ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՄԱՅԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Մայիս 4-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ ծառայութեան մասնակցին այս շաբաթավերջին։
20 վյրկ. «Ուշադրութիւնը Ուղղեցէք Աստուածաշունչի Մարգարէութեան»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Ցուցադրեցէք թելադրուած ներկայացումները։ Կարելի է առաջարկել յաւելեալ ներկայացումներ։
15 վյրկ. «Բացման Խօսքերը Կրնան Տարբերութիւն Ընել»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առէք։ Փորձա՞ծ են Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան վերջին թիւերուն մէջ թելադրուած բացումներէն մի քանի հատը, որոնց մեծամասնութիւնը առնուած է Պատճառաբանել գիրքէն։ Ո՞ր բացումները մեծապէս ազդեցիկ են տեղական թաղամասին մէջ։ Ե՞րբ հրատարակիչները դաշտի ծառայութեան համար իրենց բացումները կը պատրաստեն ու փորձ կ’ընեն։ Ներկայացուցէք երկու կամ երեք հակիրճ ցուցադրութիւններ այն բացումներուն մասին որոնք ազդեցիկ են տեղականօրէն։
Երգեցողութիւն 32 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 11-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 27
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Ազդեցիկ Վերայցելութիւններ Ըրէք»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցեցէք յօդուածին բանալի կէտերուն մասին, թերեւս պարփակելով հակիրճ նոր փորձառութիւն մը՝ ուր վերայցելութեան մը արդիւնքն էր յաւելեալ հետաքրքրութիւն գրգռել։ Վերջին 6–8 վայրկեանները գործածեցէք ցուցադրելու թէ ինչպէս Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը կ’օգնէ երկու կամ երեք հրատարակիչներու որ նախապատրաստուին վերայցելելու տեղական թաղամասին մէջ վերջերս գտնուած հետաքրքրուած անհատները։ Եթէ կարելի է, գործածեցէք իսկական վերայցելութիւններ զորս հրատարակիչները հետագային պիտի ընեն։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն 172 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 18-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։ Ուրուագծեցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները։
20 վյրկ. «Հոգեւոր Նպատակակէտներ Հետապնդելը Քաջալերեցէք»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն՝ երէցի մը միջոցաւ։ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, տեսակցութիւն ունեցէք օրինակելի հրատարակիչի մը հետ, որ որպէս պատանի մը ընդառաջած է քաջալերանքին որ հոգեւոր նպատակակէտներ ցանկայ։ Ինչպէ՞ս քաջալերուեցաւ։ Երբ 7–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ցոյց տուէք այն գործնական օգուտները զորս թէ՛ ծնողները եւ թէ պատանիները պիտի քաղեն վերաքաղ ընելով Երիտասարդները կը Հարցնեն գրքի 22, 38, եւ 39–րդ գլուխները։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
Երգեցողութիւն 204 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 25-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 81
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։ Փորձառութիւններ՝ բաժանորդագրութիւններ ներկայացնելու մասին։
15 վյրկ. Հաւատուրացութենէն Դուք Ձեզ Պաշտպանեցէք։ Խօսակցութիւն երէցի մը ու հրատարակիչի մը միջեւ, որոնք սեղանի մը շուրջ նստած են։ Հրատարակիչը կը բացատրէ թէ ծառայութեան ատեն հանդիպեցաւ մէկու մը որ կը կարդար հաւատուրաց գրականութիւններ։ Հրատարակիչը երէցին կ’ըսէ թէ ինք կը զգայ որ տանուտէրը անկեղծ է իր ուղղած հարցումներուն նկատմամբ։ Հրատարակիչը մերժեց տանուտիրոջ մատուցած հաւատուրաց գրականութիւնը, բայց կը փափաքի տանուտիրոջ հարցումներուն պատասխանել։ Երէցը կը գովէ հրատարակիչը իր լաւ վերաբերմունքին ու արարքին համար։ Քան թէ խօսակցիլ թէ հաւատուրացները ի՛նչ գրած կամ ըսած են, իմաստութիւն է կեդրոնանալ հարցերու նկատմամբ Սուրբ Գրային տեսակէտին վրայ, ինչպէս որ ներկայացուած է Պատճառաբանել գրքին մէջ։ Երէցը կը հրաւիրէ հրատարակիչը որ իր Պատճառաբանել գիրքը բանայ, եւ միասնաբար վերաքաղ կ’ընեն էջ 34–7 (31–4, Արբ.)։ Խօսակցութիւնը պէտք է ջերմ ու քաջալերական ըլլայ մինչ նկատի կ’առնեն հաւատուրացութեան սահմանումը, իւրաքանչիւր ենթագլուխը, եւ ընտրուած բանալի համարներ՝ ինչպէս որ ժամանակը կը ներէ։ Խօսակցութիւնը եզրափակեցէք դրական մեկնաբանութիւններով՝ ուսումնասիրութեան համար մեզի մատչելի եղած շինիչ ու քաջալերական բոլոր նիւթերուն մասին։ Տանուտիրոջ հետ շինիչ պատգամ մը բաժնեցէք։ Եթէ ան անկեղծ է, պիտի տեսնէ տարբերութիւնը ճշմարտութեան դրական մօտեցումին ու հաւատուրացներուն ժխտական, քննադատական մօտեցումին միջեւ։ Մերժելով հաւատուրաց մտածելակերպն ու գրականութիւնները, կը ցուցաբերենք մեր հաւատարմութիւնը Եհովայի ու իր տեսանելի կազմակերպութեան հանդէպ։
20 վյրկ. «Օրական Հոգեւոր Սնունդը—Անհրաժեշտ Է Քրիստոնէական Ընտանիքին Համար»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։
Երգեցողութիւն 14 եւ փակման աղօթք։