Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թկ գլ. 17 էջ 205-215
  • Թագաւորութեան ծառաները մարզել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան ծառաները մարզել
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»
  • Մարզուիլ՝ աւետարանիչներ դառնալու
  • Եղբայրները մարզել, որ մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն
  • Կարելի եղածիդ չափ Եհովայէն կը սորվի՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Ծառաներու Մարզումի Դպրոց—Գործունէութեան Առաջնորդող Մեծ Դուռ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Մենք Եհովայէ կը Սորվինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
թկ գլ. 17 էջ 205-215

ԳԼՈՒԽ 17

Թագաւորութեան ծառաները մարզել

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Աստուածպետական դպրոցները ինչպէ՛ս Թագաւորութեան ծառաները կը պատրաստեն իրենց նշանակումները կատարելու

1-3. Յիսուս ինչպէ՞ս քարոզչութիւնը ընդարձակեց, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ՅԻՍՈՒՍ երկու տարի ամբողջ Գալիլիայի մէջ քարոզեց (կարդա՛ Մատթէոս 9։35-38)։ Ան բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր այցելեց, ժողովարաններուն մէջ սորվեցնելով եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ Ո՛ւր որ ալ քարոզէր, մարդիկ անոր շուրջը կը հաւաքուէին։ Յիսուս նկատեց թէ «հունձքը շատ է», եւ թէ աւելի՛ մշակներու պէտք կար։

2 Յիսուս քարոզչութիւնը ընդարձակելու կարգադրութիւններ ըրաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր 12 առաքեալները ղրկեց, «որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն» (Ղուկ. 9։1, 2)։ Կրնայ ըլլալ որ առաքեալները հարց տուին թէ ինչպէ՛ս այս գործը պիտի կատարեն։ Ուստի, քարոզելու ուղարկելէ առաջ, Յիսուս սիրով զիրենք մարզեց,– ինչպէս որ իր Հայրը զինք մարզած էր։

3 Կարգ մը հարցումներ կը ծագին։ Յիսուս ի՞նչ մարզում ստացաւ իր Հօրմէն։ Յիսուս ինչպիսի՞ մարզում տուաւ իր առաքեալներուն։ Ներկայիս, մեսիական Թագաւորը իր հետեւորդները մարզա՞ծ է որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս։

«Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»

4. Յիսուս ո՞ւր եւ ե՞րբ մարզում ստացաւ իր Հօրմէն։

4 Յիսուս ընդունեց որ իր Հօր կողմէ մարզուած էր։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան ըսաւ. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ» (Յովհ. 8։28)։ Յիսուս ե՞րբ եւ ո՞ւր մարզում ստացաւ։ Բացայայտ է որ Աստուած սկսաւ իր անդրանիկ Որդին մարզել անոր ստեղծուելէն քիչ ետք (Կող. 1։15)։ Երկնքին մէջ, իր Հօր կողքին, ան անհամար տարիներ անցուց «Մեծ Ուսուցիչ»ին մտիկ ընելով եւ իր ըրածներուն նայելով (Եսա. 30։20)։ Առ ի արդիւնք, ան անզուգական գիտութիւն ստացաւ իր Հօր յատկութիւններուն, գործերուն եւ նպատակներուն մասին։

5. Հայրը Որդիին ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ երկրի վրայ կատարելիք իր ծառայութեան մասին։

5 Յարմար ժամանակին, Եհովան իր Որդիին սորվեցուց երկրի վրայ կատարելիք իր ծառայութեան մասին։ Նկատի առ մարգարէութիւն մը, որ կը նկարագրէ Մեծ Ուսուցիչին եւ իր անդրանիկ Որդիին փոխյարաբերութիւնը (կարդա՛ Եսայի 50։4, 5)։ Եհովան իր Որդին «ամէն առտու» կ’արթնցնէր, կ’ըսէ մարգարէութիւնը։ Այս նկարագրութիւնը մեր մտքին մէջ կը ստեղծէ ուսուցիչի մը պատկերը, որ առտուն կանուխ իր աշակերտը կ’արթնցնէ, որպէսզի իրեն սորվեցնէ։ Աստուածաշունչի մէկ աշխատասիրութիւնը կը նշէ. «Եհովան. . . կարծես իրեն,– աշակերտի մը նման,– դպրոց կը տանէր եւ կը սորվեցնէր թէ ի՛նչ եւ ինչպէ՛ս պիտի քարոզէր»։ Երկնային այդ «դպրոց»ին մէջ, Եհովան իր Որդիին սորվեցուց ‘ինչ որ պիտի ըսէր եւ ինչ որ պիտի խօսէր’ (Յովհ. 12։49)։ Հայրը նաեւ իր Որդիին ցուցմունքներ տուաւ թէ ինչպէ՛ս ուսուցանէրa։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր մարզումը ի գործ դրաւ՝ ոչ միայն իր ծառայութիւնը կատարելով, այլեւ իր հետեւորդները մարզելով որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն։

6, 7. ա) Յիսուս իր առաքեալներուն ինչպիսի՞ մարզում տուաւ եւ ի՞նչ բանի պատրաստեց։ բ) Յիսուս վստահ եղած է որ ներկայիս իր հետեւորդները ինչպիսի՞ մարզում ստանան։

6 Յիսուս ինչպիսի՞ մարզում տուաւ իր առաքեալներուն։ Ըստ Մատթէոս 10–րդ գլուխին, ան ծառայութեան վերաբերող յատուկ ցուցմունքներ տուաւ, ինչպէս՝ ո՛ւր քարոզել (5–րդ եւ 6–րդ համարներ), ի՛նչ քարոզել (7–րդ համար), Եհովային վստահիլ (9–րդ եւ 10–րդ համարներ), տանտէրերուն ինչպէ՛ս մօտենալ (11-13–րդ համարներ), ի՛նչ ընել երբ մերժուին (14–րդ եւ 15–րդ համարներ) եւ ինչպէ՛ս հակազդել երբ հալածուին (16-23–րդ համարներ)b։ Յիսուսի տուած մարզումը առաքեալները պատրաստեց, որ առաջին դարուն բարի լուրը քարոզելուն մէջ առաջնորդութիւն առնեն։

7 Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ Յիսուս, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, իր հետեւորդներուն ամէնէն կարեւոր նշանակումը տուած է. քարոզել «այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Թագաւորը մեզ մարզա՞ծ է այս ամէնէն կարեւոր գործը կատարելու։ Անշո՛ւշտ։ Երկինքէն, Յիսուս վստահ եղած է որ իր հետեւորդները մարզում ստանան ժողովքէն դուրս ինչպէ՛ս քարոզելու եւ ժողովքին մէջ իրենց իւրայատուկ պատասխանատուութիւնները ինչպէ՛ս կատարելու։

Մարզուիլ՝ աւետարանիչներ դառնալու

8, 9. ա) Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է։ բ) Այս դպրոցը ինչպէ՞ս քեզի օգնած է որ ծառայութեան մէջ աւելի՛ ազդու դառնաս։

8 Եհովային կազմակերպութիւնը շատոնց իր ժողովուրդը մարզած է ծառայութեան համար համաժողովներու եւ ժողովներու միջոցաւ,– ինչպէս՝ Ծառայութեան ժողովը։ Բայց 1940–ական թուականներէն սկսեալ, կեդրոնատեղիին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները սկսան մարզումի կարգադրութիւններ ընել՝ զանազան դպրոցներու միջոցաւ։

9 Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց։ Ինչպէս որ տեսանք նախորդ գլուխին մէջ, այս դպրոցը սկսաւ տեղի ունենալ 1943–ին։ Արդեօք այս դպրոցին միակ նպատակն էր աշակերտները մարզել, որ ժողովներուն մէջ ազդու դասախօսութիւննե՞ր տան։ Ո՛չ։ Այս դպրոցին գլխաւոր նպատակն էր Աստուծոյ ժողովուրդը մարզել, որ իրենց խօսելու պարգեւը ծառայութեան մէջ գործածեն՝ Եհովա Աստուծոյ փառք բերելու համար (Սաղ. 150։6)։ Դպրոցը պատրաստեց բոլոր եղբայրները եւ քոյրերը,– որոնք դպրոցին մէջ արձանագրուած էին,– որ Թագաւորութեան մասին աւելի՛ ազդու կերպով քարոզեն։ Այժմ այսպիսի մարզում կը տրուի միջշաբաթային ժողովին միջոցաւ։

10, 11. Ներկայիս, որո՞նք կրնան Գաղաադի դպրոցը յաճախել, եւ անոր յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։

10 Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց։ Այս դպրոցը սկսաւ տեղի ունենալ երկուշաբթի, 1 փետրուար 1943–ին։ Սկիզբը, անիկա ծրագրուած էր մարզելու ռահվիրաները եւ ուրիշ լիաժամ ծառաներ, որ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ միսիոնարական ծառայութեան ձեռնարկեն։ Բայց հոկտեմբեր 2011–էն ի վեր, այս դպրոցը յաճախելու հրաւէր կը ստանան միայն անոնք՝ որոնք արդէն յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ են,– մասնաւոր ռահվիրաներ, շրջագայող տեսուչներ եւ անոնց կիները, բեթէլականներ եւ միսիոնարներ, որոնք տակաւին դպրոցը չեն յաճախած։

