Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մարտին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է նաեւ յարմար որեւէ գրքոյկ գործածել։ Եթէ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ Յունիսին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։
◼ Մարտ 1–ին կամ անմիջապէս անկէ ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Ինչպէս ծանուցանուեցաւ Յունուար 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, Յիշատակատօնի առիթով այս տարուան հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի օրը՝ Ապրիլ 21–ին, ժողովքներուն մեծամասնութեան մէջ։ Դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Կամակոր Սերունդի մը մէջ Առանց Մեղադրանքի Մնանք»։ Մասնաւոր ջանք պէտք է թափուի զանոնք հրաւիրելու որոնք Ապրիլ 2–ին Յիշատակատօնին ներկայ եղան։
◼ Ժողովքները հիմա կրնան ապսպրել Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ խորագրով պատկերիզները (Հատորներ՝ Բ.–Զ.), որոնք Խուլերու Ամերիկեան Լեզուով են։
◼ Long Beach, California–ի առաջին նահանգային համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 9–11 Օգոստոս 1996–ին, փոխանակ 31 Մայիսէն 2 Յունիս։