ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՐԵԱՆ ՆԵՐԱՐԿՈՒՄԷՆ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ
1 «Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են»։ (Սաղմ. 127։3) Որպէս ծնողներ եթէ Եհովայէն այսպիսի թանկարժէք ժառանգութիւն մը ունիք, ուրախ եւ լուրջ պատասխանատուութիւն ունիք ձեր զաւակները մարզելու, հոգալու, եւ պահպանելու։ Զոր օրինակ, տրամաբանական ամէն քայլ առա՞ծ էք ձեր զաւակները արեան ներարկումէն պահպանելու։ Ձեր զաւակները ի՞նչպէս պիտի հակազդեն եթէ արեան ներարկում մը դիմագրաւեն։ Ընտանիոք խօսակցեցա՞ծ էք առնուելիք քայլերուն մասին երբ ստիպողական վիճակի մը ժամանակ արեան ներարկումի սպառնալիքին ներքեւ դրուիք։
2 Այսպիսի վիճակներու համար ձեր ընտանիքը պատրաստելը պէտք չէ մտահոգութեան կամ անտեղի ճնշումի պատճառ ըլլայ։ Չէք կրնար ակնկալել եւ նախապատրաստուիլ կեանքի ամէն պատահմունքներուն համար, բայց շատ բաներ կան զորս առաջուընէ կրնաք ընել որպէս ծնողներ ձեր զաւակները արեան ներարկումէն պահպանելու։ Այս պատասխանատուութիւնները անտեսելը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձեր զաւակը արեան ներարկման ենթարկուի բժշկական խնամք ստանալու ատեն։ Ի՞նչ կարելի է ընել։
3 Հաստատ Համոզումը Կարեւոր Է. Լրջօրէն պէտք է մտածէք թէ արեան մասին Աստուծոյ օրէնքին առնչութեամբ ձեր համոզումները որքանով հաստատ են։ Ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէ՞ք այս հարցին մէջ Եհովային հնազանդիլ, ճիշդ ինչպէս որ անոնց կը սորվեցնէք իր օրէնքները պարկեշտութեան, բարոյականութեան, չէզոքութեան, եւ կեանքի ուրիշ երեսակներու մասին։ Արդեօք մենք իրապէս վճռա՞ծ ենք ընել ինչպէս որ Աստուծոյ օրէնքը պատուիրեց Բ. Օրինաց 12։23–ի մէջ. «Զգուշացիր, որ արիւնը չուտես»։ 25–րդ համարը կ’աւելցնէ. «Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէսզի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ»։ Բժիշկ մը թերեւս ըսէ թէ արիւնը ‘պիտի բարելաւէ’ ձեր հիւանդ զաւկին վիճակը, բայց որեւէ ստիպողական վիճակ յարուցուելէ առաջ պէտք է վճռած ըլլաք արիւն մերժելը ձեզի եւ ձեր զաւակներուն համար, Եհովայի հետ ձեր յարաբերութիւնը աւելի կարեւոր դասելով քան իր աստուածային օրէնքը բեկանելով կեանք երկարելը։ Աստուծոյ հաճութիւնը ներկայիս եւ յաւիտենական կեանքը ապագային պարփակուած են։
4 Այո, Եհովայի Վկաները կեանքը կը սիրեն։ Անոնք չեն ուզեր մեռնիլ։ Անոնք կ’ուզեն ապրիլ որպէսզի կարենան Եհովան փառաբանել եւ անոր կամքը կատարել։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է թէ ինչու հիւանդանոցներ կ’երթան եւ դարմանումի համար իրենց զաւակները հոն կը տանին։ Անոնք բժիշկներէն կը խնդրեն որ զիրենք դարմանեն, իսկ երբ իրենց կ’ըսուի թէ արիւնը դարմանումին անհրաժեշտ մէկ մասն է, անոնք կը խնդրեն բժշկական փոխարինող դարման