Ջերմօրէն հրաւիրուած ես
ԹԵՐԵՒՍ Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին առջեւէն անցած ես ու հարց տուած ես, թէ ներսը ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Գիտէի՞ր թէ անոնց շաբաթական ժողովները բաց են հանրութեան դիմաց։ Այցելուները ջերմ ընդունելութիւն կը ստանան։
Սակայն թերեւս կարգ մը հարցումներ ունիս։ Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կը ժողվուին։ Այդ ժողովներուն ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։ Իսկ Եհովայի վկայ չեղող այցելուներ ժողովներուն մասին ի՞նչ կ’ըսեն։
«Հաւաքեցէք ժողովուրդը»
Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, մարդիկ իրարու քով եկած են՝ Աստուած պաշտելու եւ իր մասին սորվելու։ Շուրջ 3500 տարի առաջ, իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ. «Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն» (Բ. Օրինաց 31։12)։ Ուստի Իսրայէլի մէջ, թէ՛ պզտիկները եւ թէ մեծերը կը սորվէին Եհովա Աստուած պաշտել եւ անոր հնազանդիլ։
Դարեր ետք, երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ, ժողովները շարունակեցին ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ երեսակը ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ, սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար։ Բնաւ չդադրինք պաշտամունքի հաւաքոյթներուն մասնակցելէ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրեր են. ընդհակառակը, այդ ուղղութեամբ աւելի եւս յորդորենք իրար» (Եբրայեցիս 10։24, 25, Անթիլիաս)։ Ինչպէս ընտանեկան կապերը կ’ամրապնդուին, երբ ընտանիքի անդամները իրարու հետ ժամանակ կ’անցընեն, նոյնպէս Աստուծոյ ծառայել փափաքողներուն միջեւ սիրոյ կապերը կը զօրանան, երբ քրիստոնեաները պաշտամունքի համար իրարու քով կը հաւաքուին։
Այս աստուածաշնչական նախադէպերուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովայի վկաները իրենց Թագաւորութեան սրահներուն մէջ շաբաթը երկու անգամ կը ժողվուին։ Ժողովները ներկաներուն կ’օգնեն Աստուածաշունչի սկզբունքները գնահատելու, հասկնալու եւ գործադրելու։ Հոն ուր կարելի է, յայտագիրը նոյնն է համայն աշխարհի մէջ, եւ իւրաքանչիւր ժողով յատուկ հոգեւոր նպատակ ունի։ Ժողովներէն առաջ եւ ետք, ներկաները շինիչ խօսակցութեամբ ‘զիրար կը քաջալերեն’ (Հռովմայեցիս 1։12, Անթիլիաս)։ Իւրաքանչիւր ժողով ի՞նչպէս կ’ընթանայ։
Աստուածաշնչական դասախօսութիւն
Շատեր առաջին անգամ ներկայ կ’ըլլան հանրութեան համար պատրաստուած աստուածաշնչական դասախօսութեան մը, որ սովորաբար շաբաթավերջին տեղի կ’ունենայ։ Յիսուս Քրիստոս յաճախ ճառեր կու տար,– անոնցմէ մէկն է համբաւաւոր Լերան քարոզը (Մատթէոս 5։1. 7։28, 29)։ Պօղոս առաքեալ Աթէնքի մարդոց բանախօսեց (Գործք 17։22-34)։ Անոնց օրինակին հետեւելով, Եհովայի վկաներու մէկ ժողովը կը ներկայացնէ դասախօսութիւն մը, որ յատկապէս հանրութեան համար ծրագրուած է, քանի որ ոմանք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով ժողովի մը ներկայ կը գտնուին։
Ժողովը երգեցողութեամբ մը կը սկսի, առնուած՝ Եհովան փառաբանենք մեր երգերով գիրքէն։a Բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն, կրնան ոտքի կայնիլ ու երգեցողութեան մասնակցիլ։ Կարճ աղօթքէ ետք, որակեալ դասախօս մը 30 վայրկեան տեւող դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէ (տե՛ս «Հանրութեան համար գործնական դասախօսութիւններ» շրջանակը)։ Անոր դասախօսութիւնը հաստատօրէն հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ։ Դասախօսը յաճախ ներկաները կը հրաւիրէ որ որոշ համարներ բանան եւ ընթերցանութեան հետեւին։ Հետեւաբար, կրնաս Աստուածաշունչդ հետդ բերել, կամ կրնաս Եհովայի վկայէ մը խնդրել որ ժողովէն առաջ քեզի Աստուածաշունչ մը տայ։
Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն
Եհովայի վկաներու գրեթէ բոլոր ժողովքներուն մէջ, հանրային դասախօսութեան կը յաջորդէ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը, որ աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ հարց–պատասխանով քննարկութիւն է եւ մէկ ժամ կը տեւէ։ Այս ժողովը ներկաները կը քաջալերէ որ Պօղոսի ժամանակակից բերիացիներուն օրինակին հետեւին, որոնք «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին» (Գործք 17։11)։
Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը երգեցողութեամբ կը սկսի։ Քննարկուած տեղեկութիւնը եւ վարիչին ուղղած հարցումները հայթայթուած են Դիտարան–ի ուսումնասիրական հրատարակութեան մէջ, եւ կրնաս զայն Եհովայի վկայէ մը ձեռք ձգել։ Վերջերս քննարկուեցան սա նիւթերը. «Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները սիրով մարզեցէք», «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» եւ «Տառապանքին վախճանը ինչո՛ւ մօտ է»։ Թէեւ ժողովը հարց–պատասխանով կը վարուի, բայց ներկաներուն մասնակցութիւնը կամաւոր է եւ պատասխանները սովորաբար կը ներկայացուին անոնց կողմէ, որոնք առաջուընէ յօդուածը եւ անոր համարները կարդացած են ու անոնց մասին խորհրդածած են։ Ժողովը կ’եզրափակուի երգեցողութեամբ եւ աղօթքով (Մատթէոս 26։30. Եփեսացիս 5։19)։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Իւրաքանչիւր շաբաթ՝ երեկոյ մը, Եհովայի վկաները Թագաւորութեան սրահին մէջ դարձեալ կը հաւաքուին, երեք մասերէ բաղկացած յայտագրի մը համար, որ 1 ժամ եւ 45 վայրկեան կը տեւէ։ Առաջին նիստը Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնն է, որ 25 վայրկեան կը տեւէ։ Անիկա ներկաներուն կ’օգնէ որ Աստուածաշունչին աւելի քաջածանօթ ըլլան, իրենց մտածումն ու վերաբերմունքը ճշդեն, եւ որպէս Քրիստոսի աշակերտներ բարելաւուին (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան նման, այս ժողովը աստուածաշնչական նիւթ մը հարց–պատասխանով կը քննարկէ, եւ մեկնաբանութիւնները կամաւորաբար կը տրուին։ Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւնը սովորաբար գիրք մը կամ գրքոյկ մըն է, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
Ժողովին մէջ ինչո՞ւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ կը գործածուին։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, պարզապէս Աստուծոյ Խօսքը կարդալը բաւարար չէր։ «Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին» (Նէեմիա 8։8)։ Վերջին տարիներուն, Եսայիի, Դանիէլի եւ Յայտնութիւն գիրքերը քննարկող հրատարակութիւնները, այս ժողովին ներկայ եղողներուն օգնած են Աստուածաշունչի այս հատուածները հասկնալու։
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան կը յաջորդէ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը։ Այս 30 վայրկեան տեւող ժողովը քրիստոնեաներուն կ’օգնէ որ «սորվեցնելու արուեստ»ը մշակեն (Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ)։ Օրինակ, զաւակդ կամ բարեկամ մը Աստուծոյ կամ Աստուածաշունչին մասին հարցում մը ուղղա՞ծ է քեզի, եւ գոհացուցիչ պատասխան մը տալու դժուարութիւն ունեցած ես։ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը կրնայ քեզի սորվեցնել ի՛նչպէս դժուար հարցումներու քաջալերական ու Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած պատասխաններ տալ։ Այսպէս կրնանք Եսայի մարգարէին խօսքերը երկրորդել, որ ըսաւ. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին» (Եսայի 50։4)։
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը կը սկսի դասախօսութեամբ մը, հիմնուած՝ Աստուածաշունչի որոշ մէկ հատուածին վրայ, զոր ներկաները նախապէս կարդացած են։ Դասախօսութենէն ետք, դասախօսը ներկաները կը հրաւիրէ որ նշանակուած ընթերցանութեան մասին հակիրճ մեկնաբանութիւններ տան։ Այս քննարկումէն ետք, դպրոցին աշակերտները իրենց նշանակուած բաժինները կը ներկայացնեն։
Աշակերտները բեմէն կը կարդան Աստուածաշունչի մէկ հատուածը եւ ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կարելի է ուրիշի մը բացատրել աստուածաշնչական նիւթ մը։ Իւրաքանչիւր նշանակումէ ետք, փորձառու խրատատու մը աշակերտը կը գովէ իր իրագործումին համար, օգտագործելով Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը։ Ետքը, առանձնաբար ան կրնայ թելադրութիւններ տալ թէ աշակերտը ի՛նչպէս կրնայ բարելաւումներ ընել։
Յայտագրին այս արագընթաց մասը պատրաստուած է օգնելու ո՛չ միայն աշակերտին, այլ նաեւ՝ բոլոր ներկաներուն, որոնք կը փափաքին իրենց ընթերցանութեան, խօսելու եւ ուսուցանելու հմտութիւնները բարելաւել։ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցէն ետք, Աստուածաշունչի որոշ մէկ հատուածին վրայ հիմնուած երգեցողութեամբ մը կը սկսի Ծառայութեան ժողովը։
Ծառայութեան ժողով
Յայտագրին վերջին մասն է՝ Ծառայութեան ժողովը։ Դասախօսութիւններով, ցուցադրութիւններով, հարցազրոյցներով եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ, ներկաները կը սորվին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ազդուօրէն ուսուցանել։ Իր աշակերտները քարոզելու ղրկելէ առաջ, Յիսուս զանոնք հաւաքեց եւ անոնց յստակ ցուցմունքներ տուաւ (Ղուկաս 10։1-16)։ Այսպէս աւետարանելու գործին լիովին պատրաստուած ըլլալով, անոնք հետաքրքրական փորձառութիւններ վայելեցին, ապա իրենց ըրածը տեղեկագրեցին Յիսուսի (Ղուկաս 10։17)։ Աշակերտները յաճախ իրենց փորձառութիւնները իրարու կը պատմէին (Գործք 4։23. 15։4)։
Ծառայութեան ժողովի 35 վայրկեան տեւող յայտագիրը կը տրուի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը խորագրով միամսեայ թերթիկին մէջ։ Վերջերս նկատի առնուեցան սա նիւթերը. «Եհովան պաշտել որպէս ընտանիք», «Ինչո՛ւ կրկին անգամ կը վերադառնանք» եւ «Ծառայութեան մէջ Քրիստոսը ընդօրինակէ»։ Յայտագիրը երգեցողութեամբ կ’եզրափակուի, եւ ժողովքի անդամ մը փակման աղօթքը կը ներկայացնէ։
Այցելուներ ի՛նչ ըսած են
Ժողովքները կը ջանան ամէն ոք սիրով ընդունիլ։ Օրինակ, Էնտրուն Եհովայի վկաներուն մասին բազմաթիւ բացասական պատմութիւններ լսած էր։ Բայց երբ իր առաջին ժողովին եկաւ, ան իր ստացած ընդունելութեան համար ապշած մնաց։ «Հաճելի վայր մըն էր», կ’ըսէ Էնտրու։ «Զիս անակնկալի բերին ներկաներուն շատ բարեկամական ըլլալն ու ինձմով մեծապէս հետաքրքրուիլը»։ Ասոր համաձայն կը գտնուի Քանատայի մէջ բնակող պատանուհի Աշէլ՝ ըսելով. «Ժողովը շատ հետաքրքրական էր։ Յայտագրին հետեւիլը դիւրին էր»։
Պրազիլի մէջ բնակող Հոսէ, իր յարձակողական վերաբերմունքով ճանչցուած էր։ Այսուհանդերձ, ան տեղական Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուելու հրաւիրուեցաւ։ «Թագաւորութեան սրահին մէջ եղողները վարքիս տեղեակ ըլլալով հանդերձ, ջերմ բարի գալուստ մաղթեցին», կ’ըսէ ան։ Ճափոնի մէջ բնակող Ացուշի կը մտաբերէ. «Երբ առաջին անգամ Եհովայի վկաներու մէկ ժողովին ներկայ գտնուեցայ, ինքզինքս քիչ մը օտար զգացի։ Բայց եւ այնպէս, անդրադարձայ թէ անոնք բնական մարդիկ են։ Անոնք իրապէս ջանք թափեցին որ հանգիստ զգամ»։
Բարի եկած ես
Ինչպէս վերոնշեալ մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան, Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներու ներկայ գտնուիլը կրնայ շատ վարձահատոյց փորձառութիւն մը ըլլալ։ Աստուծոյ մասին պիտի սորվիս եւ, տրուած աստուածաշնչական ցուցմունքներուն միջոցաւ, Եհովա Աստուած «քեզի օգտակար եղածը» պիտի սորվեցնէ (Եսայի 48։17)։
Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ որեւէ հանգանակութիւն չկայ, եւ մուտքը ազատ է։ Կը փափաքի՞ս Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Ջերմօրէն հրաւիրուած ես։
[Ստորանիշ]
a Այս յօդուածին մէջ նշուած բոլոր հրատարակութիւնները, Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած են։
[Շրջանակ՝ էջ 11]
Հանրութեան համար գործնական դասախօսութիւններ
Աստուածաշնչական դասախօսութիւնները կ’ընտրուին աւելի քան 170 բնաբաններէ, ի ներառեալ հետեւեալները.
◼ Մարդուն ծագումը. տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ի՛նչ բանի կը հաւատաք
◼ Սեռի եւ ամուսնութեան նկատմամբ աստուածային տեսակէտը
◼ Երկիրը աւերողները աստուածային պատիժին կ’արժանանան
◼ Կեանքի մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլել
◼ Կեանքը միայն ա՞յս է
[Նկար՝ էջ 11]
Աստուածաշնչական դասախօսութիւն
[Նկար՝ էջ 11]
Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւն
[Նկարներ՝ էջ 12]
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
[Նկար՝ էջ 12]
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
[Նկար՝ էջ 13]
Ծառայութեան ժողով