11 Գաղաադի դպրոցի յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։ Տարիներէ ի վեր Գաղաադի ուսուցիչ ծառայող եղբայրներէն մէկը կը պատասխանէ. «Աշակերտներուն հաւատքը զօրացնել՝ Աստուծոյ Խօսքին խոր ուսումնասիրութեամբ, եւ անոնց օգնել որ հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները մշակեն, որպէսզի յաջողութեամբ գլուխ ելլեն իրենց նշանակումներուն առնչուող մարտահրաւէրներուն հետ։ Նաեւ, յայտագրին մէկ այլ հիմնական նպատակն է՝ աշակերտներուն մէջ խոր փափաք քանդակել, որ քարոզչութեան լիովին մասնակցին» (Եփ. 4։11)։

12, 13. Գաղաադի դպրոցը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային քարոզչութեան վրայ։ Օրինակ մը տո՛ւր։

12 Գաղաադի դպրոցը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է համաշխարհային քարոզչութեան վրայ։ 1943–էն ի վեր, այս դպրոցը մարզած է աւելի քան 8500 անհատներ, որոնք աշխարհի տարածքին ծառայած են աւելի քան 170 երկիրներու մէջc։ Միսիոնարները իրենց մարզումէն լաւագոյնս կ’օգտուին՝ նախանձախնդրութեան մէջ օրինակ հանդիսանալով եւ եղբայրները մարզելով որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլան։ Շատ մը պարագաներու, միսիոնարները ծառայած են այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր թիւով քիչ հրատարակիչներ գոյութիւն ունէին կամ բնաւ չունէին։

13 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ճափոնի մէջ, ուր կազմակերպուած քարոզչութիւնը դադրեցաւ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Օգոստոս 1949–ին, տեղացի հրատարակիչներուն թիւը տասէն պակաս էր։ Բայց այդ տարուան վերջաւորութեան, Գաղաադի մէջ մարզուած 13 միսիոնարներ սկսան քարոզել այդ երկրին մէջ։ Յետոյ, ուրիշ շատ միսիոնարներ ալ եկան։ Սկիզբը, միսիոնարները իրենց ջանքերը կեդրոնացուցին մեծ քաղաքներու վրայ. յետագային անոնք անցան ուրիշ քաղաքներ։ Անոնք իրենց աշակերտները եւ ուրիշները քաջալերեցին որ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։ Միսիոնարներուն նախանձախնդրութեան շնորհիւ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան։ Այժմ, Ճափոնի մէջ աւելի քան 216,000 քարոզիչներ կան, եւ շուրջ 40 տոկոսը ռահվիրայ էd։

14. Աստուածպետական դպրոցները ի՞նչ բանի ապացոյց են (տես նաեւ «Թագաւորութեան ծառաները մարզող դպրոցներ» շրջանակը, էջ 212)։

14 Աստուածպետական այլ դպրոցներ։ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը, Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցը եւ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը օգնած են զանոնք յաճախողներուն, որ իրենց հոգեւորութիւնը զարգացնեն եւ քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրօրէն առաջնորդութիւն առնենe։ Այս բոլոր աստուածպետական դպրոցները ապացոյց են որ մեր Թագաւորը լիովին պատրաստած է իր հետեւորդները, որ իրենց ծառայութիւնը լիովին կատարեն (Բ. Տիմ. 4։5)։

Եղբայրները մարզել, որ մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն

15. Պատասխանատուութիւններ ունեցող տղամարդիկը ո՞ր կերպով կ’ուզեն Յիսուսը ընդօրինակել։

15 Վերադառնանք Եսայիի մարգարէութեան, որ կը խօսի Յիսուսի մարզումին մասին։ Այդ երկնային «դպրոց»ին մէջ, Որդին սորվեցաւ «խօսքով օգնել յոգնածին» (Եսա. 50։4)։ Յիսուս այդ ցուցմունքը կիրարկեց. երբ երկրի վրայ էր, ան թարմացուց բոլոր «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը (Մատ. 11։28-30)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պատասխանատուութիւններ ունեցող տղամարդիկը կ’ուզեն իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն թարմացումի աղբիւր ըլլալ։ Ասիկա իրագործելու համար, զանազան դպրոցներ հաստատուած են, որոնք որակեալ եղբայրներուն կ’օգնեն, որ իրենց հաւատակիցներուն աւելի ազդուօրէն ծառայեն։

