Ամենակարեւոր Գործունէութիւններու Համար Մեզ Զինող Դպրոց մը
1 Մարդիկ դպրոց կ’երթան ուսում ստանալու համար, որ իրենց պիտի օգնէ կեանքի մէջ իրենց նպատակակէտերուն հասնելու։ Սակայն, ի՞նչ նպատակակէտ կրնայ աւելի կարեւոր ըլլալ քան՝ Կենսատուն փառաբանելը եւ ուրիշներու օգնելը, որ իր նպատակներուն ու ճամբաներուն մասին սորվին։ Ոչինչ։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին նպատակն է մեզ պատրաստել որ մեր հաւատքը ուրիշներուն սորվեցնենք։ Ուստի, երբ ամէն շաբաթ դպրոց կը յաճախենք, հմտութիւններ ձեռք կը ձգենք, որոնք կը զինեն մեզ կեանքի ամենակարեւոր գործունէութիւններուն համար։
2 «2003–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ը ստացանք անցեալ ամսուան Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկով։ Յայտագիրը դպրոցը վարելու կերպին մասին մանրամասնութիւններ կը բովանդակէ։ Թերեւս գործնական է այս յայտագիրը պահել ձեր Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գրքին մէջ, որ ամէն շաբաթ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց պէտք է բերէք։ Նկատի առէք 2003–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին կարգ մը երեսակները։
3 Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յունուարէն սկսեալ, ժողովը պիտի սկսի հինգ վայրկեան տեւող դասախօսութեամբ մը, խօսակցութեան յատկութեան մը մասին, կամ՝ ընթերցանութեան, ուսումնասիրութեան կամ ուսուցման մէկ երեսակին մասին։ Դպրոցի տեսուչը այս բացման դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ, կամ՝ իր կողմէ նշանակուած որակելի երէց մը։ Դասախօսը կրնայ խօսակցութեան յատկութեան սահմանումին եւ անոր կարեւորութեան մասին խօսիլ։ Ապա նիւթը պէտք է ընդլայնէ, սուրբ գրային օրինակներ քննարկելով եւ ցոյց տալով այդ յատկութիւնը գործածելու կերպը, յատկապէս նշելով թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնայ մեր դաշտի ծառայութիւնը բարելաւել։
4 Թիւ 1 Նշանակում. Այն եղբայրներուն, որոնց հրահանգիչ ուղերձը կը նշանակուի, դարձեալ խրատ տրուած է որ «ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ»։ Ասիկա կը նշանակէ ժողովքին ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կրնան տուեալ տեղեկութիւնը գործածել։ Եթէ այս նշանակումը ստանաք, զայն պատրաստելու համար վերաքաղ ըրէք Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 48-49–րդ էջերը, եւ գրքին ցանկին մէջ «Գործնական կիրարկում» խորագրին ներքեւ ցոյց տրուած վերագրումները ուսումնասիրեցէք։
5 Աստուածաշունչի Ընթերցանութեան Յայտագիր. Եթէ անցեալին չկարողացաք Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան հետ քայլ պահել, ինչո՞ւ չվճռէք յայտագրին կառչիլ այս տարի։ Յայտագրին կառչողները տարուան վերջաւորութեան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները պիտի ամբողջացնեն։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններով Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագիր մը սկսելուն օգուտները նկատի առնուած են Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին մէջ, էջ 10, պարբերութիւն 4։
