Կարելի եղածիդ չափ Եհովայէն կը սորվի՞ս
1. Ուսումի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ է։
1 Եհովան, մեր «Մեծ Ուսուցիչը», կ’ուզէ որ ուսանինք (Եսա. 30։20, ՆԱ)։ Ան սկսաւ սորվեցնել՝ իր անդրանիկ Որդին ստեղծելէ ետք (Յովհ. 8։28)։ Իսկ Ադամի ըմբոստութենէն ետք, Եհովան իր սորվեցնելը չդադրեցուց, հապա սիրալիրօրէն ցուցմունքներ տուաւ անկատար մարդոց համար (Եսա. 48։17, 18. Բ. Տիմ. 3։14, 15)։
2. Այժմ ուսումնական ի՞նչ յայտագիր առկայ է։
2 Այսօր, Եհովան ցարդ մեծագոյն ուսումնական յայտագիրը կը ղեկավարէ։ Ինչպէս որ Եսային մարգարէացաւ, աշխարհին չորս կողմը միլիոնաւորներ հեղեղի պէս «Տէրոջը» այլաբանական ‘տանը լերան’ կը դիմեն (Եսա. 2։2)։ Բայց ինչո՞ւ։ Աստուծոյ ճամբաները սորվելու համար. այո, Եհովայէ՛ն սորվելու համար (Եսա. 2։3)։ 2010–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի վկաները աւելի քան 1,6 միլիառ ժամ տրամադրեցին՝ վկայելով եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւն սորվեցնելով։ Ասկէ զատ, աշխարհի տարածքին, աւելի քան 105,000 ժողովքներու մէջ, ամէն շաբաթ հոգեւոր ուսուցում կը տրուի. իսկ ուսումնական քրիստոնէական հրատարակութիւնները աւելի քան 500 լեզուներով կ’արտադրուին հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ։
3. Անձամբ ինչպէ՞ս օգտուած ես Եհովայի հայթայթած ուսումէն։
3 Լիովին օգտուէ։ Աստուածային ուսումէն որքա՜ն օգտուած ենք։ Սորված ենք թէ Աստուած անուն մը ունի, եւ թէ մեզի համար կը հոգայ (Սաղ. 83։18. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Կեանքի կարգ մը կարեւորագոյն հարցումներուն պատասխանները սորված ենք,– մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին ու կը մեռնին, ինչպէ՞ս կրնամ իսկական երջանկութիւն գտնել, կեանքին նպատակը ի՞նչ է։ Եհովան նաեւ բարոյական ուղղութիւն տուած է մեզի, որու շնորհիւ կրնանք ‘յաջողութիւն գտնել’ (Յես. 1։8)։
4. Աստուծոյ ծառաներուն մատչելի եղող ուսումնական պատեհութիւններէն ոմանք ի՞նչ են, եւ ինչո՞ւ մեր կարելի եղածին չափ Եհովայէն պէտք է սորվինք։
4 Աւելին, Եհովան մասնաւոր ուսում մատչելի կ’ընէ, որպէսզի իր ծառաներէն շատերուն օգնէ որ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակեն։ 4-6–րդ էջերը կը շարեն պատեհութիւններ, որոնք ոմանց մատչելի են։ Նոյնիսկ եթէ մեր պարագաները չեն ներեր նշուած մարզումը ստանալու, արդեօք լիովին կ’օգտուի՞նք այն աստուածային ուսումէն, որ մեզի մատչելի է։ Պատանիները յաճախ կը մղուին ուսուցիչներու եւ ուրիշներու կողմէ, որ աշխարհի բարձրագոյն ուսումը հետապնդեն։ Զանոնք կը քաջալերե՞նք որ փոխարէնը հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ աստուածայի՛ն բարձրագոյն ուսումը հետապնդեն։ Մեր կարելի եղածին չափ Եհովայէն սորվիլը մեզի պիտի օգնէ որ այժմ ուրախ ապրինք եւ ապագային՝ յաւիտեան (Սաղ. 119։105. Յովհ. 17։3)։
Եհովայի կազմակերպութեան միջոցով մատչելի եղող կարգ մը ուսումնական պատեհութիւններ
Գրագիտութեան դասընթացքներ
• Նպատակ. մարդոց գրել–կարդալ սորվեցնել, որպէսզի կարենան Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն ընել եւ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնել։
• Տեւողութիւն. կարիքին համաձայն։
• Վայր. տեղական Թագաւորութեան սրահ։
• Որո՛նք կրնան յաճախել. բոլոր հրատարակիչներն ու հետաքրքրուած անհատները։
