Ներատեսութեամբ Քարոզենք
1 Ներատեսութիւն ունենալը կը պահանջէ մեր քարոզած մարդոց մասին որոշ հասկացողութիւն ունենալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մարդոց սրտին հասնիլը կախեալ է Թագաւորութեան պատգամը անոնց կոչ ընող կերպով մը ներկայացնելու մեր կարողութենէն։ Յունուար ամսուան ընթացքին, ժողովքին ունեցած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքերը պիտի ներկայացնենք։ Այլապէս, հրատարակիչները Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է խորագրով գիրքը պիտի գործածեն։ Հետեւեալ թելադրութիւնները կրնան օգտակար ըլլալ։
2 Եթէ կ’ընտրես «Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է» խորագրով գիրքը ներկայացնել, կրնաս 4–րդ էջի պատկերին ակնարկել ու ըսել.
◼ «Այս պատկերով արուեստագէտ մը կը նկարագրէ ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին։ Ի՞նչ կը խորհիս որ կը պահանջուի քեզմէ ու ընտանիքէդ, որպէսզի դրախտային երկրի մը մէջ ապրիք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ իրական խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլայ ամբողջ երկրագունդին վրայ ու Դրախտը պիտի վերահաստատուի։ [Կարդա Սաղմոս 37։10, 11–ը։] Այս գիրքը ցոյց կու տայ ի՛նչ պէտք է ընես որպէսզի Աստուծոյ ընելիք բաներէն օգտուիս։ Կը փափաքիմ այս օրինակը քեզի տալ»։ Եթէ նպաստաւոր ընդառաջում կայ, կրնաս հակիրճօրէն նուիրատուութեան կարգադրութիւնը բացատրել։
3 Երբ կը գործածես «Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել» գիրքը, կրնաս ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Կը համաձայնի՞ս որ այժմու ընտանիքը նախկին սերունդներուն անծանօթ եղող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Քու կարծիքովդ, այս բանը ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ։ [Պատասխանին մտիկ ըրէ, ապա կարդա Բ. Տիմոթէոս 3։1–3–ը։] ‘Ծնողներու անհնազանդ’ եւ ‘անգութ’ արտայայտութիւնները ճշգրտօրէն կը նկարագրեն շատերու կեցուածքը ներկայիս։ Սակայն, այս խնդիրները գուշակող նոյն Աստուածը նաեւ խոհեմ առաջնորդութիւն տուած է մեզի, ընտանիքի անդամները միացնելու նկատմամբ»։ Կարդա «Հրատարակիչներ»ու խօսքը էջ 2–ի վրայ։ Գիրքը ձրիաբար ներկայացուր, ապա նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշէ։
4 «Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է» գիրքը ներկայացնելու ատեն, կրնաս հետեւեալ հարցումը ուղղելով տարբեր մօտեցում մը գործածել.
◼ «Այսօր շատ մարդիկ կը խորհին որ Աստուած երկրի վրայ ապրող մարդոցմով իրապէս հետաքրքրուած չէ եւ ներկայ խնդիրներուն նկատմամբ ոչինչ պիտի ընէ։ Արդեօք այդպէս կը մտածե՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Քեզի կարդամ ինչ որ այս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակ գիրքը կ’ըսէ մարդուն ու երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին։ [Կարդա էջ 43–ին մէջ առաջին պարբերութիւնը եւ 2–րդ պարբերութեան առաջին նախադասութիւնը։] Քեզ կը վստահեցնեմ որ լուրջ պատճառի մը համար Աստուած ներկայ խնդիրներուն կը հանդուրժէ։ Եթէ կը փափաքիս այդ պատճառը գիտնալ, կը խնդրեմ որ այս գիրքը կարդաս, որուն խորագիրն է՝ Իրական Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Կարելի՞ Է»։ Եթէ տանտէրը խոստանայ գիրքը կարդալ, զանիկա տուր եւ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշէ։
5 Եթէ կը փափաքիս հակիրճ ներկայացում մը ընել, «Համաշխարհային Ապահովութիւն՝ ‘Խաղաղութեան Իշխան’ին Ներքեւ» գիրքը գործածելով, կրնաս 4–րդ էջը բանալ ու հարցնել.
◼ «Երկրագունդին ի՞նչ պիտի պատահի։ Շատեր ասոր մասին հարց կու տան։ Կը խորհի՞ս որ երկիրը օր մը դրախտի պիտի վերածուի»։ Տանտիրոջ պատասխանին մտիկ ըրէ, ապա էջ 2–ի բացման խօսքերը կարդա։ Առաջարկէ գիրքը մատուցանել, եւ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը բացատրէ։
6 Լաւ ներատեսութիւնը մեզ կարող պիտի դարձնէ որ մեր հանդիպած մարդոց կարիքներն ու հետաքրքրութիւնները զատորոշենք։ Առակաց 16։23–ը ասոր մասին մեզ կը վստահեցնէ, ըսելով. «Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն [ներատեսութիւն (ՆԱ)] կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ»։