2004–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը
1 Եհովա սովորական մարդիկ կը զինէ տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող գործ մը կատարելու համար։ Այս նպատակով ան կը գործածէ՝ ամէն շաբաթ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ հայթայթուած մարզումը։ Ձեր պարագաներուն ներած չափով անոր կը մասնակցի՞ք։ Յունուարին կարգ մը ճշդումներ ի զօրու պիտի ըլլան, աշակերտներուն օգնելու համար որ այս կարգադրութիւններէն լաւագոյնս օգտուին։
2 Օժանդակ Խրատատուին Տարեկան Փոխուիլը. Հրահանգիչ ուղերձ եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրները, օժանդակ խրատատուին ներկայացուցած դիտողութիւնները գնահատած են։ Հոն ուր բաւարար թիւով որակելի երէցներ կան, կարելի է ամէն տարի նոր օժանդակ խրատատու մը նշանակել։ Այս կերպով պատասխանատուութեան բեռը կրնայ բաժնուիլ. բայց աւելի կարեւորը, երէցներն ու որակելի օգնական ծառաները պիտի օգտուին ատակ դասախօսներու եւ ուսուցիչներու փորձառութենէն։
3 Բերանացի Վերաքաղը Յայտագրել. Եթէ ձեր ժողովքը բերանացի վերաքաղին շաբաթը շրջանային համաժողով ունի, վերաքաղը (եւ մնացեալ յայտագիրը) յաջորդ շաբթուան պէտք է յետաձգուի, եւ յաջորդ շաբթուան յայտագիրը համաժողովին շաբաթը պէտք է գործածուի։ Սակայն, երբ բերանացի վերաքաղը զուգադիպի շրջանային տեսուչին այցելութեան, հարկ չկայ նոյն քայլը առնելու։ Փոխարէն, երգեցողութիւնը, խօսակցութեան յատկութեան դասախօսութիւնը եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը, յայտագրին համաձայն պէտք է ներկայացուին։ Հրահանգիչ ուղերձը (որ խօսակցութեան յատկութեան դասախօսութենէն ետք պիտի ներկայացուի) յաջորդ շաբթուան յայտագրէն պէտք է առնուի։ Աչքառու կէտերուն պիտի յաջորդէ կէս ժամ տեւող Ծառայութեան Ժողով, որ կրնայ պարփակել երեք 10 վայրկեաննոց կամ երկու 15 վայրկեաննոց բաժիններ։ (Բացման ծանուցումները չեղեալ պէտք է նկատուին։) Ծառայութեան Ժողովին պիտի յաջորդեն երգեցողութիւն մը եւ կէս ժամ տեւող յայտագիր մը շրջանային տեսուչին կողմէ։ Իսկ յաջորդ շաբթուան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հետեւեալ կերպով պիտի վարուի. յայտագրին համաձայն խօսակցութեան յատկութեան դասախօսութիւնը եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերը, ապա բերանացի վերաքաղը։
4 Հոգեւոր աճման իւրաքանչիւր պատեհութենէն օգտուեցէք։ Մինչ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն կ’օգտուիք, ձեր ժողովքը կը քաջալերէք, Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման մէջ դեր կը խաղաք, եւ մեր ծանուցանելիք հոյակապ պատգամին Հեղինակին փառք կը բերէք։—Եսայ. 32։3, 4. Յայտ. 9։19