Ուղեգծեր՝ Դպրոցի Տեսուչներուն
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ժողովքի մէջ, երէց մը նշանակուած է որպէս Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչ։ Եթէ այս պատասխանատուութիւնը ձեզի վստահուած է, դպրոցին հանդէպ ձեր խանդավառութիւնը եւ իւրաքանչիւր աշակերտի յառաջդիմութեան հանդէպ ձեր անձնական հետաքրքրութիւնը, դպրոցի յաջողութեան նպաստող յատկանշական ազդակներ կրնան ըլլալ։
Ամէն շաբաթ ձեր ժողովքի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը վարելը ձեր նշանակումին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ։ Ի մտի ունեցէք որ նշանակուած աշակերտներէն զատ ուրիշներ ալ ներկայ են։ Դպրոցը այնպիսի կերպով մը վարեցէք, որ ամբողջ ժողովքը մղիչ ու գործնական վերյիշեցումներ ստանայ դպրոցի նպատակներէն առնուազն մէկ հատին մասին, որոնք յիշուած են այս դասագրքին 5-8–րդ էջերուն մէջ։
Բոլոր աշակերտներով հետաքրքրուեցէք, ըլլան անոնք ընթերցանութեան նշանակումներ ունեցողներ, ցուցադրութեան կերպով ելոյթ ունեցողներ, թէ դասախօսութիւն տուողներ։ Անոնց օգնեցէք որ իրենց ըրածը ո՛չ թէ որպէս նշանակում նկատեն, այլ՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջդիմելու պատեհութիւն մը։ Անշուշտ, իրենց յառաջդիմութիւնը գլխաւորաբար անձնապէս իրենց թափած ջանքէն կախեալ է։ Բայց կարեւոր է նաեւ որ իրենց հանդէպ ազնիւ հետաքրքրութիւն ցոյց տաք, օգնէք որ խրատական կէտերուն արժէքը հասկնան, եւ բացատրէք թէ այդ խրատները ի՛նչպէս կրնան կիրարկել։ Ասիկա իրագործելու համար, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք իւրաքանչիւր բաժին, որպէսզի կարենաք արժէքաւոր դիտողութիւններ ընել։
Հոգ տարէք որ դպրոցը ժամանակին սկսի ու վերջանայ։ Անձնապէս լաւ օրինակ հանդիսացէք, ձեր մեկնաբանութիւնները սահմանափակելով անոնց համար յատկացուած ժամանակին մէջ։ Եթէ աշակերտի մը բաժինը ժամանակէն աւելի առնէ, պէտք է ազդանշան մը տաք դուք՝ կամ օգնական մը։ Աշակերտը պէտք է աւարտէ իր նախադասութիւնը եւ բեմէն իջնէ։ Եթէ յայտագրին ուրիշ մէկ մասը ժամանակէն աւելի առնէ, ձեր անձնական մեկնաբանութիւնները կրճատեցէք, եւ ժողովէն ետք եղբօր հետ այս հարցին մասին խօսեցէք։
Երբ ներկայ էք, դուք պէտք է վարէք դպրոցը։ Եթէ պատահի որ պիտի չկարենաք ներկայ գտնուիլ, երէցներու մարմինին կողմէ նախապէս որոշուած ուրիշ երէց մը պէտք է հոգ տանի դպրոցին։ Եթէ յայտագիրը պատրաստելու, նշանակումի թղթիկները գրելու ու բաշխելու, կամ յայտագրին վրայ փոխարինողներու կարգադրութիւն ընելու համար օգնութեան կարիք ունենաք, երէցներու մարմինին կողմէ նշանակուած օգնական ծառայ մը այս բաներուն մէջ կրնայ ձեռք տալ ձեզի։