• Ինչպէ՛ս դիմում ներկայացնել. ժողովքի երէցները տեղական կարիքին համաձայն գրագիտութեան դասընթացքներ կը կազմակերպեն, եւ ատոնցմէ օգտուող բոլոր անհատները կը քաջալերեն որ ներկայ գտնուին։
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
• Նպատակ. հրատարակիչները մարզել, որ բարի լուրը ազդուօրէն քարոզեն ու սորվեցնեն։
• Տեւողութիւն. շարունակական։
• Վայր. տեղական Թագաւորութեան սրահ։
• Որո՛նք կրնան արձանագրուիլ. բոլոր հրատարակիչները։ Նաեւ ուրիշներ, որոնք աշխուժօրէն ժողովքին կ’ընկերակցին, Աստուածաշունչի ուսուցումները կ’ընդունին եւ որոնց կեանքը քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ է։
• Ինչպէ՛ս դիմում ներկայացնել. Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի տեսուչին հետ խօսէ։
Օտարալեզուի դասընթացքներ
• Նպատակ. հրատարակիչներուն սորվեցնել ինչպէ՛ս բարի լուրը այլ լեզուով քարոզել։
• Տեւողութիւն. չորս կամ հինգ ամիս։ Դասընթացքները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան շաբաթ առտու, մէկ կամ երկու ժամ։
• Վայր. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ։
• Որո՛նք կրնան արձանագրուիլ. օրինակելի հրատարակիչներ, որոնք կը փափաքին օտար լեզուով քարոզել։
• Ինչպէ՛ս դիմում ներկայացնել. մասնաճիւղը կարիքին համաձայն դասընթացքներ կը կարգադրէ։
Թագաւորութեան սրահի շինարարութիւն
• Նպատակ. Թագաւորութեան սրահներ կառուցանել եւ նորոգել։ Ասիկա դպրոց մը չէ, բայց այս կարգադրութեան ներքեւ, կամաւորները զանազան հմտութիւններ կը սորվին, որպէսզի աջակցին շինարարական ձեռնարկներու մէջ։
• Տեւողութիւն. կամաւորներուն պարագաներուն համաձայն։
• Վայր. Շրջանային շինարարական յանձնախումբին նշանակուած տարածքին մէջ գտնուող որեւէ տեղ։ Կարգ մը կամաւորներէն թերեւս խնդրուի որ աղէտէ մը վնասուած հեռու տեղ մը կատարուող օգնութեան աշխատանքին մէջ բաժին բերեն։
• Որակումներ. եղբայրներն ու քոյրերը պէտք է մկրտուած եւ երէցներու մարմինին հաւանութիւնը ունեցած ըլլան. հմուտ ըլլալը պայման չէ։
• Ինչպէ՛ս դիմում ներկայացնել. տեղական երէցներէն խնդրէ որ քեզի տան Թագաւորութեան սրահի կամաւորներու հարցարան–ը (S-82), ապա զայն լեցուր։
Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց
• Նպատակ. ռահվիրաներուն օգնել որ լմա՛ն կերպով իրենց ‘պաշտօնը կատարեն’ (Բ. Տիմ. 4։5)։
• Տեւողութիւն. երկու շաբաթ։
• Վայր. մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ։
• Որակումներ. անոնք որոնք առնուազն մէկ տարի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընեն։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. որակեալ ռահվիրաները ինքնաբերաբար կ’արձանագրուին եւ իրենց շրջանային տեսուչին կողմէ տեղեակ կ’ըլլան։
Պէթէլ մտնողներու դպրոց
• Նպատակ. այս դպրոցը ծրագրուած է նորեկներուն օգնելու, որ իրենց Պէթէլի ծառայութեան մէջ յաջողութիւն գտնեն։
• Տեւողութիւն. տասնվեց շաբաթ. իւրաքանչիւր շաբաթ մէկ ժամ։
• Վայր. Պէթէլ։
• Որակումներ. պէտք է ըլլան Պէթէլի ընտանիքի մնայուն անդամներ կամ երկարատեւ առժամեայ կամաւորներ (մէկ տարի կամ աւելի)։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. Պէթէլի ընտանիքի որակեալ անդամներ ինքնաբերաբար կ’արձանագրուին։
Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց
• Նպատակ. երէցներն ու օգնական ծառաները մարզել, որպէսզի իրենց վերատեսչութիւնն ու կազմակերպչական պատասխանատուութիւնները հոգան (Գործք 20։28)։ Ըստ Կառավարիչ մարմինի որոշումին, այս դպրոցը ամէն քանի մը տարի անգամ մը կը կայանայ։
