Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը Ի՛նչպէս կ’Օգտէ Մեզի
1 Եհովայի ժողովուրդը աստուածպետական կրթութիւն ստանալու անզուգական առանձնաշնորհումը ունի։ (Եսայ. 54։13. Յովհ. 6։45) Սակայն անկէ օգտուելու տարողութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է թափուած ջանքէն։ Կը զատորոշե՞ս Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին ունեցած դրական ազդեցութիւնները հոգեւորականութեանդ վրայ։
2 Գնահատանքի Խօսքեր. Բազմաթիւ դպրոցի տեսուչներ նկատած են թէ խօսակցութեան յատկութիւններու խոր ուսումնասիրութիւնը բարելաւած է իրենց ժողովքներուն ազդուութիւնը դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ասկէ զատ, դպրոցի տեսուչ մը կը նշէ թէ քանի որ ներկաները կրնան Աստուածաշունչի աչքառու կէտերուն մասնակցիլ, աւելի շատ անհատներ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին կը հետեւին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Թիւ 2 Նշանակումին, եղբայրներէն շատեր կ’ըսեն թէ օգտուած են համարներու ընթերցանութեան վրայ կեդրոնանալով, առանց բացում եւ եզրափակութիւն պատրաստելու։ Անոնք ա՛լ աւելի կը ջանան իրենց ընթերցելու հմտութիւնները բարելաւել։—Ա. Տիմ. 4։13
3 Բոլորս Կրնանք Օգտուիլ. Ժողովներուն մեկնաբանելը կրնայ ուրախութիւն պատճառել։ (Առ. 15։23) Բերանացի վերաքաղին հարցումները նախապէս ունենալով, կրնանք վերաքաղին համար նախապատրաստուիլ ու մասնակցիլ։ Ասկէ զատ, Դիտարան 1 Յունուար 2004 թիւէն սկսեալ, Աստուածաշունչի գիրքերէն աչքառու կէտեր կը ներկայացուին, քայլ պահելով Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի ընթերցանութեան յայտագրին հետ։ Այս յօդուածները շատերու օգնած են որ շինիչ մեկնաբանութիւններ ընեն։
4 Իւրաքանչիւր աշակերտ նշանակումներ պատրաստելու եւ ներկայացնելու մասնայատուկ առանձնաշնորհումը ունի։ Բոլորս կրնանք դպրոցի տեսուչին դրական մեկնաբանութիւններէն օգտուիլ։ Աշակերտ մը յաւելեալ օգուտ կը քաղէ, երբ ժողովէն ետք տեսուչը առանձին իրեն խրատ տայ։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գիրքին հայթայթած վարժութիւնները նաեւ օգուտներ կը բերեն։
5 Երբ դպրոցի ընթացքին կամ ժողովէն ետք ուշադրութեանդ յանձնուին գործնական ու աստուածաշնչական կէտեր, զանոնք նոթագրէ Ծառայութեան Դպրոց–ի դասագիրքիդ մէջ։ Սորվածիդ մասին խորհրդածէ եւ նկատի առ թէ աստուածային կրթութեան այս երեսակը ի՛նչպէս կը բարելաւէ հոգեւորականութիւնդ։