մը։ Շատ մը նիւթեր կան որոնք արիւնը կը փոխարինեն։ Փորձառու բժիշկներ կը գործածեն զանոնք։ Այսպիսի փոխարինող դարմանում մը կեղծ բժշկութիւն չէ, այլ՝ բժշկական գլխաւոր պարբերաթերթերուն մէջ փաստուած շիտակ մեթոտ է։ Հազարաւոր բժիշկներ համայն աշխարհի մէջ մեր հետ կը համագործակցին հայթայթելով բժշկական լաւ խնամք առանց արիւն գործածելու, թէեւ երբեմն դժուար կ’ըլլայ բժիշկներ գտնել որոնք Վկայ երախաները կը դարմանեն առանց արիւն գործածելու։
5 Համագործակցող Բժիշկ մը Գտնել. Բժիշկները կարգ մը մտահոգութիւններ ունին հիւանդները դարմանելու նկատմամբ, իսկ երբ կը խնդրէք անոնցմէ որ ձեր զաւակը դարմանեն առանց արիւն գործածելու, մարտահրաւէրը կը սաստկանայ։ Կարգ մը բժիշկներ կը յօժարին չափահասները դարմանել յարգելով անոնց կեցուածքը արեան հանդէպ եթէ անպատասխանատուութեան փաստաթուղթ մը ներկայացուի։ Ոմանք նոյնպէս կը յօժարին այն անչափահասները դարմանել որոնք ապացուցանած են թէ հասուն անչափահասներ են, քանի որ կարգ մը ատեաններ ընդունած են թէ հասուն անչափահասները իրաւունք ունին իրենց բժշկական ընտրութիւնը ընելու։ (Տես՝ Սեպտեմբեր 1, 1991–ի Դիտարանը, էջ 18–19, հասուն անչափահասին մասին տրուած տեղեկութիւններուն համար։) Սակայն, բժիշկներ կարելի է որ մերժեն մանուկները դարմանել, մանաւանդ կաթնկերները, եթէ իրենց արտօնութիւն չտրուի արեան ներարկում կիրարկելու։ Իրականութեան մէջ, շատ քիչ բժիշկներ 100 տոկոսով կը վստահեցնեն թէ արիւն պիտի չգործածեն որեւէ պարագայի ներքեւ երբ մանուկ մը կը դարմանեն։ Բժշկական եւ օրինական պատճառներով, բժիշկներու մեծամասնութիւնը չի կրնար այսպիսի երաշխիք մը տալ։ Սակայն եւ այնպէս, երթալով աւելի շատ անհատներ կ’ուզեն Եհովայի Վկաներու զաւակներուն խնամք հայթայթել կարելի եղած չափով յարգելով մեր կեցուածքը արեան հանդէպ։
6 Ասոր ի տես, ի՞նչ պէտք է ընէք եթէ ձեր զաւկին համար յարմար բժիշկ մը փնտռելու ատեն կը գտնէք մէկը որ Եհովայի Վկաներու հետ լաւ համագործակցութեան արձանագրութիւն մը ունի եւ անցեալին առանց արիւնի նոյն դարմանումը կատարած է ուրիշ Վկաներու համար, բայց կը զգայ թէ օրէնքը իրեն չի թոյլատրեր որ ձեզի բացարձակ երաշխիք տայ թէ արիւնը պիտի չգործածուի։ Իսկ միւս կողմէ, ձեզ կը վստահեցնէ որ այս անգամ ալ խնդիր մը պիտի չծագի։ Թերեւս որոշէք թէ ասիկա ձեր լաւագոյն ընտրութիւնն է։ Այս պարագաներուն ներքեւ կարելի է որ եզրակացնէք թէ կրնաք արտօնել որ դարմանումը տրուի։ Սակայն, յստակ ըրէք թէ ձեր զաւկին համար բժշկական դարմանումի արտօնութիւն տալով արեան ներարկման համար արտօնութիւն չէք տար։ Այս ընթացքը առնելը ձեր պատասխանատուութիւնն է, առանց ձեր որոշումը զիջում սեպուելու։