• Տեւողութիւն. վերջին տարիները, այս դպրոցը երէցներու համար մէկուկէս օր եղած է, իսկ օգնական ծառաներու համար՝ մէկ օր։
• Վայր. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը կամ համաժողովի սրահի մը մէջ։
• Որակումներ. պէտք է երէցներ կամ օգնական ծառաներ ըլլան։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. որակեալ երէցներն ու օգնական ծառաները շրջանային տեսուչին կողմէ հրաւէր կը ստանան։
Ժողովքի երէցներու դպրոցa
• Նպատակ. երէցներուն օգնել որ ժողովքին մէջ իրենց պատասխանատուութիւնները հոգան։
• Տեւողութիւն. հինգ օր։
• Վայր. մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը կամ համաժողովի սրահի մը մէջ։
• Որակումներ. պէտք է երէցներ ըլլան։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. որակեալ երէցները մասնաճիւղէն հրաւէր կը ստանան։
Ճամբորդող տեսուչներու եւ անոնց կիներու դպրոցb
• Նպատակ. շրջանային եւ նահանգային տեսուչները կարող դարձնել, որ ժողովքներուն ծառայելուն մէջ աւելի ազդու ըլլան եւ ծանր «աշխատին. . . քարոզելով ու սորվեցնելով», եւ իրենց հոգատարութեան տակ գտնուողները հովուեն (Ա. Տիմ. 5։17. Ա. Պետ. 5։2, 3)։
• Տեւողութիւն. երկու ամիս։
• Վայր. մասնաճիւղը կ’որոշէ։
• Որակումներ. պէտք է շրջանային կամ նահանգային տեսուչներ ըլլան։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. որակեալ ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները մասնաճիւղէն հրաւէր կը ստանան։
Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցc
• Նպատակ. չամուսնացած երէցներն ու օգնական ծառաները յաւելեալ պատասխանատուութիւններու համար պատրաստել։ Շրջանաւարտներու մեծամասնութիւնը պիտի նշանակուի ծառայել ուր որ կարիք կայ իրենց բնիկ երկրին մէջ։ Քիչեր թերեւս ուրիշ երկիր նշանակուին, եթէ իրենք զիրենք մատչելի ընեն։
• Տեւողութիւն. երկու ամիս։
• Վայր. մասնաճիւղը կ’որոշէ. ընդհանրապէս համաժողովի սրահի մը կամ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ։
• Որակումներ. 23-62 տարեկան առողջ եւ ամուրի եղբայրներ, որոնք կը փափաքին իրենց եղբայրներուն ծառայել եւ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղել որեւէ տեղ, ուր կարիք կայ (Մար. 10։29, 30)։ Անոնք առնուազն երկու տարի անդադար որպէս օգնական ծառաներ կամ երէցներ պէտք է ծառայած ըլլան։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. եթէ այս դպրոցը տեղական մասնաճիւղի տարածքին մէջ մատչելի է, շրջանային համաժողովին ժողով մը կ’ըլլայ անոնց համար, որոնք արձանագրութեամբ հետաքրքրուած են։ Այս ժողովին մէջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրուին։
Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցd
• Նպատակ. ամուսնացած զոյգերուն մասնաւոր մարզում տալ, որպէսզի կարենան աւելի լիակատար կերպով գործածուիլ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան կողմէ։ Շրջանաւարտներու մեծամասնութիւնը պիտի նշանակուի ծառայել ուր որ կարիք կայ իրենց բնիկ երկրին մէջ։ Քիչեր թերեւս ուրիշ երկիր նշանակուին, եթէ իրենք զիրենք մատչելի ընեն։
• Տեւողութիւն. երկու ամիս։
• Վայր. առաջին քանի մը դասընթացքները կը կայանան Դիտարանի կրթական կեդրոնը, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։ Այնուհետեւ, այս դպրոցը պիտի կայանայ մասնաճիւղին որոշած վայրերը. ընդհանրապէս համաժողովի սրահի մը կամ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ։
