Մենք Եհովայէ կը Սորվինք
1 Աստուածային առաջնորդութեան ներքեւ, ներկայիս 233 երկիրներու մէջ դաստիարակչական միջազգային յայտագիր մը ի գործ կը դրուի։ Աշխարհի մատուցած ո՛չ մէկ բան կրնայ բաղդատուիլ անոր հետ։ Մեր Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովա, մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս կրնանք հիմա՛ մեր անձերուն օգտակար դառնալ, ինչպէս նաեւ, մեզ կը դաստիարակէ յաւիտենական կեանքի համար։—Եսայ. 30։20, ՆԱ. 48։17
2 Աստուածային Դաստիարակութեան Դպրոցներ. Նկատի առէք Եհովայի ժողովուրդին օգտին համար ներկայիս վարուող դպրոցները։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը, որ ամէն շաբաթ շուրջ 87,000 ժողովքներու մէջ կը վարուի, միլիոնաւոր Թագաւորութեան հրատարակիչներ կը մարզէ բարի լուրի ազդու քարոզիչներ ըլլալու համար։ Դուք այս դպրոցը արձանագրուած է՞ք։ Երկու շաբաթ տեւող Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը յաճախող հազարաւորներուն մաս կը կազմէ՞ք։ Թերեւս կանոնաւոր ռահվիրաներու համար ժամերու պահանջին նուազումը կարելի պիտի դարձնէ որ աւելի շատ թիւով անհատներ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն եւ որակելի ըլլան այս դպրոցը յաճախելու։ Երկու ամիս տեւող Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը, որ ներկայիս համայն աշխարհի մէջ կը վարուի՝ գլխաւոր լեզուներով, ամուրի երէցներն ու օգնական ծառաները կը մարզէ որ աստուածպետական աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ շալկեն։ Պարբերաբար, բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները մասնայատուկ հրահանգներ կը ստանան Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցին մէջ։
3 Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք, Դիտարանի Կրթական Կեդրոնի համալիրը կը գործածուի երեք մասնայատուկ դպրոցներու համար, որոնք աստուածպետական յաւելեալ մարզում կը հայթայթեն։ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին հինգ ամիս տեւող դասընթացքը, քարոզիչներ կը պատրաստէ օտար դաշտերու մէջ միսիոնարական գործունէութեան համար։ Աշխարհի չորս ծագերէն եկող Մասնաճիւղի Յանձնախումբերու անդամները երկու ամիս տեւող դասընթացքի մը կը հետեւին՝ մասնաճիւղերու վերաբերող կազմակերպչական հարցերու շուրջ։ 1999 Մայիսին, երկու ամիս տեւող նոր դասընթացք մը սկսաւ ճամբորդող տեսուչներուն համար. Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն 48 աշակերտներ ներկայ եղան առաջին դասարանին։ Ի վերջոյ Եհովայի բոլոր ծառաներն ալ հոյակապ օգուտներ կը քաղեն այս զանազան դպրոցներու միջոցաւ Եհովայի հայթայթած մարզումէն։
4 Ի՞նչ Նպատակով կ’Ուսուցուինք. Կառավարիչ Մարմինի անդամներէն մէկը հետեւեալը ըսաւ. «Դաստիարակչական մեր ընթացիկ յայտագիրը ծրագրուած է, Եհովայի բոլոր ծառաները ամէնուրեք Առակաց 1։1-4–ի մէջ նկարագրուած հասունութեան ընտիր վիճակին մէջ բերելու համար»։ Թող որ Եհովա շարունակէ իւրաքանչիւրիս «իմաստուններու լեզու» տալ։—Եսայ. 50։4