ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դեկտեմբեր 30-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
20 վյրկ. «Բոլորին Իմացուցէք թէ Համաշխարհային Ապահովութիւնը Մօտ Է»։ Բացման հակիրճ մեկնաբանութիւններէ ետք, իւրաքանչիւր անցում նկատի առէք եւ անոր գործածութիւնը ցուցադրեցէք լաւ պատրաստուած հրատարակիչներու միջոցաւ, ինչպէս որ ժամանակը կը ներէ։ Եթէ գործնական է, լաւ պիտի ըլլայ որ պատանի մը Թիւ 2 Անցումը ցուցադրէ։ Թիւ 3 Անցումը թոյլ կու տայ հրատարակիչին որ առնուազն Սուրբ Գրային հետաքրքրական գաղափար մը ձգէ տանուտիրոջ մտքին մէջ։ Ջերմօրէն քաջալերեցէք եղբայրները որ գործածեն 4–րդ էջին մէջ գտնուած թելադրուած բացումներէն մէկը եւ այս անցումներէն մէկը։
Երգեցողութիւն 21 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 6-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 162
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
10 վյրկ. «Գործնական Մօտեցում մը Դաշտի Ծառայութեան Նախապատրաստուելու Համար»։ Հանդիսականներուն հետ յօդուածը նկատի առէք, եւ յետոյ հրաւիրեցէք նախապէս նշանակուած երեք կամ չորս հրատարակիչներ, մասնայատուկ մեկնաբանութիւններ ընելու այն կերպերուն մասին որոնցմով այս մօտեցումը կրնայ զիրենք օգտել։ Զոր օրինակ, անոնք կրնան խօսիլ ներկայացումներու այլազանութեան մասին, կերպերու մասին տեղեկութիւնները տեղական թաղամասին յարմարցնելու, դիւրաթեքութեան, կամ թէ այս մօտեցումը թոյլ կու տայ հրատարակիչներուն որ ընտրեն այն տեղեկութիւնները որ հանգիստ կը զգան զանոնք ներկայացնելով։
18 վյրկ. «Բացումներ՝ Տանուտէրները Մղելու որ Լսեն»։ Հակիրճօրէն նկատի առէք տեղական թաղամասի կազմութիւնը։ Տանուտէրները ո՞ր հարցերուն կարեւորութիւն կու տան։ Կեդրոնացէք այն բացումին ու ներկայացումին վրայ որոնք տեղականօրէն հաւանաբար կը յաջողին։ Թող որ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը այս ներկայացումը ցուցադրէ եւ Համաշխարհային Ապահովութիւն գիրքը մատուցանէ վերայցելութեան մը ատեն։ Հրատարակիչը պէտք է ներկայացումը ընէ ինչպէս որ յօդուածին մէջ ուրուագծուած է։ Ետքը, դպրոցական պատանի մը կրնայ նոյն ներկայացումը ցուցադրել ու եզրափակել պարբերաթերթեր մատուցանելով հետաքրքրուած անհատի մը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ փորձեն այս մեթոտը դաշտի ծառայութեան մէջ։
12 վյրկ. Բարեփոխուած Բժշկական Հաստատագիր։ Քարտուղարը կը բաժնէ նոր, բարեփոխուած Կանխաւ Բժշկական Ուղղիչ քարտերը ժողովքի մկրտուած անդամներուն եւ 15 Հոկտեմբեր 1991–ի նամակը ամբողջովին նկատի կ’առնէ, որ կը վերաբերի բժշկական քարտին հետ՝ մկրտուած հրատարակիչներուն համար, եւ Ինքնութեան Քարտին հետ՝ Վկայ ծնողներու չմկրտուած պզտիկ զաւակներուն համար։ Առ ի պատրաստութիւն, վերաքաղ ըրէք 1 Յունուար 1991–ի նամակը, տեղական կարիքներու համաձայն կապ ունեցող կէտեր գործածելու համար։ Շեշտեցէք թէ անոնք որոնք պիտի ստորագրեն որպէս վկաներ, պէտք է ականատես ըլլան մինչ հաստատագիրը կը ստորագրուի եւ յետոյ իրենք ստորագրեն։ Հանդիսականներուն հետ պատճառաբանեցէք թէ ինչո՛ւ պէտք է ուշադրութեամբ հետեւինք տրուած ուղղութիւններուն, այնպէս որ քարտերը մեծագոյն ազդեցութեամբ ծառայեն մեր պաշտպանութեան համար։