Աշակերտներուն Արձանագրութիւնը։ Քաջալերեցէք որ բոլոր հրատարակիչները դպրոց արձանագրուին։ Ուրիշներ՝ որ կանոնաւորաբար կ’ընկերակցին ժողովքին, կրնան արձանագրուիլ, եթէ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ համաձայն են, եւ իրենց կեանքը քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ է։ Երբ անհատ մը դպրոցին մէջ ելոյթ ունենալու փափաք արտայայտէ, ջերմօրէն գովեցէք զինք։ Եթէ անհատը տակաւին հրատարակիչ մը չէ, որպէս դպրոցի տեսուչ, անոր հետ պէտք է խօսիք դպրոցին մէջ արձանագրուելու պահանջներուն մասին, նախընտրաբար՝ անոր հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վարող անհատին ներկայութեան (կամ հաւատացեալ ծնողի մը ներկայութեան)։ Այս պահանջները չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու պայմաններուն նման են, որ կը գտնուին Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 97-99–րդ էջերուն վրայ։ Այժմէական ցանկ մը պահեցէք թէ որո՛նք դպրոցին մէջ արձանագրուած են։
Խրատի Թղթիկին Գործածութիւնը։ Իւրաքանչիւր աշակերտի խրատի թղթիկը կը գտնուի իր անձնական դասագրքին 79-81–րդ էջերուն վրայ։ Ինչպէս նշուած է գոյներու այլազանութեամբ, երբ աշակերտ մը ընթերցանութեան նշանակում մը ունի, 1-17–րդ խրատական կէտերէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ։ Ցուցադրութեան կերպով տրուելիք ներկայացումներուն համար որեւէ խրատական կէտ կրնայ գործածուիլ, բացի 7, 52 եւ 53–րդ կէտերէն։ Դասախօսութիւններուն համար խրատները կը պարփակեն բոլոր կէտերը, բացի 7, 18 եւ 30–րդ կէտերէն։
Երբ խրատական կէտ մը նշանակուի, դպրոցի տեսուչը պէտք է ուշադիր ըլլայ որ աշակերտին գրքին մէջի խրատի թղթիկին վրայ այդ խրատէն ետք հայթայթուած բացութեան մէջ, «Նշանակուած Թուական»ին ներքեւ անիկա մատիտով նշուի։ Աշակերտը իր նշանակումը կատարելէն ետք, առանձնաբար հարցուցէք թէ այդ խրատական կէտին քննարկման վերջաւորութեան տրուած վարժութիւնը/վարժութիւնները ըրաւ թէ ոչ։ Եթէ ըրած է, ստուգման նշան մը պէտք է դրուի թղթիկին վրայի տուփիկին մէջ։ Եթէ յանձնարարէք որ ան խրատական նոյն կէտին վրայ աշխատի, խրատի թղթիկին վրայ յաւելեալ նոթ ընելու կարիք չ’ըլլար. պարզապէս՝ «Աւարտած Թուական»ին տեղը բան մը մի՛ գրէք։ Անիկա պէտք է նշուի միայն, երբ ինք պատրաստ է ուրիշ կէտի մը անցնելու։ Ասկէ զատ, աշակերտի գրքին 82–րդ էջին վրայ, գործածուած մատուցման կերպին ձախ կողմը, թուականը պէտք է դրուի աշակերտական իւրաքանչիւր բաժինէն ետք։ Խրատի թղթիկին եւ մատուցման կերպերու ցանկին վրայ բացութիւն մը ձգուած է, կարելիութիւն տալով որ իւրաքանչիւրը երկու անգամ գործածուի։ Յայտագրի ընթացքին, աշակերտները իրենց գիրքը իրենց հետ պէտք է ունենան։
Ամէն անգամ՝ խօսակցական խրատի կէտերէն միայն մէկ հատ նշանակեցէք։ Սովորաբար, նախընտրելի է խրատական կէտերուն տրուած շարքաւորումը պահել։ Բայց եթէ կարգ մը աշակերտներ ուշագրաւ կարողութիւն ցոյց տան, կրնաք զիրենք քաջալերել որ որոշ ուսումնասիրութիւններ իրենք իրենց սերտեն եւ կիրարկեն։ Անկէ ետք կրնաք իրենց օգնել այն կէտերուն առնչութեամբ, որոնք կը խորհիք որ աւելի օգտակար պիտի ըլլան ատակ դասախօսներ եւ ուսուցանողներ ըլլալու իրենց զարգացման։