7 Անշուշտ, եթէ կարենաք գտնել տարբեր դարմանումի ընտրութիւն մը որ արեան ներարկման խնդիրը աւելի կը նուազեցնէ կամ հաւանաբար կը ջնջէ, պիտի ուզէք աւելի նուազ վտանգաւոր ընթացքը որդեգրել։ Կ’ակնկալուի ջանք թափէք այն բժիշկը կամ վիրաբոյժը գտնելու որ ուրիշներէ ալ աւելի կը յօժարի արիւն չգործածել։ Խնդիրներ ակնկալելը լաւագոյն պաշտպանութիւնն է։ Ամէն ջանք թափեցէք համագործակցող բժիշկ մը առաջուընէ գտնելու։ Փորձեցէք հեռու կենալ անհամագործակցող բժիշկներէն եւ հիւանդանոցներէն երբ կարելի է։
8 Հիւանդանոցի խնամքին համար ի՛նչպէս վճարելը ուրիշ ազդակ մըն է կարգ մը երկիրներու մէջ որ կրնայ արեան ներարկման կիրարկումին մէջ դեր ունենալ։ Երբ ծնողներ բժշկական ապահովագրութիւն ունին որ թոյլ կու տայ փնտռեն իրենց ուզած բժիշկը, աւելի դիւրաւ կրնան իրենց զաւակները հեռու պահել անհամագործակցող բժիշկներէն եւ հիւանդանոցի անձնակազմէն։ Բաւարար գումարով ապահովագրութիւնը յաճախ կ’որոշէ ծառայութեան եւ համագործակցութեան տեսակը զոր ընտանիք մը բժիշկներէն եւ հիւանդանոցներէն կը ստանայ։ Նաեւ, հիւանդանոցին կամ բժիշկին ընդունիլը որ մանուկ մը փոխադրուի, յաճախ կախեալ է խնամքին համար ծնողներուն վճարելու կարողութենէն։ Իսկ յղիները, շատ կարեւոր է որ իրենց առողջութեան հոգ տանին յղութեան ընթացքին. ասիկա կանխահաս ծնունդներուն եւ ընկերակցած բարդութիւններուն մեծապէս արգելք կը հանդիսանայ, քանի որ կանխահաս նորածիններու եւ անոնց խնդիրներու դարմանումը ընդհանրապէս արիւն գործածել կը պարփակէ։
9 Երբեմն բժիշկներ կը գանգատին թէ Եհովայի Վկաները միայն վերջին վայրկեանին կը բացատրեն թէ արեան ներարկումը կը մերժեն։ Ասիկա երբեք պէտք չէ պատահի։ Վկայ ծնողներ երբ հիւանդանոց կ’երթան կամ բժիշկի մը կը դիմեն, ընելիք առաջին բաներէն մէկն է արեան հանդէպ իրենց կեցուածքը բացատրել։ Եթէ վիրաբուժութիւն պարփակուած է, անզգայացնող մասնագէտին հետ կանուխ հանդիպում մը պահանջեցէք։ Վիրաբոյժը թերեւս կարենայ այս հանդիպումը կարգադրել։ Ընդունելութեան «ֆօրմ»երը պէտք է ուշադրութեամբ քննել։ Իրաւունք ունիք որեւէ առարկելի բան ջնջելու։ Որեւէ կասկած վանելու համար, ընդունելութեան «ֆօրմ»ին մէջ յստակօրէն գրեցէք թէ կրօնական եւ բժշկական պատճառներով որեւէ պարագայի ներքեւ արիւն գործածելը ընդունելի կամ արտօնուած չէ։
10 Օգնութիւն Եհովայի Կազմակերպութենէն. Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ հայթայթումներ ըրած է ձեզի օգնելու որ ձեր զաւակները արեան ներարկումէն պահպանէք։ Շատ բաներ կան։ Ընկերութիւնը շատ տեղեկութիւններ հրատարակեց մեզ լուսաբանելու արեան եւ բժշկական փոխարինող դարմանումին մասին։ Այս նիւթին մասին ուսումնասիրած էք Արիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Փրկել Ձեզ գրքոյկը եւ ուրիշ գրականութիւններ։ Ինչպէս նաեւ տեղական ժողովքին մէջ ձեր եղբայրներն ու քոյրերը ունիք որոնք կրնան ձեզի մեծապէս օգնել ու նեցուկ կանգնիլ։ Երբ տագնապ կայ, երէցները կրնան յարմար տեսնել որ կարգադրեն 24 ժամ հսկում հիւանդանոցին մէջ, նախընտրաբար երէցի մը կողմէ, հիւանդին ծնողին կամ ընտանիքին ուրիշ անդամի մը հետ։ Արեան ներարկումներ յաճախ կը կիրարկուին գիշերուան ընթացքին երբ բոլոր ազգականները եւ ընկերները տուն վերադարձած են։
11 Միացեալ Նահանգներուն մէջ, աւելի քան հարիւր Հիւանդանոցներու Յարակից Յանձնախումբեր կան գլխաւոր քաղաքներուն մէջ։ Իւրաքանչիւր ժողովք նշանակուած է յանձնախումբի մը որ կը բաղկանայ մարզուած եղբայրներէ որոնք մատչելի են օժանդակութիւն մատուցանելու։ Երբ անոնց պէտք ունիք, ձեր երէցներուն միջոցաւ անոնց կանչեցէք։ Անոնց պէտք չէ կանչել չնչին հարցերու համար, բայց երկար ատեն մի սպասէք եթէ նշմարէք թէ լուրջ խնդիր մը կը զարգանայ։ Անոնք յաճախ կրնան հայթայթել համագործակցող բժիշկներու անուններ եւ թելադրութիւններ փոխարինումներու մասին։ Երբ անհրաժեշտ է եւ կարելի է, այս եղբայրները կը կարգադրեն որ ներկայ ըլլան եւ օգնեն խնդիրը լուծելու։
12 Ատեանի Միջամուխ Ըլլալը Ակնկալել եւ Ձեռք Առնել. Ի՞նչ ընել եթէ բժշիկ մը կամ հիւանդանոց մը կը մտադրէ ատեանի հրամանով ձեր զաւկին արեան ներարկում կիրարկել։ Ասիկա յանձնուելու ժամանա՞կ է, ենթադրելով թէ ընելիք բան մը չկայ։ Բնաւ երբեք։ Տակաւին կարելի է արեան ներարկումը արգիլել։ Առաջուընէ պէտք է պատրաստուիլ այսպիսի հաւանականութեան մը համար։ Ի՞նչ կարելի է ընել։
13 Կարգ մը օրինական սկզբունքներ հասկնալը, որոնք այս հարցերուն մէջ հիւանդանոցներու եւ դատաւորներու ուղղութիւն կու տան կամ կ’ազդեն, ձեզի մեծապէս պիտի օգնէ պաշտպանութիւն ներկայացնելու։ Այսպիսի սկզբունքներէն մէկը, որ շատ կարեւոր է, այն իրողութիւնն է թէ օրէնքը ծնողներուն անսահման հեղինակութիւն չի տար ընդունելու կամ մերժելու բժշկական դարմանումը իրենց զաւակներուն համար։ Թէեւ չափահասները ընդհանրապէս իրաւունք ունին բժշկական դարմանումը ընդունելու կամ մերժելու ինչպէս որ կ’ուզեն, սակայն ծնողները ազատ չեն մերժելու դարմանում մը որ անհրաժեշտ նկատուած է իրենց զաւկին բարօրութեան համար, նոյնիսկ երբ իրենց մերժումը հիմնուած է անկեղծօրէն ընդունուած կրօնական համոզումներու վրայ։
14 Այդ գլխաւոր սկզբունքը յայտնաբերուեցաւ 1944–ին Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին առած որոշումով որ ըսաւ. «Ծնողները կրնան ազատ ըլլալ մարտիրոսներ ըլլալու։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ անոնք ազատ են, նոյնանման պարագաներու ներքեւ, իրենց զաւակները մարտիրոսներ ընելու, երբ չափահաս չեն որ կարենան այդ որոշումը իրենք առնել»։ Այս նոյն հիմնական հետաքրքրութիւնը մանուկին ֆիզիքական առողջութեամբ եւ բարօրութեամբ մարմնաւորուած է երախաներ խնամելու օրէնքներուն մէջ այսօր։ Այս օրէնքները, որոնք եղծանուած երախաները պաշտպանելու համար են, նաեւ ծրագրուած են երախաները բժշկական լքումէն պաշտպանելու։