Երգեցողութիւն 34 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 13-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Պարփակեցէք հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։
15 վյրկ. Ռահվիրայութեան Ծառայութիւնը Ինծի՞ Համար Է։ Այս երկրին մէջ, բոլոր հրատարակիչներուն շուրջ 4 առ հարիւրը կանոնաւոր ռահվիրաներ են։ Բաղդատութեան համար տեղական թիւեր տուէք։ Աւելի անհատներ, մէջը ըլլալով այն պատանիները որոնք շուտով շրջանաւարտ պիտի ըլլան բարձրագոյն վարժարանէն, կրնա՞ն կարգադրութիւն ընել լիաժամ ծառայութեան համար։ Տեսակցեցէք երեք կանոնաւոր ռահվիրաներ, նախընտրաբար պատանի մը, տանտիկին մը, եւ գործէ քաշուած անհատ մը։ (Եթէ կանոնաւոր ռահվիրաներ չկան, կարելի է գործածել օժանդակ ռահվիրաներ կամ հրատարակիչներ որոնք ռավիրայութիւն ըրած են։) Եկամուտը նկատի առէք։ Կէս օր աշխատելու ի՞նչ տեսակ գործեր մատչելի են ձեր շրջանին մէջ։ Իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս իր ապրուստը կը ճարէ։ Ի՞նչ փոփոխութիւններ մտցուցած են ծախսելու սովորութեան մէջ։ Նկատի առէք յայտագիրը՝ պահանջուած ժամերը ձեռք ձգելու։ Անոնցմէ մէկը առողջապահական խնդիրներ ունի՞։ Ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ պարագան։ Ուրիշ ի՞նչ մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելած են։ Տեսակցութիւնները պէտք է դրական եւ քաջալերական ըլլան։ Ջերմօրէն կոչ ըրէք հանդիսականներուն որ անհատական պարագաները նկատի առնեն որոշելու համար թէ աւելի անհատներ կրնա՞ն լիաժամ ծառայութիւնը ստանձնել։
20 վյրկ. Միակ Ծնողներ Ինչպէ՛ս Կրնան Իրենց Զաւակներուն Օգնել։ Հակիրճ բացում մը որու կը յաջորդէ ցուցադրութիւն մը, ուր մայր մը եւ իր երկու աղջիկները դաշտի ծառայութեան կը պատրաստուին։ Ներկայիս կազմակերպութեան մէջ միակ ծնողով ընտանիքներ աւելի կան քան որեւէ ուրիշ ժամանակ։ Այն կերպը որով Տիմոթէոսի մայրն ու մեծ մայրը ճշմարտութիւնը տպաւորեցին իր մէջ, հետեւելիք ընտիր օրինակ մը կը հանդիսանայ բոլոր ծնողներուն։ (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15) Ցուցադրութիւն. Մայրը, պատանի աղջիկը, եւ աւելի պզտիկ աղջիկը խոհանոցի մէջ՝ սեղանի շուրջ նստած, ընթրիքը վերջացուցած։ Մայրը կ’ըսէ թէ նախքան ամանները լուան վերաքաղ պիտի ընեն իրենց ներկայացումները ծառայութեան համար եւ թէ ինք պիտի ըլլայ տանտիկինը։ Պզտիկ աղջիկը կ’ընտրէ բացում մը Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան 4–րդ էջէն եւ իր մօր կը ներկայացնէ զայն։ Մայրը ջերմօրէն կը գովէ զինք իր լաւ աշխատանքին համար եւ կը խնդրէ իրմէ որ կարդայ Ընկերութեան կողմէ թելադրուած համարը։ Պզտիկ աղջիկը շուտով կը բանայ Եսայեայ 9։6, 7–ն ու կը կարդայ զայն։ Յետոյ մայրը կը հարցնէ մեծ աղջկան թէ ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնէ գիրքը վերայցելութեան մը ատեն։ Աղջիկը կ’ընտրէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան առաջին էջէն անցում մը եւ իր մօր կը ներկայացնէ զայն։ Մայրը կը գովէ զինք եւ յետոյ երկու աղջիկներուն ալ կը քաջալերէ որ փորձ ընեն բացումն ու անցումը, այնպէս որ գիրքը ներկայացնեն դաշտի ծառայութեան մէջ։ Կ’ըսէ թէ իրենց աւելի երկար առիթ պիտի տայ փորձ ընելու ու յետոյ ամանները լուան։ Երէցը կ’եզրափակէ բաժինը ժողովքի բոլոր ընտանիքները քաջալերելով որ սիրալիր օժանդակութիւն հայթայթեն իրենց զաւակներուն։
