1999–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագրէն Օգտուինք
1 Յիսուս Հմուտ Ուսուցիչն էր։ Մարդիկ կը «զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ»։ (Մար. 1։22) Թէպէտեւ ոեւէ մէկս չենք կրնար Յիսուսի նման խօսիլ եւ սորվեցնել, սակայն կրնանք ջանալ զինք ընդօրինակել։ (Գործք 4։13) Այս նպատակակէտին հասնելու համար, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիրը մեզի պիտի օգնէ որ մեր խօսելու եւ սորվեցնելու հմտութիւնները շարունակենք բարելաւել։
2 1999–ի ընթացքին, Թիւ 1 Նշանակումը գլխաւորաբար հիմնուած պիտի ըլլայ, 1997–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի պարբերաթերթերէն առնուած յօդուածներու վրայ։ Հոգեւոր հարցերու շուրջ մեր հասկացողութիւնը մեծապէս պիտի աւելնայ, երբ նախապէս կարդանք այս տեղեկութիւնները եւ ապա լսենք զանոնք դպրոցի յայտագրին մէջ։ Անոնք որոնք նշանակուած են այս հրահանգիչ ուղերձը ներկայացնելու, նիւթին գործնական կիրարկումը ցոյց պէտք է տան, վառ եւ հետաքրքրական կերպով ներկայացնելով զայն։ Թիւ 3 Նշանակումը հիմնուած պիտի ըլլայ Ընտանիք գրքին վրայ, իսկ Թիւ 4 Նշանակումը՝ Խօսակցութեան Բնաբաններ գրքոյկին, թէեւ այս նշանակումներուն տեղեկութեան աղբիւրները կրնան փոխն ի փոխ ըլլալ։ Դպրոցի տեսուչը նշանակումներ ընելէ առաջ, զգուշութեամբ պէտք է նկատի առնէ նիւթերը։ Այն բոլոր աշակերտները, որոնք նշանակումներ կը ստանան Ընտանիք գրքէն, իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան։
3 Խրատները Կիրարկեցէք եւ Լաւ Պատրաստուեցէք. Բոլորս ալ կրնանք յաւելեալ բարելաւումներ ընել, խօսելու եւ սորվեցնելու արուեստին մէջ։ (Ա. Տիմ. 4։13) Հետեւաբար, պէտք է փափաքինք խրատ ստանալ եւ երբեք անկէ չխուսափինք։ (Առ. 12։15. 19։20) Ժողովներու եւ դաշտի ծառայութեան մէջ ազդու կերպով ճշմարտութիւնը ներկայացնելը, մակերեսային կերպով իրողութիւններ յիշելէն եւ համարներ կարդալէն աւելին կը պահանջէ։ Մեզի լսողներուն սրտերուն պէտք է հասնինք եւ գործի լծենք զանոնք։ Ասիկա կրնանք ընել՝ երբ ճշմարտութիւնը համոզումով եւ սրտանց խօսինք։ (Բաղդատել՝ Գործք 2։37։) Դպրոցէն ստացած մեր խրատները ասիկա իրագործելու պիտի նպաստեն։
4 Անմիջապէս որ բաժին մը ստանաք, Դպրոցի Ուղեգիրք–ին մէջ բացատրուած խօսակցական այդ յատկութեան մասին մտածեցէք, որու վրայ պիտի աշխատիք։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք ձեզի տրուած նախորդ խրատը կիրարկելու համար։ Ձեր բնաբանին, ցուցադրութեան՝ եթէ պահանջուած է, եւ նշանակուած նիւթին համարներուն կիրարկման մասին լաւ կերպով մտածեցէք։ Խորհեցէք թէ ի՛նչպէս կրնաք տեղեկութիւնները լաւագոյն կերպով գործածել, սորվեցնելու եւ յորդորելու համար։—Ա. Տիմ. 4։15, 16
5 Եթէ դպրոցին մէջ ելոյթ մը ունենալու կը քաշուիք, աղօթեցէք այդ մասին եւ այդ ուղղութեամբ դպրոցի տեսուչին հետ խօսեցէք։ Ամէն անհատ լիովին կրնայ օգտուիլ 1999–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ներկայացուելիք յայտագրէն։