15 Ծնողական եղծանումէն եւ լքումէն երախաները պաշտպանելը վստահաբար Քրիստոնէական ծնողներուն համար առարկելի չէ։ Սակայն լքուած երախաներու օրէնքները եւ Մեծագոյն Ատեանի վերոյիշեալ մէջբերուած արտայայտութիւնը յաճախ անյարմար կերպով կիրարկուած են Եհովայի Վկաներու զաւակներ պարփակող պարագաներուն։ Ինչո՞ւ։ Նախ, Վկայ ծնողները երբեք չեն մտադրեր իրենց զաւակները «մարտիրոսներ» ընել։ Եթէ մտադրած ըլլային, ինչո՞ւ իրենց զաւակները հիւանդանոց պիտի տանէին։ Ճիշդ հակառակը, Վկայ ծնողները յօժարութեամբ բժշկական դարմանում կը փնտռեն իրենց զաւակներուն համար։ Անոնք իրենց զաւակները կը սիրեն եւ կ’ուզեն որ լաւ առողջութիւն ունենան։ Սակայն կը հաւատան որ աստուածատուր պատասխանատուութիւն ունին ընտրելու այն բժշկական դարմանումը որ լաւագոյնն է իրենց զաւակներուն համար։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զաւակներուն բժշկական խնդիրները լուծուին առանց արեան գործածութեան։ Ոչ թէ միայն առանց արիւն գործածելու այսպիսի խնամք մը աւելի լաւ է եւ ապահով է քան արիւնը, այլ՝ ամենակարեւորը՝ իրենց զաւակները կը պահէ մեծագոյն Կենսատուին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ հաճութեան մէջ։
16 Հակառակ առանց արիւն գործածելու բժշկական դարմանումի օգուտներուն, շատ մը բժիշկներ եւ երախաներու խնամակալ գործակալներ կը դիտեն արեան ներարկման որպէս բժշկական սովորական կիրառութիւն որ անհրաժեշտ է կամ նոյնիսկ կեանք կ’ազատէ որոշ պարագաներու մէջ։ Ուստի, երբ Վկայ ծնողներ կը մերժեն յանձնարարուած արեան ներարկումները, խնդիրներ կրնան յարուցուիլ։ Ընդհանուր առմամբ խօսելով, բժիշկները օրինապէս չեն կրնար մանուկներ դարմանել առանց ծնողներուն հաւանութեան։ Յաղթահարելու համար ծնողներու մերժումը արեան գործածութեան, բժիշկներ կամ ուրիշներ հիւանդանոցի անձնակազմէն կը փնտռեն դատաւորի մը հաւանութիւնը՝ ատեանի հրամանի ձեւի տակ։ Ատեանի կողմէ տրուած այսպիսի հաւանութիւն մը ձեռք կը ձգուի երախաներու խնամակալ գործակալներու կամ բժիշկներու կամ հիւանդանոցի պատասխանատուներու կողմէ, որոնք կ’աշխատին մանուկը պաշտպանել բժշկական կարծեցեալ լքումէն։a
17 Արիւն գործածելուն հաւանութիւն տուող ատեանի հրամանները շատ անգամ արագօրէն ձեռք կը ձգուին, ծնողներուն գրեթէ առանց տեղեկացնելու։ Բժիշկները, հիւանդանոցի պատասխանատուները, կամ երախաներու խնամակալ գործակալները կը փորձեն արդարացնել այսպիսի արագ հրամաններ ըսելով թէ բժշկական ստիպողական վիճակ մը կայ եւ ժամանակը չի ներեր ծնողներուն լման կերպով տեղեկացնել թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Սակայն, յաճախ հարցաքննութեան ատեն բժիշկները խոստովանած են թէ իսկական ստիպողական վիճակ մը չկար եւ թէ ուզեցին ատեանի հրաման մը առաջուընէ ունենալ «պատահի որ» արեան ներարկում մը, ըստ իրենց կարծիքին, անհրաժեշտ ըլլայ ապագային։ Որպէս ձեր զաւկին բնական խնամակալները, հիմնական իրաւունք ունիք գիտնալու թէ բժիշկները, հիւանդանոցի պատասխանատուները, կամ երախաներու խնամակալ գործակալները միշտ ի՛նչ կ’ընեն ձեր զաւկին առնչութեամբ։ Օրէնքը կը պահանջէ ձեզի տեղեկացնել, եթէ կարելի է, թափուած ջանքը ատեանի հրաման մը ձեռք ձգելու եւ ձեզի արտօնել ատեանին դիմաց ձեր կեցուածքը հարցին նկատմամբ ներկայացնելու։
