ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Սեպտեմբերին՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ։ Հոկտեմբերին՝ բաժանորդագրութիւն Զարթի՛րին կամ Դիտարանին կամ երկուքին։ Նոյեմբերին՝ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ Դեկտեմբերին՝ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն՝ իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ Սեպտեմբեր 1–ին, կամ անմիջապէս անկէ ետք։ Ժողովքին ծանուցում մը ըրէք երբ ասիկա կը կատարուի։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, պէտք է իրենց դիմումնագիրը կանուխ յանձնեն։ Ասիկա պիտի թոյլատրէ երէցներուն որ գրականութիւններու եւ թաղամասերու համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն տրուած խրատը Յուլիս 1, 1991–ի Դիտարանի մէջ, էջ 21–3, վտարուած կամ ընկերակցութիւնը խզած անհատներու առնչութեամբ որոնք թերեւս հակամէտ են վերընդունուած ըլլալու։
◼ Մեր Ծառայութիւնը Ընելու Համար Կազմակերպուած գրքին մէջ, էջ 103–4, ուղղութիւն տրուած է դաշտի ծառայութեան ժամերը տեղեկագրելուն մասին։ Ոմանք հարց տուին թէ արդեօք հրատարակիչ մը որ կը թարգմանէ դասախօսի մը կողմէ ներկայացուած հանրային դասախօսութիւն մը կրնա՞յ ժամանակը հաշուել։ Այո, թէ՛ դասախօսը եւ թէ թարգմանը կրնան իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին մէջ պարփակել յատկացուած ժամանակը։