ԲՈԼՈՐԻՆ ԻՄԱՑՈՒՑԷՔ ԹԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ Է
1 Մօտ ատենէն, ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ը իսկական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պիտի հաստատէ համայն աշխարհի մէջ։ Մեր հաւատքը Աստուածաշունչի այս խոստումին վրայ, պէտք է մղէ մեզ զանիկա ուրիշներու հետ բաժնեկցելու։ (Եսայ. 9։6, 7. Միք. 4։3, 4) Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն ընթացքին, պիտի ներկայացնենք որեւէ 192 էջնոց գիրք, որ հրատարակուած է 1983–ին կամ անկէ առաջ։ Այն ժողովքները որոնք այս գրքերէն քանակ մը չունին, կրնան ներկայացնել Համաշխարհային Ապահովութիւնը՝ ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ին Իշխանութեան Ներքեւ գիրքը։
2 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան այս թիւին 4–րդ էջին մէջ, ներկայացուցած ենք կարգ մը բացումներ, զորս կրնաք գործածել ծառայութեան մէջ, Յունուար ամսուան ընթացքին։ Հետեւեալ պարբերութիւններուն մէջ երեք անցումներ թելադրուած են, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ, մեր վերայցելութիւններուն ընթացքին, տանտէրներու ուշադրութիւնը դարձնելու Համաշխարհային Ապահովութիւն գրքին։
3 Անցում Թիւ 1. Ձեր բացումէն ետք, 13–րդ էջը բացէք ու ըսէք. «Այս առաջին պարբերութեան մէջ, Աստուածաշունչէն Եսայեայ 9։6, 7–ը բառ առ բառ մէջբերուած է։ Թոյլ տուէք որ կարդամ զայն ձեզի»։ Յետոյ հարցուցէք. «Ո՞վ է ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ը»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ շարունակեցէք. «Այս գիրքը յստակօրէն կը բնորոշէ ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ը եւ կը բացատրէ թէ մեր օրերուն մէջ ինչպէ՛ս համաշխարհային խաղաղութիւնը պիտի բերէ երկրին։ Զանիկա կարդալու նկատմամբ հետաքրքրուա՞ծ էք, եւ կ’ուզէ՞ք աւելի սորվիլ խոստացեալ նոր աշխարհի մասին»։ Պատասխանին համաձայն, կրնաք որոշել թէ գիրքը պէ՞տք է ձգել անհատին հետ կամ ոչ։
4 Անցում Թիւ 2. Եսայեայ 9։6, 7–ը կարդալէ յետոյ, 4–րդ էջը բացէք եւ տանտիրոջ հարցուցէք. «Ի՞նչ խաղաղ վիճակներ կը տեսնէք այս լուսաբանութեան մէջ»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ շարունակեցէք ըսելով. «Խաղաղութիւն կայ թէ՛ մարդոց միջեւ եւ թէ անասուններու հետ։ Ոմանք թերեւս կը խորհին թէ մարդկային կառավարութիւնները պիտի բերեն այսպիսի խաղաղութիւն մը։ Բայց իսկական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչպէս որ գուշակուած են Աստուածաշունչին մէջ, պէտք է Աստուածակերտ ըլլան եւ ոչ թէ մարդակերտ։ Չէ՞ք համաձայնիր»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ կարդացէք 5–րդ էջի 4–րդ պարբերութիւնը եւ բացատրեցէք թէ այս գիրքը Թագաւորութեան եւ երկրի վրայ խաղաղութեան մասին եղած շատ մը հարցումներու կը պատասխանէ։ Եթէ տանտէրը հարազատօրէն հետաքրքրուած է Թագաւորութեան պատգամով եւ կ’ուզէ գիրքը կարդալ, անոր մատուցանեցէք զայն։
5 Անցում Թիւ 3. Այն շրջաններու մէջ, ուր մարդիկ ընդհատելու հակում ունին եւ թոյլ չեն տար ձեզի որ ձեր ներկայացումը ամբողջացնէք, կրնաք այս մօտեցումը գործածել. «Կրնա՞մ ձեզի հարցում մը ուղղել»։ Եթէ տանտէրը համաձայնի, շարունակեցէք. «Յիսուս ըսաւ՝ Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ, թէ իր հետեւորդները բոլոր ազգերէն եղող մարդիկ պիտի աշակերտէին։ Հարցումը այն է թէ ամբողջ աշխարհը պէ՞տք է կրօնափոխ եղած ըլլայ ինք իշխելէ առաջ որպէս ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ը։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ ըսէք. «Աստուածաշունչի պատասխանը այդ հարցումին կը գտնուի հոս՝ 21–րդ էջին մէջ»։ Յետոյ կարդացէք 21–րդ էջի 2–րդ պարբերութիւնը, եւ ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս այս գրքի մէջ մէջբերուած համարները կը պատասխանեն այդ հարցումին եւ շատ մը ուրիշ հարցումներու՝ համաշխարհային ապահովութեան ու ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ին մասին։
6 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան 4–րդ էջէն թերեւս ընտրած ըլլաք բացում մը, զոր կը հաւնիք։ Այս յօդուածի անցումները վերաքաղ ընելէ յետոյ, կարելի է որ գտնէք հատ մը զոր հաճոյքով գործածէք։ Ժամանակ յատկացուցէք ձեր բացումն ու անցումը փորձ ընելու, դաշտի ծառայութեան մասնակցելէ առաջ։ Ձեր նախապատրաստութիւնը եւ անձնական համոզումը թէ իսկական խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը պիտի գան ‘‘Խաղաղութեան Իշխան’’ին ու իր Թագաւորութեան միջոցաւ, պիտի զօրացնեն ձեր վստահութիւնն ու խանդավառութիւնը ներկայացնելու Համաշխարհային Ապահովութիւն գիրքը։