Երգեցողութիւն 47 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 20-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 129
15 վյրկ. Երէց մը նկատի կ’առնէ տեղական ծանուցումները եւ տեղւոյն կարիքները։ Ժամանակին ներած չափով, ամենավերջին պարբերաթերթերէն այլազան խօսակցական կէտեր բացատրեցէք։ Ընտրեցէք կէտ մը որ յարմար կերպով կը գործածուի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան այս թիւին մէջ թելադրուած բացումներէն եւ անցումներէն մէկուն հետ։ Ետքը, թող որ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը լման ներկայացում մը ընէ գործածելով բացումն ու անցումը, պարբերաթերթեր մատուցանելով հետաքրքրուած անհատի մը՝ վերայցելութեան ընթացքին։ Նշեցէք թէ մարդիկ խօսակցութեան միջամուխ ընելով եւ թելադրուած ներկայացումները գործածելով, դժուար պիտի չ’ըլլայ հետաքրքրուած անհատները բնորոշել։
18 վյրկ. «Վերայցելելու Պատասխանատուութիւնը Ընդունեցէք»։ Հարց պատասխանով։ Ջերմօրէն բոլորը քաջալերեցէք որ լման կերպով բաժին բերեն վերայցելութիւններ ընելու մէջ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ներկայ ըլլան յառաջիկայ շաբաթ երբ Ծառայութեան Ժողովը պիտի բացատրէ ի՛նչ ըսել վերայցելութեան ատեն։
12 վյրկ. «Վիժում» նիւթը նկատի առնել Պատճառաբանել գրքէն, էջ 25-6 (Անգլ.), (էջ 27-9, Արբ.)։ Նիւթին մասին հակիրճ բացումէ մը ետք, ցոյց տալով թէ անիկա ինչպէս է լուրերուն մէջ այսօր եւ թէ միլիոնաւոր մարդոց կը մտահոգէ, ներկայացուցէք ցուցադրութիւն մը ուր քոյր մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ։ Աստուածաշունչի նոր աշակերտուհին կը տեղեկացնէ քրոջ իր խոր մտահոգութիւնը յղի ըլլալուն նկատմամբ։ Ան կը բացատրէ թէ որքա՜ն մտահոգ է, քանի որ ընտանիքի նիւթական վիճակը լաւ չէ։ Անոր աշխարհային ազգականները զինք կը քաջալերեն որ վիժումի ենթարկուի։ Քոյրը կ’առաջարկէ Պատճառաբանել գրքին դիմել եւ Սուրբ Գրութիւնները հետազօտել տեսնելու թէ Եհովան չծնած մանուկի մը կեանքին ի՛նչ արժէք կու տայ եւ թէ վիժումը պատշաճ կը սեպէ՞ կամ ոչ։ Անոնք նախ վիժումի սահմանումը նկատի կ’առնեն։ Յետոյ կը խօսակցին հարցումներուն, համարներուն, եւ ուրիշ մեկնաբանութիւններուն մասին, որոնք կը գտնուին էջ 25-6–ի մէջ (Անգլ.), (էջ 27-9, Արբ.)։ Քոյրը պէտք է աշակերտուհիին օգնէ որ պատճառաբանէ ու կեանքի սրբութիւնը գնահատէ։
Երգեցողութիւն 123 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 27-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ ծրագրեն հիմա՝ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին։ Քաջալերեցէք ընտանիքները, ինչպէս նաեւ պատանի հրատարակիչները որոնք արձակուրդ պիտի առնեն Մարտ կամ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, որ մտածեն թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ կրնան ընել որպէսզի աւելի մեծ բաժին բերեն դաշտի ծառայութեան գործունէութեան մէջ։
20 վյրկ. «Ի՞նչ Պիտի Ըսէք Երբ Վերադառնաք»։ Հանդիսականներուն հետ խօսակցութիւն եւ նախապատրաստուած հրատարակիչներ կը ցուցադրեն պարբերութիւններուն մէջ յիշուած թելադրութիւնները՝ երբ նկատի կ’առնուին։ Այս հակիրճ ցուցադրութիւնները պէտք է նախապէս փորձ եղած ըլլան։
15 վյրկ. «Ընկեր Քրիստոնեաներուն Դրամ Փոխ Տալը»։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, 15 Հոկտեմբեր 1991 Դիտարանի յօդուածին մասին, էջ 25-8։
Երգեցողութիւն 204 եւ փակման աղօթք։