Հարցումի Տուփ
◼ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին, Ծառայութեան Ժողովին, Հանրային Ժողովին եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան բացման երգեցողութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ներկայացուի եւ որո՞ւն կողմէ։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի իւրաքանչիւր շաբթուան բացման երգեցողութիւնը նշուած է Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագրին մէջ, որ Հոկտեմբեր ամսուան Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածն է։ Իւրաքանչիւր շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին բացման ու փակման երգեցողութիւնները նշուած են Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 2–րդ էջին վրայ։ Նոյնպէս, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր շաբթուան երգեցողութեան թիւերը կը գտնուին իւրաքանչիւր Դիտարան–ի 2–րդ էջին մէջ։ Նշանակուած երգեցողութիւնները ժողովին անբաժան մէկ մասը կը նկատուին, եւ հետեւաբար պէտք է ժողովը վարող եղբօր կողմէ ներկայացուին, փոխանակ նախորդ ժողովի ատենապետը զանոնք ներկայացնելու։
Օրինակ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի տեսուչը ներկաներուն բարի գալուստ պիտի մաղթէ, բացման երգեցողութիւնը ներկայացնէ, դպրոցը վարէ, ապա Ծառայութեան Ժողովին առաջին դասախօսը բեմ հրաւիրէ։ Ծառայութեան Ժողովին առաջին բաժինը ունեցող եղբայրն է որ Ծառայութեան Ժողովը բացող երգեցողութիւնը պիտի ներկայացնէ։
Նոյնպէս, Հանրային Ժողովը պիտի սկսուի ատենապետի մը կողմէ։ Ան ջերմօրէն բարի գալուստ պիտի մաղթէ բոլոր ներկաներուն եւ զիրենք պիտի հրաւիրէ որ դասախօսին ընտրած բացման երգեցողութեան մասնակցին։ Ատենապետը (կամ նախապէս նշանակուած այլ որակեալ եղբայր մը) ժողովը պիտի բանայ աղօթքով։ Ան դասախօսը պիտի ներկայացնէ եւ դասախօսութեան նիւթը պիտի նշէ։ Դասախօսութենէն ետք, ատենապետը տրուած ցուցմունքներուն համար գնահատական երկու խօսք պիտի ըսէ, առանց դասախօսին ըսածները ամփոփելու։ Ան յաջորդ շաբթուան հանրային դասախօսութեան բնաբանը պիտի ծանուցանէ, ապա բոլոր ներկաները պիտի հրաւիրէ որ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան մնան։ Հարկ չկայ որ ատենապետը ներկաներուն հարցնէ թէ կը փափաքի՞ն այցելու դասախօսին ժողովքին բարեւներ ղրկել։ Անկէ ետք, ատենապետը Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչը բեմ պիտի հրաւիրէ։
Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչը ուսումնասիրութեան հետ գործածուելիք առաջին երգեցողութիւնը պիտի ներկայացնէ։ Ան ուսումնասիրութիւնը պիտի վարէ հրատարակուած հրահանգներուն համաձայն, ապա փակման երգեցողութիւնը պիտի ծանուցանէ։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչը սովորաբար պիտի հրաւիրէ այն եղբայրը, որ հանրային դասախօսութիւնը տուաւ, որպէսզի փակման աղօթքը ներկայացնէ։
Այս ընդհանուր ուղեգծերը յարգելը պիտի օգնէ որ մեր ժողովքային հանդիպումներու վարելու կերպը միաձեւ ըլլայ։