• Որակումներ. 25-50 տարեկան ամուսնացած առողջ զոյգեր, որոնց պարագաները կը ներեն ծառայելու որեւէ տեղ ուր կարիք կայ, եւ որոնք «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» կեցուածքը ունին (Եսա. 6։8)։ Աւելին, անոնք առնուազն երկու տարի ամուսնացած պէտք է ըլլան, եւ այժմ առնուազն երկու տարի անդադար լիաժամ ծառայութեան մէջ պէտք է ըլլան։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. եթէ այս դպրոցը տեղական մասնաճիւղի տարածքին մէջ մատչելի է, միօրեայ մասնաւոր համաժողովին ժողով մը կ’ըլլայ անոնց համար, որոնք արձանագրութեամբ հետաքրքրուած են։ Այս ժողովին մէջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրուին։
Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադի դպրոց
• Նպատակ. ռահվիրաներ եւ ուրիշ լիաժամ ծառաներ մարզել՝ միսիոնարական ծառայութեան համար։
• Տեւողութիւն. հինգ ամիս։
• Վայր. Դիտարանի կրթական կեդրոն, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։
• Որակումներ. ամուսնացած զոյգեր, որոնք առաջին դիմումնագիրը լեցնելու ատեն, պէտք է ըլլան երեք տարուան մկրտուած եւ 21-38 տարեկան անհատներ։ Անոնք անգլերէն լեզուն խօսող, առնուազն երկու տարի ամուսնացած եւ այժմ առնուազն երկու տարի անդադար լիաժամ ծառայութեան մէջ պէտք է ըլլան։ Թեկնածուներուն առողջութիւնը լաւ պէտք է ըլլայ։ Ասկէ զատ, դիմում կրնան ներկայացնել նաեւ՝ օտար երկրի մը մէջ ծառայող ռահվիրաները (ներառեալ՝ անոնք որոնք միսիոնարական հանգամանք ունին), ճամբորդող տեսուչները, Պէթէլի ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ Ծառաներու մարզումի դպրոցի, Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցի ու Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցի նախկին շրջանաւարտները, եթէ որակումներուն գոհացում տան։
• Ինչպէ՛ս դիմում ներկայացնել. որոշ երկիրներու մէջ, այս դպրոցով հետաքրքրուողներուն համար ժողով մը կը կայանայ նահանգային համաժողովին։ Ժողովին մէջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրուին։ Եթէ երկրիդ նահանգային համաժողովներուն մէջ այսպիսի ժողով մը չի կայանար եւ կ’ուզես դիմում ներկայացնել, կրնաս յաւելեալ տեղեկութեան համար մասնաճիւղիդ նամակ գրել։
Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներու եւ անոնց կիներու դպրոց
• Նպատակ. Մասնաճիւղի յանձնախումբին անդամներուն օգնել, որ աւելի լաւ կերպով հոգ տանին այն գործին, որ կը պարփակէ՝ Պէթէլի տան վրայ վերահսկել, ժողովքներուն ազդող ծառայութեան հարցերուն ուշադրութիւն ընծայել, շրջաններուն ու նահանգներուն վերատեսչութիւն ընել, ինչպէս նաեւ՝ հրատարակութիւններ թարգմանել, տպել եւ առաքել, ու զանազան բաժանմունքներու վրայ վերահսկել (Ղուկ. 12։48բ)։
• Տեւողութիւն. երկու ամիս։
• Վայր. Դիտարանի կրթական կեդրոն, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։
• Որակումներ. Մասնաճիւղի յանձնախումբի կամ Երկրի յանձնախումբի անդամներ, կամ՝ եղբայրներ որոնք այդ հանգամանքով նշանակուած են։
• Ինչպէ՛ս արձանագրուիլ. որակեալ եղբայրներն ու անոնց կիները Կառավարիչ մարմինէն հրաւէր կը ստանան։
[Ստորանիշներ]
a Հիմակուհիմա, այս դպրոցը բոլոր երկիրներու մէջ մատչելի չէ։
b Հիմակուհիմա, այս դպրոցը բոլոր երկիրներու մէջ մատչելի չէ։
c Հիմակուհիմա, այս դպրոցը բոլոր երկիրներու մէջ մատչելի չէ։
d Հիմակուհիմա, այս դպրոցը բոլոր երկիրներու մէջ մատչելի չէ։