Անոնք հաւատարմութեան օրինակ հանդիսացած են
1 1937–ին՝ լիաժամ ծառայութեան նոր երեսակ մը սկսաւ,– մասնաւոր ռահվիրայութեան գործունէութիւնը։ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ փորձառութիւն ձեռք ձգած՝ ատակ տղամարդիկ ու կիներ, սիրայօժար նշանակումներ ընդունեցին, ծառայելու հո՛ն ուր կազմակերպութիւնը յարմար տեսաւ։ Այժմ, տասնամեակներ ետք, մասնաւոր ռահվիրաները կը շարունակեն հաւատարմութեան օրինակ հանդիսանալ, որ ընդօրինակութեան արժանի է։—Եբր. 6։12
2 Անոնք առաջնորդութիւնը առին. Սկիզբը, մասնաւոր ռահվիրաները քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առին, մարդոց դռներուն առջեւ դիւրատար ֆոնոկրաֆը գործածելով։ Անոնք նաեւ ձայնագրութիւններ գործածեցին, վերայցելութիւններու ընթացքին աստուածաշնչական զրոյցներ ունենալու համար։ Ասիկա տեղի ունեցաւ մեծ քաղաքներու մէջ, ուր արդէն ժողովքներ հաստատուած էին։ Հետագային, մասնաւոր ռահվիրաներ ղրկուեցան այն շրջանները, ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կար։ Անոնք ցուցաբերուած ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդեցին եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Անոնց լուրջ ջանքերուն շնորհիւ, հարիւրաւոր նոր ժողովքներ կազմուեցան։ Անոնց անխոնջ աւետարանչութիւնը կազմակերպութեան հսկայ ընդարձակման նպաստեց, որուն ականատես ենք։ (Եսայ. 60։22) Մասնաւոր ռահվիրաները կը շարունակեն բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզելու մէջ կարեւոր դեր մը խաղալ։—Կող. 1։23
3 Ընդօրինակուելու արժանի. Մասնաւոր ռահվիրաներէն ոմանք տասնամեակներէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ են։ Տարիներու ընթացքին, այս հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն հաւատքը զանազան պարագաներու ներքեւ զտուած է։ (Ա. Պետ. 1։6, 7) Անոնք յօժարած են հանգստաւէտ կենցաղ մը զոհել, մասնայատուկ կարիք ունեցող վայրերու մէջ ծառայելու համար։ Այժմ անոնցմէ ոմանք յառաջացած տարիք ունին եւ վատ առողջութենէ կը տառապին, կամ այլ դժուար պարագաներ կը դիմակալեն։ (Բ. Կորն. 4։16, 17) Այսուհանդերձ անոնք «ծերութեան ատեն ալ պտուղ [կու] տան»։ (Սաղմ. 92։14) Անոնք իրենց վստահութիւնը Եհովայի վրայ կը դնեն եւ իր օրհնութիւնը կը վայելեն։—Սաղմ. 34։8. Առ. 10։22
4 Մասնաւոր ռահվիրաները վստահաբար մեր ջերմ գովասանքին արժանի են։ Եթէ ժողովքիդ մէջ մասնաւոր ռահվիրաներ նշանակուած են, անոնց հետ ժամանակ անցընելու եւ անոնց փորձառութենէն օգտուելու պատեհութիւնը օգտագործէ։ Որպէս Թագաւորութիւնը հաւատարմաբար ծանուցանողներ անոնց մատուցած ծառայութիւնը գնահատէ։ Անոնց հաստատամտութեամբ զօրացի՛ր։ Անոնց հաւատքը ընդօրինակող բոլոր անհատներն ալ կրնան Եհովայի հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելել, քանի որ «հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են»։—Առ. 12։22