6 Աստուածաշունչի Ընթերցանութենէն Աչքառու Կէտեր. Այս բաժինը տասը վայրկեան է, որպէսզի ներկաները կարենան այդ շաբթուան ընթերցանութեան շուրջ իրենց մեկնաբանութիւնները տալ։ Նշանակուած անհատները յատկացուած ժամանակին պէտք է կառչին։ Ասիկա պիտի ներկայացուի ամէն շաբաթ, ի ներառեալ բերանացի վերաքաղի շաբաթը։ Մինչ նշանակուած գլուխները կը կարդաք, փնտռեցէք կէտեր որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի, ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ձեր ծառայութեան կամ ձեր ապրելակերպին մէջ։ Եհովայի ո՞ր յատկութիւնները ցուցաբերուած էին անհատներու եւ ազգերու հետ իր գործառնութեանց մէջ։ Ի՞նչ բան սորվեցաք որ ձեր հաւատքը զօրացուց եւ Եհովայի հանդէպ ձեր գնահատութիւնը աւելցուց։ Ազատ զգացէք խօսելու նշանակուած գլուխներէն առնուած որեւէ կէտի շուրջ, նոյնիսկ այն համարներուն մասին որոնք պիտի կարդացուին Թիւ 2 Նշանակումին մէջ, քանի որ աշակերտը համարներուն մասին մեկնաբանութիւններ պիտի չտայ։
7 Թիւ 2 Նշանակում. Ամէն շաբաթ աշակերտական առաջին նշանակումը հանրային ընթերցանութեան վարժութիւն մը պիտի ըլլայ։ Բացի իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ընթերցանութենէն, բոլոր նշանակումները հիմնուած պիտի ըլլան Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան վրայ։ Ամսուան վերջին ընթերցանութիւնը Դիտարան–էն պիտի առնուի։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պէտք է ընթերցէ, առանց բացում կամ եզրակացութիւն ընելու։ Այս կերպով, ան կրնայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր կարդալու հմտութիւններուն վրայ։—Ա. Տիմ. 4։13
8 Թիւ 3 եւ Թիւ 4 Նշանակումներ. Այս նշանակումներէն շատեր հիմնուած են Պատճառաբանել գրքին վրայ. իսկ ոմանք միայն բնաբան մը ունին։ Անոնք որոնք կը ստանան նշանակում մը, որուն աղբիւրը սահմանափակ տեղեկութիւններ կը պարունակէ, կամ՝ միայն բնաբան մը ունի, պատեհութիւնը պիտի ունենան իրենց ներկայացումը զարգացնելու մեր քրիստոնէական գրականութիւնները պրպտելով։ Ասիկա կրնայ քոյրերուն դիւրացնել որ իրենց նիւթը իրենց օգնականներուն յարմարցնեն։
9 Մատուցման Կերպ. Ինչպէս Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 45–րդ էջը ցոյց կու տայ, դպրոցի տեսուչը կրնայ մատուցման կերպ մը նշանակել։ Եթէ ասիկա չընէ, այն ատեն քոյրերը կրնան մատուցման կերպ մը ընտրել էջ 82–ի վրայ գտնուած ցանկէն։ Եթէ քոյր մը ամէն երկու ամիսը անգամ մը նիւթ մը ներկայացնէ, մատուցման 30 կերպերը հինգ տարի բաւական այլազանութիւն կը հայթայթեն։ Քոյրեր որոնք Թիւ 30–ը կ’ընտրեն, այսինքն՝ «Ձեր շրջանին յարմար եղող այլ մատուցման կերպ մը», մատուցման կերպը պէտք է գրեն իրենց նշանակումի թերթիկին (S-89) վարը կամ ետեւը։ Դպրոցի տեսուչը աշակերտուհիին դասախօսութեան թուականը պիտի գրէ անոր գրքին 82–րդ էջին վրայ, անոր գործածած մատուցման կերպին քովը։ Ան ասիկա կրնայ ընել, երբ աշակերտուհիին խրատի թղթիկին վրայ նշումներ կ’ընէ։
10 Խրատի Թղթիկը. Ձեր խրատի թղթիկը ձեր գրքին մէկ մասն է։ Զայն կը գտնէք էջ 79-81–ի վրայ։ Ուստի, ձեր գիրքը դպրոցի տեսուչին պէտք է յանձնէք դասախօսութիւն մը ներկայացնելէ յետոյ։ Դպրոցի տեսուչը արձանագրութիւն մը պէտք է պահէ թէ աշակերտները ո՛ր խրատական կէտերուն վրայ պիտի աշխատին։
11 Բերանացի Վերաքաղ. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի վերաքաղը բերանացի կերպով պիտի ըլլայ։ Անիկա տեղի պիտի ունենայ երկու ամիսը անգամ մը եւ 30 վայրկեան պիտի տեւէ։ Վերաքաղի ընթացքին նկատի առնուելիք հարցումները պիտի շարունակուին լոյս տեսնել Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Եթէ բերանացի վերաքաղի շաբաթը զուգադիպի շրջանային համաժողովին կամ շրջանային տեսուչի այցելութեան հետ, այն ատեն յաջորդ շաբթուան դասախօսութիւնները մէկ շաբաթ առաջ պէտք է ներկայացուին, իսկ բերանացի վերաքաղը յաջորդ շաբթուան պէտք է յետաձգուի։