Նոյնիսկ երբ աշակերտ մը տարիներէ ի վեր դպրոցին մէջ բաժին կը բերէ, իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւնը սերտելով եւ զայն կիրարկելով մեծապէս կրնայ օգտուիլ։ Մասնայատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն օգնելու համար, կրնաք խօսակցութեան որոշ յատկութիւններ ընտրել, որպէսզի անոնց վրայ աշխատին, փոխանակ խրատի թղթիկին շարքաւորման հետեւելու։
Խրատ Տալ։ Երբ խրատ կու տաք, լաւ կերպով գործածեցէք Աստուածաշունչի օրինակներն ու սկզբունքները։ Աշակերտները պէտք է զգան որ տրուած խրատը եւ անոր մատուցման կերպը Աստուծոյ Խօսքին վեհ սկզբունքներով առաջնորդուած են։
Միշտ յիշեցէք որ ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն «գործակից» մըն էք։ (Բ. Կորն. 1։23) Անոնց նման, դո՛ւք ալ պէտք է ջանք թափէք, որպէս դասախօս եւ ուսուցանող դուք ձեզ բարելաւելու համար։ Անձնապէս սերտեցէք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գիրքը, անոր խրատները կիրարկեցէք, եւ լաւ օրինակ հանդիսացէք, որպէսզի ուրիշներն ալ նոյնը ընեն։
Մինչ ասիկա կ’ընէք, ձեր նպատակակէտը թող ըլլայ աշակերտներուն օգնել որ լաւ ընթերցողներ, կարող դասախօսներ, եւ ատակ ուսուցանողներ ըլլան։ Ասիկա իրագործելու համար, ջանացէք պէտք եղած օգնութիւնը մատուցանել, որպէսզի աշակերտները հասկնան թէ ի՛նչ են խօսակցութեան յատկութիւնները, անոնք ինչո՛ւ կարեւոր են, եւ ի՛նչպէս կարելի է մշակել զանոնք։ Այս դասագիրքը այնպիսի կերպով մը պատրաստուած է, որ ձեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։ Սակայն, յաճախ գրքին խօսքերը պարզապէս կարդալէն աւելին պահանջուած է ձեզմէ։ Այդ խօսքերուն ետին գտնուող գաղափարը քննարկեցէք եւ զայն ի՛նչպէս կիրարկելու մասին բացատրութիւն տուէք։
Եթէ աշակերտ մը որոշ կէտ մը լաւ կերպով կիրարկէ՝ գովեցէք զինք։ Հակիրճօրէն ըսէք թէ ի՛նչ բանը զայն ազդու դարձուց, կամ՝ ինչո՛ւ իր ըրածը կարեւոր է։ Եթէ որոշ հարցի մը աւելի ուշադրութիւն ընծայելով պիտի օգտուի, վստահ եղէք որ ասոր պատճառը հասկնայ։ Խօսեցէք թէ ի՛նչպէս կրնայ իրագործել զայն։ Ուղղակիօրէն ձեռք առէք կէտը, բայց միեւնոյն ատեն՝ ազնիւ եղէք։
Պէտք է գիտակցիք թէ ոմանց համար շատ դժուար է խումբ մը մարդոց դիմաց ելոյթ մը ունենալ։ Եթէ անհատ մը զգայ որ իր ելոյթը յաջող չէր, թերեւս հարկը չտեսնէ յաւելեալ փորձեր ընելու։ Յիսուսը ընդօրինակեցէք, որ «ջախջախուած եղէգը» չփշրեց ու «պլպլած պատրոյգը» չմարեց։ (Մատթ. 12։20) Աշակերտին զգացական վիճակը հաշուի առէք։ Երբ խրատ կու տաք, նկատի առէք թէ աշակերտը յարաբերաբար նո՞ր է, թէ փորձառու հրատարակիչ մըն է։ Ջերմ եւ անկեղծ գովասանքը կրնայ քաջալերել անհատները որ շարունակեն իրենց լաւագոյնը ընել։
Իւրաքանչիւր աշակերտի հետ յարգալից կերպով վարուեցէք։ Հռովմայեցիս 12։10–ն կ’ըսէ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ Ի՜նչ տեղին խրատ մը Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի խրատատուի մը համար։ Եթէ աշակերտը տարիքով ձեզմէ մեծ է, հոգածութեամբ կիրարկեցէք Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2–ի տուած խրատը։ Սակայն անհատին տարիքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, երբ զինք ճշդելու համար տրուած խրատը ազնիւ կերպով մատուցուի, անիկա յաճախ աւելի դիւրաւ կ’ընկալուի։—Առ. 25։11
