Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/08 էջ 1
  • Ժողովքային հանդիպումի նոր ծրագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ժողովքային հանդիպումի նոր ծրագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաշտի ծառայութեան ժողովները իրենց նպատակը կ’իրագործեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ջերմօրէն հրաւիրուած ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • «Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը» ժողովին նկատմամբ ուղղութիւններ
    «Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը» ժողովին նկատմամբ ուղղութիւններ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 10/08 էջ 1

Ժողովքային հանդիպումի նոր ծրագիր

1, 2. Յունուար 2009–էն սկսեալ, ժողովներուն նկատմամբ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան։

1 2008–ի ապրիլ 21-27–ի ընթացքին, համաշխարհային եղբայրութիւնը հետաքրքրաշարժ ծանուցում մը լսեց։ «1 յունուար 2009–էն սկսեալ, Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւնը, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը եւ Ծառայութեան ժողովը միասնաբար տեղի պիտի ունենան։ Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութեան անունը պիտի ըլլայ՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն»։

2 Այս շաբաթական ժողովին ծրագիրը։ Այս ժողովը պիտի տեւէ 1 ժամ եւ 45 վայրկեան, ի ներառեալ՝ երգեցողութիւններն ու աղօթքները։ Ժողովը պիտի սկսի երգեցողութեամբ եւ աղօթքով (5 վյրկ.), որուն պիտի յաջորդէ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը (25 վյրկ.)։ Անոր անմիջապէս պիտի յաջորդէ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը (30 վյրկ.)։ Ապա երգեցողութիւն մը (5 վյրկ.) եւ Ծառայութեան ժողովը (35 վյրկ.)։ Ժողովը երգեցողութեամբ եւ աղօթքով պիտի եզրափակուի (5 վյրկ.)։ Քեզի օգնելու որ այս ժողովներուն նիւթերը պատրաստես, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին եւ Ծառայութեան ժողովին ծրագիրը ամիս առ ամիս պիտի հրատարակուի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։

3. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս պիտի վարուի։

3 Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն։ Այս ժողովը Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ժողովին նման պիտի վարուի։ Բացման խօսքերուն մէջ նախորդ շաբթուան նիւթը վերաքաղ ընելու հարկ չկայ։ Փոխարէն, ժողովին բացումը շատ հակիրճ պէտք է ըլլայ, որպէսզի բոլոր ներկաները կարենան համառօտ մեկնաբանութիւններ ընել։ Վերակացու տեսուչը երէցներ պիտի նշանակէ այս ժողովը վարելու,– ամէն շաբաթ տարբեր երէց մը։

4. Ծառայութեան ժողովը ի՞նչ տարողութեամբ պիտի փոխուի։

4 Ծառայութեան ժողով։ Ծառայութեան ժողովը նոյնը պիտի մնայ, բայց աւելի կարճ բաժիններով։ Ծանուցումները սովորաբար հինգ վայրկեան պիտի տեւեն, ծածկելով կարեւոր յայտարարութիւններ ու մասնաճիւղէն եկած որոշ նամակներ։ Կարգ մը ծանուցումներ, ինչպէս՝ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւններ, մաքրութեան ծրագիրներ, հաշիւի տեղեկագիրներ եւ մասնաճիւղէն եկած սովորական նամակներ, ամպիոնէն կարդացուելու հարկ չկայ, այլ անոնք տեղեկութիւններու ցուցատախտակին վրայ պիտի դրուին։ Բաժին ունեցողները լաւ պէտք է պատրաստուին, ժամանակաւորումը յարգեն ու հրահանգներուն սերտօրէն կառչին։

5. Շրջանային տեսուչին այցելութեան շաբաթը, ժողովքային հանդիպումին ծրագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

5 Շրջանային տեսուչին այցելութիւնը։ Շրջանային տեսուչին շաբաթական ծրագիրը անփոփոխ պիտի մնայ։ Երեքշաբթի օրը՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը եւ Ծառայութեան ժողովը տեղի պիտի ունենան, որոնց երգեցողութիւն մը պիտի յաջորդէ։ Ապա շրջանային տեսուչը 30 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ։ Ինչպէս որ հիմա տեղի կ’ունենայ այցելութեան շաբաթը, որոշ երեկոյ մը պիտի նշանակուի Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան համար, որուն պիտի յաջորդէ երգեցողութիւն մը, ապա՝ շրջանային տեսուչին ծառայութեան դասախօսութիւնը։ Ժողովը երգեցողութեամբ եւ աղօթքով պիտի աւարտի։

6. Խումբի տեսուչին դերը ի՞նչ է։

6 Դաշտի ծառայութեան ժողովներ։ Երէցներու մարմինը խումբի տեսուչներ պիտի նշանակէ, որպէսզի դաշտի ծառայութեան խումբերուն հոգ տանին ու խումբի անդամները հովուեն։ Երբ հարկ ըլլայ որ օգնական ծառայ մը այդ դերը ստանձնէ, ան «խումբի ծառայ» պիտի կոչուի։

7. Մեր ժողովքային հանդիպումի նոր ծրագրէն ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

7 Վերոյնշեալ կէտերուն համաձայն, հոգեւոր կոչունքի դաստիարակիչ ու շինիչ երեկոյ մը վայելելու պատեհութիւնը պիտի ունենանք։ Ասիկա մեզ կարող պիտի դարձնէ որ ազդու քարոզիչներ եւ ուսուցիչներ ըլլանք, աւելի պտղաբեր ծառայութեան մը համար մարզուած (Եփ. 4։13, 14. Բ. Տիմ. 3։17)։

8. Անհատական նախապատրաստութիւնը ի՞նչպէս օգտակար պիտի ըլլայ մեզի եւ ուրիշներուն։

8 Այս ժողովներուն նիւթերը պատրաստելը մեզի պիտի օգնէ իւրաքանչիւր ժողովի ընթացքին շեշտուած գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանալու։ Բոլորս ալ պատեհութիւն պիտի ունենանք պատասխաններ տալու, փոխադարձ քաջալերութեան նպաստելով (Հռով. 1։11, 12. Եբ. 10։24)։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ ‘մեր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ընել’, «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով» (Ա. Տիմ. 4։15. Բ. Տիմ. 2։15)։

9. Ի՞նչ վճռած ենք ընել եւ ինչո՞ւ։

9 Մեր ժողովքային հանդիպումներուն այս նշանակալից փոփոխութեամբ կ’ուրախանանք։ Շարունակենք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին տուած ուղղութենէն օգտուիլ եւ մեր Մեծ Հովիւին մօտիկ մնալ, մինչ մեզ կը պատրաստէ «մեծ նեղութեան», որ այժմ հորիզոնին վրայ է (Մատ. 24։21, 45. Եբ. 13։20, 21. Յայտ. 7։14)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել