ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՎԵՐԱՐԾԱՐԾԵԼ
1 «Երանի՜ անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն»։ (Մատթ. 5։3, ՆԱ) Յիսուսի այս խօսքերը Լերան Քարոզին մէջ իմաստալից են։ Մարդոցմէ շատեր չեն գիտակցիր թէ հոգեւոր բաներու կարիքը ունին որպէսզի իրենց կեանքերը ուրախ ու նշանակալից ընեն։ Կան ոմանք որոնք անգամ մը այդ հոգեւոր կարիքի գիտակցութիւնը ունէին բայց ետքը կորսնցուցին զայն։ Բան մը պատճառ եղաւ որ անտարբեր դառնան հոգեւոր հարցերուն նկատմամբ։ Անոնք հեռացան այն բաներէն որոնք իրապէս իրենց օգտին համար էին։ Հարցումը այն է թէ այսպիսիներու հետաքրքրութիւնը կարելի՞ է վերարծարծել։ Բարեբախտաբար, ոմանց համար կարելի է։
2 Հաւանաբար կը ճանչնաք մէկը որ տարիներ առաջ Աստուածաշունչը սերտեց Եհովայի Վկաներուն հետ, թերեւս որպէս անչափահաս մը, բայց չշարունակեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցիլ։ Սակայն, կարգ մը Աստուածաշունչի ուսուցումները եւ արդար չափանիշները կարելի է որ անհատին մտքին մէջ տպաւորուեցան եւ դեռ կը յիշուին։ Մինչ աշխարհի վիճակները կը վատթարանան եւ կեանքի պարագաները կը փոխուին, նախապէս ուսուցուած բաները կը վերյիշեցուին եւ անհատը կրնայ Աստուծոյ դառնալ եւ պատրաստ ըլլալ Աստուածաշունչի յաւելեալ գիտութիւն առնլու։ Այսպիսի անհատներ վերայցելելը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը վերսկսելու նպատակով կրնայ փաստել մեծապէս վարձահատոյց ըլլալ։
3 Վստահաբար, ժամանակ առ ժամանակ ջանք պէտք է թափուի անոնց այցելելու որոնք Յիշատակատօնին ներկայ եղան։ Թող գիտնան թէ անկեղծօրէն հետաքրքրուած էք իրենց հոգեւոր բարօրութեամբ եւ առաջարկեցէք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել իրենց հետ։ Մասնաւոր ջանք պէտք է թափուի անոնց օգնելու որոնք նաեւ ներկայ եղան վերջին Նահանգային Համաժողովին։ Կարգ մը պարագաներուն, թերեւս նպաստաւոր ըլլայ որ ուրիշ հրատարակիչ մը այցելէ այն անհատը որու ուսումնասիրութիւնը դադրեցաւ քանի որ յառաջդիմութիւն չարձանագրեց։
4 Անշուշտ, այն անհատները որոնց հետ կ’ուսումնասիրենք կ’ակնկալուի իրենցմէ որ Եհովայի պաշտամունքը լուրջի առնեն եւ Աստուածաշունչի իրենց ուսումնասիրութեան մէջ որոշ ժրաջանութիւն ցուցաբերեն։ Իսկ մեր կողմէն, կ’ուզենք վստահ ըլլալ թէ պէտք եղած ջանքը թափեցինք օգնելու համար եւ կրնանք ուրիշներու հանդէպ Պօղոսին պէս զգալ երբ ըսաւ, «ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն»։—Գործք 20։26