Առաջնորդութիւն Առնող Տեսուչներ—Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Տեսուչը
1 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը խօսելու եւ սորվեցնելու մէջ ծանր աշխատող երէց մըն է, որ մեր յարգանքին ու համագործակցութեան արժանի է։ (Ա. Տիմ. 5։17) Ի՞նչ են իր պատասխանատուութիւնները։
2 Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի գրադարանին հոգատարութիւնը իր վրայ է։ Ան անկեղծօրէն կը քաջալերէ բոլոր որակելի եղողները որ դպրոցին մէջ ելոյթ ունենան։ Ան ուշադիր կ’ըլլայ որ ճշգրիտ արձանագրութիւն մը պահուի, որպէսզի նշանակումները կարգապահութեամբ ըլլան, դպրոցի ելոյթէն առնուազն երեք շաբաթ առաջ։ Ան ժողովքը պէտք է լաւ ճանչնայ, ի մտի ունենալով իւրաքանչիւր աշակերտ ու անոր կարողութիւնները։ Թէեւ ուրիշ եղբայր մը կրնայ անոր աջակցիլ դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու մէջ, սակայն բաժինները պատշաճ կերպով նշանակելը տեսուչին անհատական հսկողութեան կը կարօտի։
3 Դպրոցին մէջ ազդու կերպով սորվեցնելու համար, տեսուչը ամէն շաբաթ ժրաջանօրէն պէտք է պատրաստուի, նշանակուած նիւթերը լման կերպով ուսումնասիրելով։ Այսպէս ընելով ան կարող կ’ըլլայ յայտագրին հանդէպ ժողովքը խանդավառ պահել, վստահ ըլլալ թէ նշանակուած նիւթը ճշգրիտ կերպով կը ներկայացուի եւ գրաւոր վերաքաղներու մէջ պարփակուելիք կարեւոր կէտերը ուշագրաւ դարձնել։
4 Աշակերտական իւրաքանչիւր բաժինէն ետք, տեսուչը աշակերտը պիտի գովէ ու անոր բացատրէ թէ խօսակցութեան որոշ յատկութիւն մը ինչո՛ւ լաւ է կամ ինչո՛ւ բարելաւուելու կարիքը ունի։ Եթէ անհատ մը դպրոցի իր նշանակումները պատրաստելու համար յաւելեալ օգնութեան կարիքը ունի, տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը կրնայ անհատական օգնութիւն տալ։
5 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչին կամ անոր ուղղութեան ներքեւ ծառայող ուրիշ խրատատուներու ծանր աշխատանքէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է դպրոցի ելոյթներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք։ Նաեւ պէտք է մեր բոլոր նշանակումները կատարենք եւ մեզի եւ ուրիշ աշակերտներու տրուած խրատը կիրարկենք։ Այս կերպով, աստիճանաբար պիտի բարելաւենք Թագաւորութեան պատգամը հանրապէս ու տունէ–տուն ներկայացնելու մեր կարողութիւնը։—Գործք 20։20, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։13, 15