16, 17. Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին նպատակը ի՞նչ է (տես նաեւ ստորանիշը)։

16 Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց։ Այս դպրոցին առաջին դասարանը իր դասընթացքը սկսաւ 9 մարտ 1959–ին, Սաութ Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Շրջագայող տեսուչները եւ ժողովքի ծառաները հրաւէր ստացան յաճախելու այս դպրոցը, որ պիտի տեւէր մէկ ամիս։ Յետագային, դասընթացքը անգլերէնէն թարգմանուեցաւ ուրիշ լեզուներու, եւ դպրոցը կամաց–կամաց սկսաւ տեղի ունենալ ամբողջ աշխարհի մէջf։

Եղբայր Լոյտ Պէրին կ’ուսուցանէ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին մէջ, Ճափոն, 1970

Եղբայր Լոյտ Պէրին կ’ուսուցանէ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին մէջ, Ճափոն, 1970

17 Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին նպատակին նկատմամբ 1962–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը նշեց. «Այս զբաղած աշխարհին մէջ, Եհովայի վկաներու ժողովքին վերակացուն պէտք է ըլլայ մէկը, որ կրնայ իր կեանքը կազմակերպել, որպէսզի հարկ եղած ուշադրութիւնը ընծայէ ժողովքի բոլոր անդամներուն եւ անոնց համար օրհնութիւն մը ըլլայ։ Միեւնոյն ժամանակ ան պէտք չէ իր ընտանիքին կարիքները անտեսէ, այլ պէտք է խորատես եւ զգաստ ըլլայ։ Ի՜նչ հոյակապ պատեհութիւն տրուած է ժողովքներուն մէջ ծառայող բոլոր եղբայրներուն, որ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցը յաճախեն, որպէսզի ստանան մարզում մը, որ իրենց պիտի օգնէ ընելու ճիշդ այն՝ ինչ որ Աստուածաշունչը վերակացուներէն կը պահանջէ» (Ա. Տիմ. 3։1-7. Տիտ. 1։5-9)։

18. Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ’օգտուի Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցէն։

18 Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդը օգտուած է Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցէն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ երէցները եւ օգնական ծառաները կիրարկեն այն ինչ որ սորվեցան այդ դպրոցին մէջ, Յիսուսին նման հաւատակիցներուն թարմացումի աղբիւր կը դառնան։ Արդեօք գնահատանքի արժանի չե՞ն այն երէցներն ու օգնական ծառաները, որոնք ազնիւ խօսք մը կ’ըսեն, մտիկ ընող ականջ մը կ’ըլլան կամ քաջալերական այցելութիւն մը կ’ընեն (Ա. Թես. 5։11)։ Այսպիսի որակեալ տղամարդիկ իսկապէս օրհնութիւն են իրենց ժողովքի անդամներուն համար։

19. Ուսուցումի յանձնախումբը ուրիշ ո՞ր դպրոցներուն վրայ կը վերահսկէ, եւ այդ դպրոցներուն նպատակը ի՞նչ է։

19 Ուրիշ աստուածպետական դպրոցներ։ Կառավարիչ մարմինի Ուսուցումի յանձնախումբը կը վերահսկէ այլ դպրոցներու վրայ, որոնք կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւն ունեցող եղբայրներուն մարզում կու տան։ Այդ դպրոցները պատրաստուած են օգնելու պատասխանատու եղբայրներուն,– ժողովքի երէցներուն, շրջագայող տեսուչներուն եւ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներուն,– որ իրենց պատասխանատուութիւնները աւելի ազդուօրէն կատարեն։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասընթացքները եղբայրները կը քաջալերեն որ իրենց անձնական հոգեւորութիւնը պահպանեն եւ աստուածաշնչական սկզբունքներ կիրարկեն երբ հոգ կը տանին թանկարժէք ոչխարներուն, զորս Եհովան իրենց վստահած է (Ա. Պետ. 5։1-3)։

