1996–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Ա.
1 ‘1996–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագր’ին հրահանգները կարդացա՞ծ էք։ Յայտագրին նոր երեսակը ի՞նչ է։ Եհովայի այժմու կազմակերպութեան հետաքրքրական պատմութիւնը հրահանգիչ ուղերձներուն նիւթը պիտի կազմէ։ Տարուան տեւողութեան, Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ խորագրով գրքէն 339 էջեր նկատի պիտի առնուին։ Քանի որ հրահանգիչ ուղերձէն ետք վերաքաղի հարցումներ պիտի չըլլան, ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի մեր ուսուցումին ուշադրութիւն ընծայենք եւ ա՛լ աւելի օգուտներ քաղենք։—Ա. Տիմ. 4։16
2 Թէեւ ոմանք արդէն Հրատարակողներ գիրքը կարդացած են, սակայն դպրոցի յայտագրին մէջ նշուած նիւթը նկատի առնելը պիտի օգնէ բոլորին որ աւելի լման կերպով իրենց աստուածպետական ժառանգութիւնը գնահատեն։ (Սաղմ. 71։17, 18) Իւրաքանչիւր շաբաթ ինչո՞ւ որոշ ժամանակ չտրամադրէք Հրատարակողներ գրքէն նշանակուած նիւթը վերաքաղ ընելու համար։
3 Կենսունակ եւ Հետաքրքրական Հրահանգիչ Ուղերձներ. Հրահանգիչ ուղերձները կենսունակ ու հետաքրքրական կերպով պէտք է ներկայացուին։ Թերեւս ծածկուելիք երկար նիւթ ըլլայ։ Սակայն, նպատակը պարզապէս նիւթը ծածկել պէտք չէ ըլլայ, այլ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, զանոնք գործածելով Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ յարգանք եւ որպէս Աստուծոյ ծառաներ մեր ունեցած առանձնաշնորհումներուն նկատմամբ գնահատանք խորացնելու համար։ Ժողովքին մեծապէս օգտակար եղածը ցցուն ըրէք։ Եթէ Դպրոցին ներկայ եղող իւրաքանչիւր ընտանիք իր հետ Հրատարակողներ գրքէն օրինակ մը բերէ, ընտանիքի անդամները կրնան հրահանգիչ ուղերձին սերտօրէն հետեւիլ ու գրքին լուսաբանութիւններէն եւ պատկերներէն օգտուիլ։
4 Ուրիշ փոփոխութիւններ նաեւ նկատեցի՞ք։ Թիւ 3 Դասախօսութիւնը, Յունուար ամիսէն մինչեւ Ապրիլ, Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին հիման վրայ պիտի ըլլայ, իսկ Մայիս ամիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր, նոր լոյս տեսած Գիտութիւն խորագրով գրքին հիման վրայ պիտի ըլլայ։ Թիւ 4 Դասախօսութիւնը Պատճառաբանել գրքին վրայ պիտի հիմնուի։
5 Աշակերտական Դասախօսութիւններ. Թիւ 3 Դասախօսութիւնը քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Երբ բաժինը Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկէն առնուած է, ցուցադրութիւնը դռնէ–դուռ կամ անպաշտօն վկայութիւն պէտք է ըլլայ։ Երբ Գիտութիւն գրքին վրայ հիմնուած է, բաժինը որպէս վերայցելութիւն մը կամ տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պէտք է ներկայացուի։ Ասիկա շատ օգտակար պիտի ըլլայ, որովհետեւ Գիտութիւն գիրքը տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար ընդարձակօրէն պիտի գործածուի։
6 Եթէ ցուցադրութիւնը տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մըն է, երկու քոյրերն ալ կրնան նստիլ։ Բացման հակիրճ մեկնաբանութիւններով ուղղակի ուսումնասիրութեան անցէք, ապա տպուած հարցումները հարցուցէք։ Տանտիրուհիի դերը իրապաշտօրէն պէտք է ցուցադրուի։ Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները կրնաք բանալ ու կարդալ։ Հարցումներ ուղղելով եւ գործածուած համարներուն մասին պատճառաբանելով, քոյրը սորվեցնելու արուեստը պէտք է կիրարկէ, տանտիրուհին մղելով որ իր գաղափարները արտայայտէ։
7 Ի՞նչ կարելի է ընել եթէ նշանակումին մէջ նշուած շատ համարներ կան։ Գլխաւոր կէտերը ցցուն ընող բանալի համարները ընտրեցէք։ Եթէ միայն մի քանի համարներ կան, կրնաք դասին գլխաւոր կէտերը աւելի ընդլայնել։ Երբեմն, կրնաք գրքէն պարբերութիւն մը կամ նախադասութիւն մը կարդալ, յետոյ տանտիրուհիին հետ զայն նկատի առնել։
8 Այն հրատարակիչը որու նշանակումը գլուխին վերջին պարբերութիւնը կը պարփակէ, կրնայ հակիրճօրէն վերաքաղ ընել «Ձեր Գիտութիւնը Փորձեցէք» խորագրով շրջագիծը, որ Գիտութիւն գրքին իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան կը գտնուի։ Ժամանակին ներած չափով, նաեւ կարելի է նշանակուած մասին մէջ տեղեկութիւններ բովանդակող շրջագծերը նկատի առնել։ Եթէ տեղեկութիւններ բովանդակող շրջագիծ մը երկու դասախօսութիւններու մէջտեղ իյնայ, առաջին դասախօսութիւնը ներկայացնող քոյրը կրնայ զանիկա նկատի առնել։ Գրքին պատկերներուն մասին կարելի է մեկնաբանել երբոր ներկայացուելիք նիւթին կը կիրարկուին։
9 Թիւ 4 Դասախօսութիւնը եղբօր մը կամ քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Անիկա Պատճառաբանել գրքին վրայ պիտի հիմնուի։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, ան նիւթը պէտք է ներկայացնէ որպէս ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, ան Թիւ 3 Դասախօսութեան առնչութեամբ վերոյիշեալ թելադրութիւններուն պէտք է հետեւի։
10 Եթէ դպրոցին հայթայթած մարզումը լման կերպով օգտագործենք, մենք աւելի ատակ պիտի ըլլանք ‘խօսքը քարոզել’ու այնպիսի կերպով մը որ ‘սորվեցնելու [ընտիր] արուեստը’ կ’ապացուցանէ։—Բ. Տիմ. 4։2, ՆԱ։