18 Այս օրինական իրողութիւնները կը շեշտեն համագործակցող բժիշկ մը գտնելու արժէքը։ Անոր հետ աշխատեցէք եւ ձեր Հիւանդանոցի Յարակից Յանձնախումբի անդամներուն օժանդակութեամբ անոր օգնեցէք որ փնտռէ ձեր զաւկի բժշկական խնդրին համար առանց արիւն գործածելով դարմանում մը կամ փոխադրէ ձեր զաւակը բժիշկի մը կամ հիւանդանոցի մը որ այսպիսի դարմանում մը պիտի հայթայթէ։ Բայց եթէ նշաններ կան թէ բժիշկը, հիւանդանոցի վարիչը, կամ երախաներու խնամակալ գործակալը կը մտադրէ ատեանի հրաման մը ստանալ, պէտք է ուշադիր ըլլաք հարցնելու այս ծրագրին մասին, որ երբեմն գաղտնապէս հեռաձայնով կը կատարուի։ Եթէ ատեան դիմելու ծրագիր մը կայ, շեշտեցէք թէ կ’ուզէք անոր մասին գիտնալ որպէսզի կարենաք դուք ալ ձեր կեցուածքը բացատրել դատաւորին։ (Առակ. 18։17) Եթէ ժամանակ կայ, յաճախ յարմար է փաստաբանի մը օգնութիւնը փնտռել։ Կարգ մը պարագաներուն ատեանը փաստաբաններ նշանակեց։ Ընկերութեան Օրինական Բաժինը կրնայ տեղեկութիւններ բաժնել փաստաբանին հետ, որոնք կ’օգնեն իրեն կարելի եղած լաւագոյն պաշտպանութիւնը ընելու։
19 Եթէ արեան ձեր մերժումը ատեանի մը ուշադրութեան յանձնուի, բժիշկին տեսակէտը թէ արիւնը անհրաժեշտ է ձեր զաւկին կեանքը կամ առողջութիւնը պահպանելու կրնայ շատ համոզիչ ըլլալ։ Դատաւորը, բժշկական գետնի վրայ որպէս անփորձառու անհատ մը, սովորաբար պիտի ապաւինի բժիշկին հմտութեան վրայ։ Ասիկա մասնաւորաբար շիտակ է երբ ծնողներուն առիթ չտրուի իրենց կեցուածքը բացատրելու եւ բժիշկը ազատօրէն կը ներկայացնէ արեան «ստիպողական» կարիքը։ Այսպիսի միակողմանի ներկայացում մը ճշմարտութիւնը որոշելու չի նպաստեր։ Իրականութիւնը այն է թէ բժիշկները ե՛րբ եւ ինչո՛ւ կը զգան թէ արեան պէտքը կայ՝ մեծապէս ենթակայական եւ անորոշ բան մըն է։ Յաճախ, երբ բժիշկ մը կ’ըսէ թէ արիւնը բացարձակապէս անհրաժեշտ է մանուկին կեանքը ազատելու համար, ուրիշ բժիշկ մը, որ փորձառու է նոյն հիւանդութիւնը բուժելու առանց արիւն գործածելու, կ’ըսէ թէ արեան պէտք չկայ հիւանդը դարմանելու համար։
20 Ի՞նչ պիտի ընէք եթէ փաստաբան մը կամ դատաւոր մը ձեզի հարցնէ թէ ինչո՛ւ կը մերժէք «կենսապահ» ներարկումը ձեր զաւկին համար։ Թէեւ ձեր առաջին հակազդեցութիւնը կարելի է որ ըլլայ բացատրել ձեր հաւատքը յարութեան հանդէպ եւ արտայայտել ձեր զօրաւոր հաւատքը թէ Աստուած պիտի յարուցանէ ձեր զաւակը եթէ մահանայ, սակայն այսպիսի պատասխան մը ինքնին պիտի համոզէ դատաւորը, որու գերազանց հետաքրքրութիւնը մանուկին ֆիզիքական բարօրութիւնն է, թէ դուք կրօնական մոլեռանդ մըն էք եւ թէ ինք պէտք է միջամտէ ձեր զաւակը պաշտպանելու։