Ծառաներու մարզումի դպրոցին առաջին դասարանը տեղի կ’ունենայ Մալաուիի մէջ

Մալաուիի մէջ Ծառաներու մարզումի դպրոցին առաջին դասարանը, 2007

20. Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ ըսել որ բոլորս ‘Աստուծմէ կը սորվինք’, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Յստակ է որ մեսիական Թագաւորը վստահ եղած է որ իր հետեւորդները լաւ կերպով մարզուին։ Այս ամբողջ մարզումին աղբիւրը Եհովան է. ան իր Որդին մարզեց եւ Որդին ալ իր կարգին իր հետեւորդները մարզեց։ Անոր համար, Յիսուս կրցաւ ըսել որ բոլորս ‘Աստուծմէ կը սորվինք’ (Յովհ. 6։45. Եսա. 54։13)։ Թող որ վճռենք լաւագոյնս օգտուիլ այն մարզումէն որ մեր Թագաւորը մեզի մատչելի դարձուցած է։ Եւ յիշենք որ այս ամբողջ մարզումին նպատակն է՝ մեզի օգնել որ մեր հոգեւորութիւնը զօրաւոր պահենք, որպէսզի մեր ծառայութիւնը լիովին կատարենք։

a Ինչպէ՞ս գիտենք որ Հայրը Որդիին սորվեցուց ինչպէ՛ս ուսուցանել։ Նկատի առ հետեւեալը. Յիսուս ուսուցանելու ընթացքին բազմաթիւ առակներ գործածեց։ Այսպիսով ան կատարեց մարգարէութիւն մը, որ իր ծնունդէն դարեր առաջ արձանագրուած էր (Սաղ. 78։2. Մատ. 13։34, 35)։ Յստակ է որ այդ մարգարէութեան Աղբիւրը՝ Եհովան կանխաւ որոշած էր որ իր Որդին լուսաբանութիւններով կամ առակներով պիտի ուսուցանէր (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։

b Ամիսներ ետք, Յիսուս «ուրիշ եօթանասուն ալ որոշեց, եւ իր առջեւէն երկու–երկու ղրկեց» քարոզելու։ Ան անոնց ալ մարզում տուաւ (Ղուկ. 10։1, ԱԾ, 2-16)։

c Ոմանք մէկէ աւելի անգամ յաճախած են Գաղաադի դպրոցը։

d Համաշխարհային քարոզչութեան վրայ Գաղաադի դպրոցի միսիոնարներուն ունեցած ազդեցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, գլուխ 23 (անգլերէն)։

e Վերջին երկու դպրոցները փոխարինուած են Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցով։

f Ներկայիս, բոլոր երէցները կ’օգտուին Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցին դասընթացքներէն, որոնք տարբեր տեւողութիւն ունին եւ քանի մը տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան։ 1984–էն ի վեր, օգնական ծառաներն ալ այս դպրոցը կը յաճախեն մարզում ստանալու։

Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար

  • Յիսուս իր Հօրմէն ի՞նչ մարզում ստացաւ։

  • Թագաւորը ինչպէ՞ս մարզած է իր հետեւորդները որ աւետարանիչներ դառնան։

  • Որակեալ եղբայրները ինչպէ՞ս մարզուած են իրենց պատասխանատուութիւնները կատարելու։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ Թագաւորին մարզումը կը գնահատես։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՄԱՐԶՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Նպատակ։ Հրատարակիչները մարզել, որ բարի լուրը ազդուօրէն քարոզեն ու սորվեցնեն։

Տեւողութիւն։ Շարունակական։

Վայր։ Տեղական Թագաւորութեան սրահ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Բոլոր անոնք, որոնք աշխուժօրէն ժողովքին կ’ընկերակցին, Աստուածաշունչի ուսուցումները կ’ընդունին եւ որոնց կեանքը քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ է։ Մասնակցելու համար, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչին հետ խօսէ։

Օգուտները։ Միջշաբաթային ժողովը մեզի կը սորվեցնէ որ պրտպտումներ ընենք եւ տեղեկութիւնները տրամաբանօրէն ներկայացնենք։ Նաեւ, կը սորվինք մտիկ ընել ուրիշներուն եւ կեդրոնանալ անո՛նց հոգեւոր կարիքներուն վրայ, ոչ թէ միայն՝ մեր։

Առնի, որ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ որպէս շրջագայող տեսուչ, կ’ըսէ. «Մանկութենէս ի վեր թոթով էի եւ մարդու հետ աչքի հաղորդակցութիւն պահելու մէջ խնդիր ունէի։ Այս [ժողովը] ինծի օգնած է որ ինքնավստահութիւն ունենամ։ Եհովային օգնութեամբ եւ այս մարզումին շնորհիւ, սորված եմ ճիշդ կերպով շունչ առնելու եւ կեդրոնանալու մեթոտներ։ Երախտապարտ եմ որ կարող եմ Աստուած փառաբանել ժողովքին եւ ծառայութեան մէջ»։

Պատանի հրատարակիչ մը Աստուածաշունչի ընթերցանութեան իր բաժինը կու տայ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ

ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑg

Նպատակ։ Երէցներուն օգնել որ իրենց հոգեւորութիւնը խորացնեն եւ ժողովքին մէջ իրենց պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։

Տեւողութիւն։ Հինգ օր։

Վայր։ Մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը կամ համաժողովի սրահի մը մէջ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Երէցները հրաւէր կը ստանան մասնաճիւղէն։

Օգուտները։ Նկատի առ երկու եղբայրներու խօսքերը, որոնք այս դպրոցին 92–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղան, Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք (ԱՄՆ).