12 Յաւելեալ Դասարաններ. Եթէ դպրոցին մէջ 50–է աւելի աշակերտներ կան, երէցները կրնան յաւելեալ դասարաններ կազմելը նկատի առնել։ «Այս կարգադրութիւնը կրնայ գործածուիլ աշակերտական բոլոր ներկայացումներուն կամ միայն վերջին երկուքին համար»։ (Ծառայութեան Դպրոց, էջ 285) Երկրորդ թելադրութիւնը տրուած է ի մտի ունենալով այն ժողովքները, ուր շատ քոյրեր կան, բայց՝ քիչ եղբայրներ, որոնք ընթերցանութեան նշանակումին հոգ կը տանին։ Երէցները որակելի եղբայրներ պէտք է ընտրեն այս դասարանները վարելու համար։
13 Օժանդակ Խրատատու. Ինչպէս Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագրին մէջ նշուած էր, երէցներու մարմինը օժանդակ խրատատու մը պէտք է նշանակէ, որպէսզի առանձին խրատներ տայ այն երէցներուն ու օգնական ծառաներուն, որոնք հրահանգիչ ուղերձներ եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր կը ներկայացնեն։ Նշանակուած եղբայրը փորձառու պէտք է ըլլայ, մէկը՝ որուն խրատը պիտի յարգուի միւս երէցներուն կողմէ։ Իր խրատը շինիչ պէտք է ըլլայ, գովելով լաւ խօսելակերպն ու ուսուցանելու հմտութիւնները, եւ բարելաւման համար մէկ կամ երկու կէտեր յանձնարարելով։ Հարկ չկայ իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք խրատ ներկայացնել եղբօր մը, որ յաճախ դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ։ Սակայն, խրատատու եղբայրը պէտք է գիտակցի թէ նոյնիսկ այն եղբայրներուն, որոնք ներկայիս հանրային դասախօսութիւններ կու տան, կարելի է օգնութիւն տալ որ աւելի յառաջդիմեն։—Ա. Տիմ. 4։15
14 Ի՛նչ Բանի Ուշադրութիւն Ընծայել. Ի՞նչ բան խրատատուի մը կրնայ օգնել ներկայացում մը վերլուծելու։ Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին թուագրուած 53 գլուխներուն մեծամասնութեան մէջ, երրորդ շրջագիծը հակիրճ ամփոփում մը կը պարունակէ, թէ ի՛նչ բանի ուշադրութիւն պէտք է ընծայել։ Դպրոցի տեսուչը նաեւ պէտք է նկատի առնէ գրքին մէջ նշուած այլ վերյիշեցումները կամ թելադրութիւնները, որոնք իրեն պիտի օգնեն որ շուտով արժեւորէ ներկայացման մը միահամուռ զարգացումն ու ազդու ըլլալը։ Օրինակ, նկատի առէք էջ 55–ի վերը յիշուած հարցումները, եւ էջ 163–ի վերջին պարբերութեան մէջ յիշուած գաղափարները։
15 Բաց Տեղերը Լեցնել. Իր լայն լուսանցքներու կողքին, Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքը բաց տեղեր ունի, որպէսզի ձեր անձնական ուսումնասիրութեան կամ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին ընթացքին նոթեր առնէք։ (Տես՝ էջ 77, 92, 165, 243, 246 եւ 250։) Ամէն շաբաթ ձեր դասագիրքը բերէք։ Բացման դասախօսութեան ընթացքին ձեր գրքէն հետեւեցէք։ Զայն բաց ձգեցէք դպրոցին մնացեալ բաժիններուն համար։ Դպրոցի տեսուչին տուած թելադրութիւնները նոթի առէք։ Ուշադրութիւն ընծայեցէք դասախօսներուն գործածած ուսուցանելու մեթոտներուն, հարցումներուն, օրինակներուն, փոխաբերութիւններուն, օժանդակ պիտոյքներուն եւ հակադրութիւններուն։ Իմաստալից նոթեր առնելով, պիտի կարենաք մտաբերել ու գործածել դպրոցէն ձեր քաղած բազմաթիւ ճոխ կէտերը։
16 Յիսուս Քրիստոս գիտէր թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը մեծագոյն առանձնաշնորհումն է, որ կրնայ մէկու մը տրուիլ։ Անիկա իր գլխաւոր յանձնարարութիւնն էր։ (Մար. 1։38) Ան ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկ. 4։44) Որպէս իրեն հետեւելու հրաւէրը ընդունողներ, մենք ալ լիովին զբաղած ենք բարի լուրը քարոզելով, եւ միշտ կը ջանանք բարելաւել մեր «օրհնութեան պատարագ»ին որակը։ (Եբր. 13։15) Այդ նպատակով, վճռենք կանոնաւորապէս մասնակցութիւն բերել Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, դպրոց մը՝ որ մեզի պիտի օգնէ պատրաստուելու կեանքի ամենակարեւոր գործունէութիւններուն համար։