21 Ինչ որ ատեանը կ’ուզէ գիտնալ այն է թէ, թէեւ արիւն գործածելը կը մերժէք կրօնական խոր պատճառներու հիման վրայ, դուք չէք մերժեր բժշկական խնամքը։ Դատաւորը կ’ուզէ տեսնել թէ դուք լքող կամ զեղծարար ծնողներ չէք, այլ փոխարէն՝ սիրալիր ծնողներ որոնք իրենց զաւկին դարմանումը կը փնտռեն։ Դուք պարզապէս չէք համաձայնիր թէ արեան ներարկման կարծեցեալ օգուտները կը գերակշռեն անոր մահացու վտանգներն ու բարդութիւնները, մանաւանդ երբ բժշկական փոխարինումներ մատչելի են որոնք այդ վտանգները չեն կրեր։
22 Պարագային համաձայն, կրնաք դատաւորին իմացնել թէ մէկ բժիշկի կարծիքն է թէ արեան գործածութեան պէտքը կայ, բայց բժիշկները կը տարբերին իրենց գործածած մեթոտներուն մէջ եւ կը փափաքիք պատեհութիւնը ունենալ բժիշկ մը գտնելու որ ձեր զաւկին հոգ պիտի տանի գործածելով անարիւն դարմաններու մատչելի շատ մը մեթոտները։ Հիւանդանոցի Յարակից Յանձնախումբին օժանդակութեամբ, արդէն գտած պիտի ըլլաք այսպիսի բժիշկ մը որ ձեր զաւակը պիտի դարմանէ առանց արիւն գործածելու եւ կրնայ ատեանին օգտակար վկայութիւն մը տալ, թերեւս հեռաձայնով։ Յարակից յանձնախումբը հաւանաբար կարող պիտի ըլլայ դատաւորին հետ բաժնել—նոյնիսկ ատեանի հրաման ուզող բժիշկին հետ—բժշկական յօդուածներ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս ձեր զաւկին հիւանդութիւնը կարելի է ազդուօրէն դարմանել առանց արիւն գործածելու։
23 Երբ դատաւորները կը հրաւիրուին ատեանի հրամաններ արագօրէն արձակելու, յաճախ նկատի չեն առներ կամ իրենց ուշադրութեան չեն յանձնուիր արեան գործածութեան շատ մը վտանգները, մէջը ըլլալով ԱԴԱ–ն [AIDS], լերդատապը եւ խումբ մը ուրիշ վտանգներ։ Կրնաք դատաւորին ասոնք մատնանշել եւ իրեն տեղեկացնել թէ, որպէս Քրիստոնեայ ծնողներ, պիտի դիտէք ուրիշի մը արեան գործածութեան՝ կեանքը երկարելու նպատակով՝ որպէս Աստուծոյ օրէնքին խիստ հակառակ բան մը եւ թէ արեան ներարկում պարտադրելը ձեր զաւկին վրայ պիտի դիտուի որպէս բռնաբարութեան համահաւասար է։ Դուք եւ ձեր զաւակը (եթէ բաւարար մեծ է իր անձնական համոզումները ունենալու) կրնաք բացատրել ձեր գարշանքը այսպիսի մարմնաւոր յարձակումի մը համար եւ կրնաք դատաւորին կոչ ընել որ արտօնութիւն չտայ, այլ՝ ձեզի թոյլատրէ որ բժշկական փոխարինող դարման մը փնտռէք ձեր զաւկին համար։
24 Երբ պատշաճ պաշտպանութիւն կը ներկայացուի, դատաւորները կրնան աւելի յստակութեամբ տեսնել միւս կողմը—ձեր կեցուածքը—որպէս ծնողներ։ Այն ատեն անոնք արագօրէն չեն արտօներ արեան ներարկումը։ Կարգ մը պարագաներուն, դատաւորները մեծապէս սահմանափակեցին բժիշկին ազատութիւնը արիւն գործածելու, նոյնիսկ պահանջելով որ նախ փոխարինումները նկատի առնուին, կամ ծնողներուն պատեհութիւն տուին բժիշկներ գտնելու որոնք պիտի դարմանեն առանց արիւն գործածելու։