«Դպրոցը ինծի մեծապէս օգտեց՝ օգնելով որ իմ անձս քննեմ եւ տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ Եհովային ոչխարներուն հոգ տանիլ»։

«Այս մարզումը կեանքիս մէջ պիտի չմոռնամ»։

ՌԱՀՎԻՐԱՅԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

Նպատակ։ Ռահվիրաներուն օգնել որ լիովին իրենց ‘պաշտօնը կատարեն’ (Բ. Տիմ. 4։5)։

Տեւողութիւն։ Վեց օր։

Վայր։ Մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Անոնք՝ որոնք առնուազն մէկ տարիէ ի վեր կանոնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընեն ինքնաբերաբար կ’արձանագրուին եւ իրենց շրջանային տեսուչին կողմէ տեղեակ կ’ըլլան։ Երկար տարիներէ ի վեր ծառայող կարգ մը ռահվիրաներ, որոնք վերջին 5 տարիներուն ընթացքին դպրոցը չեն յաճախած, թերեւս դարձեալ հրաւէր ստանան։

Օգուտները։ «Դպրոցը ինծի օգնած է որ ծառայութեան եւ կեանքիս մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլեմ», կ’ըսէ Լիլին։ «Սորված կերպս, ուսուցանած կերպս եւ Աստուածաշունչ գործածած կերպս մեծապէս բարելաւուած են։ Ես աւելի լաւ կերպով պատրաստ եմ ուրիշներուն օգնելու, երէցներուն աջակցելու եւ ժողովքին աճին նպաստելու»։

Պրենտան, որ այս դպրոցը երկու անգամ յաճախած է, կ’ըսէ. «Դպրոցը ինծի թոյլ տուած է որ ա՛լ աւելի զբաղած ըլլամ հոգեւոր բաներով, խիղճս մարզեմ եւ ուրիշներուն օգնելու վրայ կեդրոնանամ։ Յստակ է որ Եհովան առատաձե՛ռն է»։

ԲԵԹԷԼ ՄՏՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑ

Նպատակ։ Այս դպրոցը ծրագրուած է նորեկներուն օգնելու, որ իրենց Բեթէլի ծառայութեան մէջ յաջողութիւն գտնեն։

Տեւողութիւն։ Չորս օր։ Իւրաքանչիւր օր 4 ժամ։

Վայր։ Բեթէլ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Բեթէլի ընտանիքի մնայուն անդամները եւ երկարատեւ ժամանակաւոր կամաւորները (մէկ տարի կամ աւելի) ինքնաբերաբար կ’արձանագրուին։

Օգուտները։ Դեմետրիոս, որ այս դպրոցը յաճախեց 1980–ական թուականներուն, կ’ըսէ. «Այս դասընթացքը իմ սերտելու սովորութիւնս բարելաւեց եւ զիս պատրաստեց Բեթէլի երկարատեւ ծառայութեան։ Ուսուցիչները, յայտագիրը եւ գործնական խրատը զիս համոզեցին որ Եհովան զիս կը սիրէ եւ կը փափաքի որ Բեթէլի ծառայութեանս մէջ յաջողիմ»։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑh

Նպատակ։ Լիաժամ ծառայողներուն (ամուսնացած զոյգերուն, ամուրի եղբայրներուն եւ ամուրի քոյրերուն) իւրայատուկ մարզում տալ, որպէսզի Եհովային եւ իր կազմակերպութեան կողմէ աւելի լիակատար կերպով գործածուին։ Բազմաթիւ շրջանաւարտներ պիտի նշանակուին ծառայելու հոն՝ ուր իրենց երկրին մէջ մեծագոյն կարիքը կայ։ 50 տարեկանէն վար եղող շրջանաւարտները կրնան ծառայել որպէս ժամանակաւոր մասնաւոր ռահվիրաներ հեռաւոր վայրերու մէջ, ուր կրնան քարոզչութիւնը սկսիլ կամ ընդլայնել։

