի բարի լուրը կը ծանուցանեն որպէս կանոնաւոր ու մասնաւոր ռահվիրաներ (Գործք 5։42)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել