ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յուլիս 6-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 123
10 վյրկ. Յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն եւ որեւէ տեղական ծանուցում։ Նաեւ, ցցուն ըրէք մասնայատուկ երկու խօսակցական կէտեր զորս կարելի է գործածել Դիտարան Յուլիս 1, 1992, (Անգլ.) թիւը ներկայացնելու ատեն, վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
20 վյրկ. «Գրքոյկները Ցցուն Ըրէք՝ Ձեր Թագաւորութեան Յոյսը Բաժնելու Համար»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել եւ ցուցադրութիւններ։ Ժողովքին տեղեակ պահեցէք մատչելի գրքոյկներէն, եւ ունկնդիրներէն խնդրեցէք մեկնաբանութիւններ այն գրքոյկներուն մասին որոնք յատկապէս յարմար պիտի ըլլան տեղական թաղամասին։ Երբ նկատի կ’առնէք 9–րդ պարբերութիւնը, ցուցադրեցէք թէ ի՛նչպէս կարելի է յարմար գրքոյկ մը անպաշտօն կերպով ներկայացնել դրացիի մը, գործակիցի մը, կամ ուրիշներու։ Եթէ ժամանակը թոյլատրէ, թող որ նախապէս նշանակուած հրատարակիչներ պատմեն գրքոյկներ գործածելուն առնչութեամբ իրենց ունեցած փորձառութիւնները։ Խանդավառօրէն քաջալերեցէք եղբայրները որ Յուլիսին լման բաժին բերեն գրքոյկներ ներկայացնելուն մէջ, վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
15 վյրկ. Ձեր Ժամանակը Իմաստութեամբ Գործածեցէք Արձակուրդի Ատեն։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ հիմա ծրագրեն արձակուրդի ամիսներուն ընթացքին յաւելեալ ժամանակը գործածել աստուածպետական շահերը յառաջացնելու։ Պարփակեցէք թելադրութիւններ անպաշտօն կերպով վկայելու համար ճամբորդութեան ատեն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ անձնական նպատակակէտեր դնեն, մէջը ըլլալով շաբաթական Աստուածաշունչի ընթերցումին հետ քայլ պահել, Ընկերութեան գրականութիւնները կարդալ, եւ ամառուան ամիսներուն ընթացքին յաւելեալ ժամանակը իմաստութեամբ օգտագործել։
Երգեցողութիւն 63 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 13-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ժողովքին վերյիշեցուցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները։
20 վյրկ. «Մեր Բացումը Գրականութեան Հետ Կապենք»։ Հակիրճ դասախօսութիւն մը եւ ցուցադրութիւններ։ Կարգադրեցէք որ պատանի հրատարակիչ մը ցուցադրէ սուրբ գրային ներկայացում մը, գործածելով 2–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած թելադրութիւնները։ Երբ Եսայեայ 65։21–23–ը պիտի մէջբերէք, գործածեցէք 5–րդ պարբերութեան մէջ ուրուագծուած մօտեցումը։ Ուրիշ հրատարակիչ մը կը ցուցադրէ «Ահա» գրքոյկին ներկայացումը, օգտագործելով 3–րդ եւ 4–րդ պարբերութիւններուն թելադրութիւնները։ Երկու պարագաներուն ալ, ատենապետը պէտք է շեշտէ թէ ի՛նչպէս բացումը կապուեցաւ գրականութեան ներկայացման հետ։ Ցուցադրութեան մը մէջ ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս հրատարակիչը պիտի վարուի եթէ տանուտէրը որոշ հետաքրքրութիւն չյայտնաբերէ։ Ժողովքին վերյիշեցուցէք որ ժողովէն ետք առնեն գրքոյկներէն ու պարբերաթերթերէն քանակ մը։
15 վյրկ. Հարցումներ Արմագեդոնի Մասին։ Դասախօսութիւն Պատճառաբանել գրքի տեղեկութիւններուն հիման վրայ, էջ 44–9, (էջ 399–404, Արբ.)։
Երգեցողութիւն 114 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 20-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 55
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առէք ժողովքին դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը Յունիս ամսուան համար, տալով գովասանք ու պէտք եղած քաջալերութիւն բարելաւութեան համար։ Մատնանշեցէք թէ խոկալը տարուան համարին եւ ընդհանուր պարունակութեան վրայ ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի իսկական ուրախութիւնը գտնելու մինչ կը մասնակցինք դաշտի ծառայութեան եւ ժողովքին հետ կ’ընկերակցինք։ (Հռովմ. 12։9–16) Եթէ ժամանակը թոյլատրէ, թելադրեցէք նպատակայարմար մէկ կամ երկու խօսակցական կէտեր գործածուելու համար դաշտի ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջին։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ կը Ներկայացնէ՞ք»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել, յետոյ ընտրուած փորձառութիւններ պատմել որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս կարելի է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան մը ատեն։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ, կամ տեսակցութիւն երեք կամ չորս հրատարակիչներու հետ ցոյց տալու թէ ի՞նչ բան իրենց ճշմարտութեան քաշեց։ Կարելի է պարփակել որեւէ արգելք զոր պէտք էր յաղթահարէին։
Երգեցողութիւն 112 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 27-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 57
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփ։ Կարելի է նշանակել ծառայութեան տեսուչը որ այս բաժինը ներկայացնէ։
20 վյրկ. «Թագաւորութեան Պատգամին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Մշակենք»։ Հակիրճ բացումէ ետք, ցուցադրեցէք վերայցելութիւն մը (1) անհատի մը որ ընդունեց վերջին պարբերաթերթերը, (2) անհատի մը որ հետաքրքրութիւն յայտնաբերեց բայց գրականութիւններ չընդունեց, եւ (3) անհատի մը որ «Ահա» գրքոյկը ընդունեց։ Իւրաքանչիւր պարագային, ուրիշ վերայցելութեան մը համար հիմ դրէք։
15 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Ընդունիլ, Կիրարկել, եւ Անկէ Օգտուիլ»։ Խնդրեցէք գնահատանքի նախապատրաստուած հակիրճ արտայայտութիւններ շրջանային համաժողովներուն համար, ընդհանուր առմամբ։ Կարելի է ուշադրութեան յանձնել արժէքաւոր կէտեր որոնք ներկայացուեցան նախորդ շրջանային համաժողովին։ Ետքը հարց պատասխանով նկատի առէք յօդուածը առաջին էջին մէջ։ Յաջորդ շրջանային համաժողովին թուականը ծանուցանեցէք, եթէ որոշուած է, եւ բոլորը քաջալերեցէք որ ներկայ ըլլան։
Երգեցողութիւն 32 եւ փակման աղօթք։