Տեւողութիւն։ Երկու ամիս։

Վայր։ Մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս Թագաւորութեան սրահի մը կամ համաժողովի սրահի մը մէջ։

Քոյր մը ծառայութեան մէջ

Եղբայրներն ու քոյրերը կ’օգտուին աստուածպետական մարզումէն

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Լիաժամ ծառաները, որոնք 23-65 տարեկան են, լաւ առողջութիւն ունին, որոնց պարագաները կը ներեն ծառայելու հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ եւ որոնք ունին «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» կեցուածքը (Եսա. 6։8)։ Անոնք՝ որոնք դպրոցը կը յաճախեն,– ամուրի եղբայրները եւ քոյրերը, ինչպէս նաեւ՝ ամուսնացած զոյգերը,– պէտք է առնուազն երկու տարի անդադար լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլան։ Զոյգերը պէտք է առնուազն երկու տարիէ ի վեր ամուսնացած ըլլան։ Եղբայրները պէտք է առնուազն երկու յաջորդական տարիներ ծառայած ըլլան որպէս երէցներ կամ օգնական ծառաներ։ Եթէ այս դպրոցը կը գործէ մասնաճիւղիդ թաղամասին մէջ, մարզային համաժողովին ընթացքին պիտի գումարուի ժողով մը, որ այս դպրոցին մասնակցիլ փափաքող անհատներուն յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ։

Օգուտները։ Շատեր՝ որոնք Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը եւ Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցը յաճախած են, դրականօրէն արտայայտուած են։ 2013–ին, Կառավարիչ մարմինը այս երկու դպրոցները միացուց, եւ հիմա նոր դպրոցը կը կոչուի Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ Այժմ բազմաթիւ ուրիշ հաւատարիմ ռահվիրաներ այս դասընթացքներէն պիտի օգտուին, ներառեալ՝ ամուրի քոյրեր։

ԳԱՂԱԱԴԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ

Նպատակ։ Շրջանաւարտները կրնան նշանակուիլ շրջագայող տեսուչներ, միսիոնարներ կամ բեթէլականներ։ Իրենց սորվածները կիրարկելով, շրջանաւարտները կրնան նպաստել դաշտի ծառայութեան եւ մասնաճիւղերուն կազմակերպութեան ու ամրութեան։

Տեւողութիւն։ Հինգ ամիս։

Վայր։ Դիտարանի կրթական կեդրոն, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք։

Գաղաադի աշակերտներու դասարան մը մտիկ կ’ընէ Գաղաադի մէկ ուսուցիչին

Գաղաադի մէկ դասարանը,– Փէթըրսըն, Նիւ Եորք

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Ամուսնացած զոյգեր, ամուրի եղբայրներ եւ ամուրի քոյրեր, որոնք արդէն յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ են։ Մասնաճիւղը կրնայ առաջարկել միսիոնարներուն,– որոնք նախապէս Գաղաադի շրջանաւարտ չեն եղած,– մասնաւոր ռահվիրաներուն, բեթէլականներուն, շրջագայող տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն, որ դիմումնագիր լեցնեն։ Դիմումնագիր ներկայացնողը պէտք է որ անգլերէն խօսի եւ գրէ։

Օգուտները։ Միացեալ Նահանգներէն ամուսնացած զոյգ մը՝ Լատէ եւ Մոնիք, որոնք տարիներէ ի վեր իրենց նշանակումին մէջ են, կ’ըսեն.

Լատէ կ’ըսէ. «Գաղաադի դպրոցը մեզ պատրաստեց որ որեւէ շրջան երթանք, գործի լծուինք եւ մեր սիրելի եղբայրներուն հետ ուս–ուսի աշխատինք»։

Մոնիք կ’աւելցնէ. «Երբ Աստուծոյ Խօսքէն սորվածս կիրարկեմ, նշանակումիս մէջ մե՜ծ ուրախութիւն կը գտնեմ։ Այդ ուրախութիւնը Եհովայի սիրոյն ապացոյցն է»։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

Նպատակ։ Շրջագայող տեսուչները, երէցները եւ օգնական ծառաները մարզել, որպէսզի իրենց տեսչութեան եւ կազմակերպչական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին (Գործք 20։28)։ Նկատի կ’առնուին ժողովքներուն ընթացիկ վիճակները, խնդիրները եւ կարիքները։ Ըստ Կառավարիչ մարմինի որոշումին, այս դպրոցը քանի մը տարին անգամ մը կը կայանայ։