25 Երբ գործառնութիւն կ’ունենաք անոնց հետ որոնք կը փնտռեն արեան ներարկում մը պարտադրել, կարեւոր է որ ձեր համոզումներուն մէջ երկմտութեան որեւէ ապացոյց երբեք չտաք։ Դատաւորներ (եւ բժիշկներ) երբեմն կը հարցնեն եթէ ծնողները որեւէ արգելք ունին արիւն ներարկելու որոշումին պատասխանատուութիւնը իրենց «փոխադրելու», խորհելով թէ ասիկա կը դիւրինցնէ որ ծնողները խղճի խայթ չունենան։ Սակայն, բոլորին պէտք է յստակ ընէք թէ որպէս ծնողներ պարտաւորութիւն կը զգաք որ շարունակէք ընել ամէն ինչ որ կրնաք արեան ներարկումէն խուսափելու։ Ասիկա ձեր աստուածատուր պատասխանատուութիւնն է՝ անփոխանցելի է։
26 Ուստի, բժիշկներու եւ դատաւորներու հետ խօսելու համար, պէտք է նախապատրաստուած ըլլաք ձեր կեցուածքը յստակօրէն եւ համոզիչ կերպով բացատրելու։ Եթէ ատեանի արտօնութիւն մը տրուի հակառակ ձեր լաւագոյն ջանքերուն, շարունակեցէք բժիշկէն խնդրել որ արիւն չգործածէ եւ փոխարինող դարման մը պահանջեցէք։ Շարունակեցէք քաջալերել զինք որ նկատի առնէ բժշկական յօդուածները եւ այն բժիշկներու խրատը որոնք յօժար են հիւանդութեան մասին իրենց գաղափարը տալու որպէսզի արիւն չգործածուի։ Մէկէ աւելի առիթներով, երեւոյթապէս յամառ բժիշկը երբ գործողութեան սենեակէն դուրս ելած է հպարտութեամբ ըսած է թէ արիւն չէ գործածած։ Ուստի, նոյնիսկ ատեանի արտօնութիւն մը տրուելէ ետք, երբեք մի յանձնուիք։—Տես՝ Սեպտեմբեր 1, 1991–ի Դիտարանը, «Հարցումներ Ընթերցողներէն»։
27 Յիշեցէք թէ Յիսուս ըսաւ. «Մարդոցմէ զգուշացէք. վասնզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն . . . իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար»։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ մեր մխիթարութեան համար, Յիսուս աւելցուց թէ սուրբ հոգին մեզի պիտի օգնէ վերյիշելու ինչ որ յարմար ու օգտակար է ըսելու այդ ժամանակ։—Մատթ. 10։16–20
28 «Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է»։ (Առակ. 16։20) Ո՛վ ծնողներ, հոգեւորապէս ապականող արեան ներարկումէն ձեր զաւակը պահպանելու համար պէտք եղած պատրաստութիւնները առաջուընէ տեսէք։ (Առակ. 22։3) Ո՛վ դեռահասակներ, ձեր ծնողներուն տուած մարզումին ընդառաջեցէք եւ այս նախապատրաստութիւնները սրտանց գնահատեցէք։ Որպէս ընտանիք, ‘զգուշացէք որ արիւնը չուտէք . . . որպէսզի ձեզի աղէկ ըլլայ’ վայելելով Եհովայի օրհնութիւնը եւ հաճութեան ժպիտը։—Բ. Օր. 12։23–25
[Ստորանիշ էջ 5]
a Միայն երբ ստիպողական վիճակ մը կայ որ, ըստ բժիշկին կարծիքին, անմիջական միջամտում կը պահանջէ, մանուկին կեանքին կամ առողջութեան համար անհրաժեշտ սեպուած դարմանումները (արեան ներարկումը ներառեալ) օրինապէս կարելի է գործածել առանց ծնողական կամ դատական հաւանութեան։ Անշուշտ, բժիշկ մը համառատու պէտք է ըլլայ երբ ստիպողական վիճակին նկատմամբ եղած օրէնքը կ’օգտագործէ։