Երբ կը խրատէք, աշակերտին ուշադրութեան յանձնեցէք մարզումի նպատակը։ Այդ նպատակը՝ պարզապէս բաւականին լաւ ընելով գովասանք ստանալ եւ խրատական յաջորդ կէտին անցնիլ չէ։ Անոր նպատակակէտը ուրիշներու հիացմունքին արժանի դասախօս մը եւ ուսուցիչ մը ըլլալ չէ։ (Առ. 25։27) Մեր փափաքն է մեր խօսելու պարգեւը գործածել Եհովան գովաբանելու ու ուրիշներուն օգնելու համար, որ զինք ճանչնան ու սիրեն։ Մեր մարզումը մեզ պիտի զինէ որ Մատթէոս 24։14 եւ 28։19, 20–ի մէջ ուրուագծուած գործին լաւ կերպով հոգ տանինք։ Ժամանակի ընթացքին, մկրտուած որակելի եղբայրներու հրաւէր կրնայ տրուիլ որ հոգ տանին «Աստուծոյ հօտ»ին, որպէս հանրային դասախօսներ եւ ուսուցիչներ։—Ա. Պետ. 5։2, 3
Թելադրեցէք որ աշակերտները իրենց նշանակուած յաջորդ խրատական կէտին մասին իրենց դասագրքէն կարդան, անոր նշումէն քանի մը օր ետք։ Զանոնք քաջալերեցէք որ իրենց սորվածը կիրարկեն, երբ դպրոցի իրենց բաժինները կը պատրաստեն, առօրեայ խօսակցութեան մէջ, ժողովներուն պատասխան տալու ատեն, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ։
Նշանակումներ Ընել։ Ասիկա սովորաբար առնուազն երեք շաբաթ առաջ պէտք է ըլլայ։ Այս բոլոր նշանակումները գրաւոր կերպով պէտք է ըլլան՝ եթէ կարելի է։
Ժողովքին ուսուցում տալու բաժինները պէտք է նշանակուին երէցներու, նախընտրաբար անոնց՝ որոնք այս բաժինները ատակ կերպով պիտի ներկայացնեն, եւ՝ օգնական ծառաներու, որոնք լաւ ուսուցանողներ են։
Որոշելու համար թէ ո՛ր աշակերտական բաժինները պիտի նշանակէք եղբայրներուն եւ որոնք՝ քոյրերուն, հետեւեցէք դպրոցի յայտագրին մէջ տրուած հրահանգներուն։ Եթէ աշակերտական բաժին տալու համար քոյրերը աւելի շատ են քան եղբայրները, հոգ տարէք որ եղբայրներուն բաւական առիթ տրուի դասախօսական բաժիններ ներկայացնելու՝ ո՛չ թէ միայն ընթերցելիք նիւթեր։
Երբ նշանակումներ կ’ընէք, անհատներուն պարագաները նկատի ունեցէք։ Անհրաժե՞շտ է որոշ երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը նշանակում տալ դպրոցին մէջ, երբ նոյն իրիկունը Ծառայութեան Ժողովին մէջ ալ մասնակցութիւն ունի, կամ նոյն շաբաթը ժողովքին մէջ հանրային դասախօսութիւն ունի։ Հա՞րկ է քրոջ մը բաժին մը տալ, երբ նոյն երեկոյ անոր անչափահաս զաւակն ալ բաժին ունի՝ որուն պէտք է օգնէ։ Մանաւանդ պատանիի մը կամ չմկրտուած Աստուածաշունչի աշակերտի մը պարագային, արդեօք նիւթը իրեն յարմա՞ր է։ Ստուգեցէք որ տրուած նշանակումը աշակերտին աշխատելիք խրատական կէտին յարմար ըլլայ։