Տեւողութիւն։ Վերջերս, այս դպրոցը տարբեր տեւողութեամբ տեղի ունեցած է։

Վայր։ Ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ կամ համաժողովի սրահի մը մէջ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Շրջանային տեսուչը կը տեղեկացնէ երէցները եւ օգնական ծառաները։ Իսկ մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ շրջագայող տեսուչները։

Օգուտները։ «Հակառակ անոր որ դպրոցը խտացուած եւ շա՜տ նիւթեր կը ծածկէ, անիկա երէցներուն կ’օգնէ որ ուրախութիւն պահպանեն եւ Եհովային արիութեամբ ծառայեն։ Թէ՛ նոր եւ թէ երկարամեայ երէցները կը սորվին ազդուօրէն հովուել եւ մէկ մտքի վրայ հաստատուած ըլլալ», Քուին։

«Մարզումը հաւասարակշռուած էր,– անիկա հոգեւոր բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցուց, մեզ վտանգներէ զգուշացուց եւ հօտին հոգ տանելու նկատմամբ գործնական առաջարկներ տուաւ», Մայքլ։

ԴՊՐՈՑ՝ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏԵՍՈՒՉՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐi

Նպատակ. Շրջանային տեսուչներուն օգնել որ ժողովքներուն աւելի ազդուօրէն ծառայեն, ծանր «աշխատին. . . քարոզելով ու սորվեցնելով» եւ իրենց հոգատարութեան տակ գտնուողները հովուեն (Ա. Տիմ. 5։17. Ա. Պետ. 5։2, 3)։

Տեւողութիւն։ Մէկ ամիս։

Վայր։ Մասնաճիւղը կ’որոշէ։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Մասնաճիւղը կը հրաւիրէ շրջանային տեսուչները եւ անոնց կիները։

Օգուտները։ Ժոելն ու Գանին, որոնք 1999–ին այս դպրոցին առաջին դասարանին մէջ էին, կ’ըսեն. «Մենք ա՛լ աւելի գնահատեցինք թէ ի՛նչ կը նշանակէ որ Յիսուս կազմակերպութեան գլուխն է։ Տեսանք որքա՛ն անհրաժեշտ է քաջալերել մեր եղբայրները, որոնց կը ծառայենք, եւ ամրացնել իւրաքանչիւր ժողովքի միութիւնը։ Դասընթացքը նաեւ շեշտեց այն միտքը, թէ ճիշդ է որ շրջագայող տեսուչը կը խրատէ եւ երբեմն նոյնիսկ կը սրբագրէ, բայց իր գլխաւոր նպատակն է եղբայրներուն օգնել տեսնելու որ Եհովան զիրենք կը սիրէ»։

ԴՊՐՈՑ՝ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Նպատակ։ Մասնաճիւղի յանձնախումբին անդամներուն օգնել, որ աւելի լաւ կերպով հոգ տանին այն գործին, որ կը պարփակէ՝ Բեթէլի տան վրայ վերահսկել, ժողովքներուն ազդող ծառայութեան վերաբերող հարցերուն ուշադրութիւն ընծայել եւ թաղամասի շրջաններուն վրայ տեսչութիւն ընել (Ղուկ. 12։48բ)։

Տեւողութիւն։ Երկու ամիս։

Վայր։ Դիտարանի կրթական կեդրոն, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք։

Որո՛նք կրնան յաճախել։ Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբը կը հրաւիրէ Մասնաճիւղի կամ Երկրի յանձնախումբի անդամները եւ անոնց կիները։

Օգուտները։ Լօուէլ եւ Գարա 25–րդ դասարանը յաճախեցին։ Այժմ անոնք կը ծառայեն Նիկերիոյ մէջ։

«Դասընթացքը սորվեցուց թէ որքա՛ն ալ զբաղած ըլլամ կամ ի՛նչ գործ ալ որ ինծի տրուի, Եհովան հաճեցնելու բանալին հոգեւորութիւնն է», կ’ըսէ Լօուէլ։

Գարան կը վերյիշէ դաս մը որ դպրոցին մէջ սորվեցաւ. «Եթէ չկարենամ նիւթ մը պարզ ձեւով բացատրել, պէտք է զայն լաւ ուսումնասիրեմ առաջ որ ուրիշին սորվեցնեմ»։

g Տակաւին այս դպրոցը բոլոր երկիրներուն մէջ չի կայանար։

h Տակաւին այս դպրոցը բոլոր երկիրներուն մէջ չի կայանար։

i Տակաւին այս դպրոցը բոլոր երկիրներուն մէջ չի կայանար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել