ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ ՄԸ ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Երբեմն կը վարանի՞ք բաժին բերելու դաշտի ծառայութեան կարգ մը երեսակներուն մէջ քանի որ չէք գիտեր ի՛նչ պիտի ըսէք։ Եթէ այո, վստահ ենք որ պիտի գնահատէք առնուած մօտեցումը Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան մէջ։
2 Այս թիւէն սկսեալ, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը պիտի մատուցանէ թելադրութիւններու ա՛լ աւելի զանազանութիւն մը՝ Թագաւորութեան պատգամը ներկայացնելու համար, տունէ տուն ծառայութեան, վերայցելութիւններու կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Ասոնք պէտք է գրգռեն ձեր մտածելը թէ ի՛նչ արտայայտութիւններ կ’ուզէք ծառայութեան մէջ գործածել։ Երբ ծառայութեան համար կը նախապատրաստուիք, ներկայացում մը ընտրեցէք որ ձեր թաղամասին շատ յարմար է։ Ետքը, որոշեցէք թէ յօդուածին մէջ թելադրուած ոճը պիտի գործածէ՞ք կամ ոչ, կամ ոճը պիտի փոխէ՞ք տեղական պարագաներուն կամ ձեր անձնաւորութեան յարմարելու համար։ Ձեր ներկայացումը աւելի խօսակցական կ’ըլլալ եթէ արտայայտէք զայն բնականօրէն ձեր անհատական բառերով։ Կ’ուզէ՞ք ձեր ծառայութիւնը կերպով մը ընդլայնել, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով երեսակի մը մասնակցելով։ Մատուցուած մանրակրկիտ թելադրութիւնները կարելի է որ ձեզի ճիշդ պէտք եղածը ըլլան սկսելու համար։
3 Եթէ ժողովքի դաշտի ծառայութեան համար եղած ժողովներէն մէկը կը վարէք, պէտք է լաւ կերպով քաջածանօթ ըլլաք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան մէջ հրատարակուած տեղեկութիւններուն հետ։ Ձեր օրինակը լաւ կերպով ուսումնասիրեցէք, եւ ուշադրութեան յանձնեցէք այն թելադրութիւնները որոնք մեծ հաւանականութիւն ունին տեղականօրէն ազդեցիկ ըլլալու։
4 Բոլորս ալ կը վայելենք այն բաները զորս լաւ կերպով կը կատարենք։ Կը յուսանք որ այս գործնական մօտեցումը պիտի օգնէ թէ՛ նորեկ եւ թէ աւելի փորձառու հրատարակիչներուն որ իրենց Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ ազդեցիկ եւ ուրախ ըլլան։