ՎԵՐԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԷՔ
1 Կարգ մը մղիչ պատճառներ կան՝ կարելի եղածին չափ բաժին բերելու համար վերայցելութիւններ ընելու մէջ։ Կ’ուզենք լիովին կատարել այն գործը զոր մեզի տրուած է, ինչպէս որ Պօղոս կատարեց։ (Գործք 20։21, 24) Եթէ վերայցելենք բոլոր հետաքրքրուած անհատները, պիտի պահպանենք բարի խղճմտանք մը մինչ կը մաքառինք մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելու։—Բ. Տիմ. 4։5
2 Գիտութիւնը Մեզ Պատասխանատու կը Դարձնէ. Այն իրողութիւնը թէ կեանքեր վտանգի տակ են պէտք է մղէ մեզ որ փութաջան ըլլանք վերայցելութիւններ ընելու։ (Յովհ. 17։3) Եհովայի դատաստանէն մեր տեղեակ ըլլալը եւ Արմագեդոնին մօտալուտ ըլլալը, պէտք է մղեն մեզ ոչ թէ միայն ամբարիշտները ազդարարելու, այլ նաեւ՝ անոնց օգնելու որոնք ‘երկրին մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։ (Եզեկ. 9։4) Անոնք կարիքը ունին ընկերակցութեան բերուելու Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան հետ։
3 Մարդիկ օգնութեան կարիքը ունին որպէսզի ճշմարտութիւնը ճշգրտօրէն հասկնան։ (Գործք 8։30, 31. 18։26) Ասիկա մեզի համար ուրիշ պատճառ մըն է մեր պատասխանատուութիւնը ընդունելու որ վերադառնանք ու ճշմարտութեան ցանուած սերմերը ‘ջրենք’։ Որքա՞ն շատ հոգեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրած պիտի ըլլայինք եթէ մէկը կրկին անգամ չվերադառնար մեզի օգնելու որ ձեռք ձգենք Եհովայի ու Իր հոյակապ նպատակներու ճշգրիտ գիտութիւնը։—Մատթ. 7։12
4 Սէր ու Նախանձախնդրութիւն Ցուցաբերեցէք. Վերայցելելը ընտիր կերպ մըն է մարդոց հանդէպ մեր սէրը յայտնաբերելու։ Կոյր եղբայր մը, որ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, ըսաւ. «Մկրտութենէս ի վեր, փափաքս եղած է ուրիշներու պատմել ինչ որ սորված եմ Աստուածաշունչէն։ Ուրախ էի որ իմ տկարութիւնս արգելք չհանդիսացաւ ասիկա ընելու։ . . . Նաեւ սորվեցայ մտային արձանագրութիւն մը պահել իւրաքանչիւր տան մասին փողոցին մէջ, ու այս կերպով, կարող էի վերայցելել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուող անհատները»։ Այս կոյր եղբայրը կրնայ իսկապէս տեսնել իր սրտով, եւ ետ չի կենար վերայցելութիւններ ընելէ եւ ուրիշներու հանդէպ իր Քրիստոնէական սէրը արտայայտելէ։
5 Երբ կը վերայցելենք, յաճախ պատեհութիւնը ունինք Աստուածաշունչը լաւ կերպով գործածելու եւ մեր յոյսին մասին պատճառներ տալու։ (Ա. Պետ. 3։15) Ասիկա ոչ թէ միայն տանտիրոջ կ’օգնէ, այլ նաեւ՝ ճշմարտութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնն ու գնահատանքը կը հրահրէ։ Վերայցելութիւններ ընելը այնպիսի ուրախութիւն մը կը բերէ որ ուրիշ կերպով կարելի չէ ձեռք ձգել։ Եւ այդ ուրախութեան որակը պէտք չկայ որ նուազի։ Ան կարելի է որ յարատեւ թարմանայ մեր նախանձախնդրաբար վերայցելութիւններ ընելով։—Առակ. 10։22
6 Վերայցելութիւններ ընելու մեր պատասխանատուութիւնը լուրջի պէտք է առնենք։ Եհովայի ժողովուրդը ուրիշներէ չի խնայեր ինչ որ բարի է, եւ ասիկա կը տեսնուի մեր համաշխարհային գործունէութեամբ՝ 1991–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։ (Առակ. 3։27) 344,926,952 վերայցելութիւններ ըրինք եւ 3,947,261 Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւններ վարեցինք։ 300,945 նոր աշակերտներ կային որոնք Եհովայի նուիրուեցան ու մկրտուեցան։ Այս սքանչելի յաւելումը երբեք տեղի պիտի չունենար եթէ պատրաստակամ չըլլայինք վերայցելելու մեր պատասխանատուութիւնը ընդունելու։—Ա. Թես. 2։8