Այս գործին համար՝ Եհովա մեզ կը մարզէ
1. Մարդոց նշանակում տալու ատեն, Եհովա ուրիշ ի՞նչ ալ կ’ընէ։
1 Մարդոց նշանակում տալու ատեն, Եհովա նաեւ հարկ եղած օգնութիւնը կու տայ, որ զայն կատարեն։ Օրինակի համար, երբ ան Նոյին ըսաւ որ տապան մը շինէ,– բան մը որ Նոյ բնաւ չէր ըրած,– ան շինելու կերպն ալ ըսաւ անոր (Ծն. 6։14-16)։ Երբ հեզ հովիւը՝ Մովսէսը, նշանակուեցաւ իսրայէլի ծերերուն եւ փարաւոնին առջեւ ներկայանալու, Եհովա զինք հաւաստիացուց. «Ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս» (Ել. 4։12)։ Ինչ կը վերաբերի բարի լուրը քարոզելու մեր նշանակումին, Եհովա մեզ մինակ չէ ձգած։ Այս գործին համար, ան մեզ կը մարզէ՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ Ծառայութեան ժողովին միջոցով։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս մարզումէն օգտուիլ։
2. Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
2 Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց։ Իւրաքանչիւր ժողովի ներկայ գտնուելէ առաջ, յայտագրուած նիւթերը նկատի առ։ Ետքը, մինչ կը տեսնես թէ աշակերտները իրենց բաժիններուն մէջ ինչպէ՛ս կը զարգացնեն այս տեղեկութիւնները, սորվեցնելու կերպին նկատմամբ հասկացողութիւնդ պիտի սրես (Առ. 27։17)։ Ծառայութեան դպրոց գիրքը հետդ բեր եւ զայն որպէս դասագիրք գործածէ։ Իւրաքանչիւր աշակերտի բաժինէն ետք, երբ դպրոցին տեսուչը այս գիրքին ակնարկէ, ընդգծէ՛ այն գլխաւոր կէտերը որոնք կ’ուզես կիրարկել, իսկ լուսանցքներն ալ նոթեր առնելու համար գործածէ։ Սակայն, այս դպրոցէն լաւագոյնս օգտուելու կերպն է՝ մասնակցութիւն բերել։ Արձանագրուա՞ծ ես։ Երբ քեզի բաժին մը նշանակուի, զայն լաւ կերպով պատրաստէ եւ ստանալիք խրատները կիրարկէ եւ յետոյ, երբ ծառայութեան երթաս, սորվածներդ ի գործ դիր։
3. Ի՞նչ բաներ ընելը մեզի պիտի օգնէ, որ Ծառայութեան ժողովէն օգտուինք։
3 Ծառայութեան ժողով։ Այս ժողովին ընթացքին ներկայացուած առաջարկները աւելի լաւ պիտի յիշենք, երբ նիւթերը առաջուընէ աչքէ անցընենք եւ մեկնաբանելու պատրաստուինք։ Եթէ մեր մեկնաբանութիւնները կարճ պահենք, աւելի անհատներ առիթ պիտի ունենան մասնակցելու։ Ցուցադրութիւնները ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, եւ գործածէ որեւէ թելադրութիւն, որ կը խորհիս թէ քեզի պիտի օգնէ՝ ծառայութիւնդ աւելի ազդու դարձնելու։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն առնուած գլխաւոր յօդուածներէն օրինակ մը պահէ՝ ապագային օգտագործելու համար։
4. Աստուածպետական մարզումէն ինչո՞ւ պէտք է լաւ կերպով օգտուինք։
4 Նոյին ու Մովսէսին տրուած նշանակումներուն նման, բովանդակ աշխարհին մէջ բարի լուրը քարոզելու մեր յանձնարարութիւնը մարտահրաւէր մըն է (Մատ. 24։14)։ Բայց կրնա՛նք յաջողիլ, եթէ Եհովային՝ «Մեծ Ուսուցիչ»ին, վստահինք եւ իր հայթայթած մարզումէն լաւ կերպով օգտուինք (Եսա. 30։20, ՆԱ)։