Քոյրերուն տրուած նշանակումներուն համար, աշակերտուհին սովորաբար պիտի ընտրէ իր մատուցման կերպը, 78 եւ 82–րդ էջերուն վրայի հրահանգներուն համաձայն։ Մէկ օգնական պէտք է նշանակուի, բայց կարելի է ուրիշ մըն ալ գործածել։ Եթէ աշակերտուհին խնդրէ օգնական մը որ մասնաւորաբար յարմար է որոշ մատուցման կերպի մը համար, այդ խնդրանքը նկատի պէտք է առնուի։
Յաւելեալ Դասարաններ։ Եթէ դպրոցին մէջ 50 աշակերտէ աւելի ըլլայ, թերեւս մտածէք յաւելեալ վայրեր գործածել աշակերտական բաժիններուն համար։ Տեղւոյն կարիքին համաձայն, այս կարգադրութիւնը կրնայ գործածուիլ աշակերտական բոլոր ներկայացումներուն, եւ կամ միայն վերջին երկուքին համար։
Իւրաքանչիւր յաւելեալ դասարան պէտք է որակելի խրատատու մը ունենայ, նախընտրաբար՝ երէց մը։ Երբ հարկը տեսնուի, որակելի օգնական ծառայ մը կրնայ գործածուիլ։ Երէցներու մարմինը հաւանութիւն պէտք է տայ այս խրատատուներու գործածութեան։ Խրատատուներուն հետ սերտօրէն համագործակցեցէք, որպէսզի լաւ կերպով կարենաք հետեւողական կերպով հոգ տանիլ աշակերտներուն աշխատելիք կէտին, ուր որ ալ ըլլայ անոնց յաջորդ ելոյթին վայրը։
Ընթերցանութեան Մասնաւոր Դասարան։ Եթէ երէցներու մարմինը որոշէ թէ բաւականին անհատներ կան, որոնք ժողովքին մէջ խօսուած լեզուին ընթերցանութեան համար հիմնական ուսուցումի կարիքը ունին, կրնաք ասոր համար կարգադրութիւն ընել Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին կողքին։ Այս ուսուցումը կրնայ գրագիտութեան հիմնական երեսակները պարունակել, կամ որպէս նպատակ ունենալ ընթերցանութիւնը բարելաւել։
Այսպիսի դասարաններ պէտք չէ վարուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ աշակերտական բաժինները տրուելու ժամանակ։ Բաւարար օգնութիւն մատուցանելու համար, հաւանաբար հարկ ըլլայ աւելի ժամանակ տրամադրել, քան ինչ որ կարելի է դպրոցի ընթացքին։ Տեղւոյն երէցները կրնան կշռել անհրաժեշտութիւնը եւ անոր տրուելիք ժամանակը։ Կարիքին համաձայն, կարելի է խմբային ուսուցում, կամ անհատական դասեր տալ։
Որակելի ուսուցիչի կարիք կայ։ Նախընտրելի է այս նշանակումը տալ եղբօր մը, որ լաւ ընթերցող մըն է եւ լեզուն լաւ գիտէ։ Եթէ եղբայր մը մատչելի չէ, երէցները կրնան կարող եւ օրինակելի քրոջմէ մը խնդրել որ օգնէ այս ուղղութեամբ։ Ան պէտք է գլուխը ծածկէ, երբ դասարանը կը վարէ։—Ա. Կորն. 11։3-10. Ա. Տիմ. 2։11, 12
Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու գրքոյկը բազմաթիւ լեզուներով մատչելի է։ Անոր նպատակն է գրելու ու կարդալու հիմնական կարողութիւններ սորվեցնել։ Ուսուցումի ուրիշ նիւթեր ալ կարելի է գործածել, աշակերտներուն կարդալու կարողութեան մակարդակէն կախեալ ըլլալով։ Երբ աշակերտները բաւականին յառաջդիմեն, անոնց քաջալերութիւն պէտք է տրուի մասնակցելու Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի սովորական յայտագրին։
Որպէս Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչ, շատ բան կրնաք ընել ժողովքին օգտակար ըլլալու համար։ Լաւ պատրաստութիւն տեսէք, եւ Հռովմայեցիս 12։6-8–ի խրատին համաձայն, ձեր նշանակումը նկատեցէք որպէս Աստուծմէ տրուած թանկարժէք աւանդ մը։