Զաւակդ կրնա՞յ լուրջ որոշում մը կայացնել
1. Վկայ պատանիներ արեան գործածութեան նկատմամբ ի՞նչ կեցուածք առած են. օրինակ մը տո՛ւր։
1 Լուրջ որոշում մը կայացնել՝ արեան ներարկմա՛ն վերաբերեալ։ Ինչպէս Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1991 թիւին մէջ՝ «Եհովայէ սորվածի պէս քալենք» խորագրով յօդուածը ցոյց տուաւ, Եհովայի Վկաներու զաւակներ ստիպուած են յստակ ու հաստատ կեցուածք առնել, ապացուցանելու համար թէ արեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլը իրենց համար նո՛յնքան կարեւոր է, որքան իրենց ծնողքին համար։ Կարելի՞ է որ ասիկա անչափահաս զաւակէդ ալ պահանջուի։
2. Ատեան մը ի՞նչ օրինական չափանիշ կիրարկեց արեան ներարկում մերժող անչափահասի մը, իսկ Քրիստոնեայ ծնողներ եւ անչափահաս զաւակներ ասկէ ի՞նչ կը սորվին։
2 Օրէնքը ի՞նչ կ’ըսէ. Միացեալ Նահանգներու մէջ, Իլլինոյի բարձրագոյն ատեանը վճռեց թէ հասուն անչափահասը իրաւունք ունի արեան ներարկումը մերժելու։ Տասնեօթը տարեկան քրոջ մը դատավարութեան աւարտին, ատեանը նշեց. «Եթէ բացայայտ ու համոզիչ ապացոյց կայ թէ անչափահասը բաւարար հասուն է որ իր արարքներուն հետեւանքները ըմբռնէ [ու] չափահասի մը դատողութիւնը գործածէ, այն ատեն հասուն անչափահասի սկզբունքը կը շնորհէ անոր հասարակական օրէնքի իրաւունքը, որ բժշկական դարմանում մը ընդունի կամ մերժէ»։ Ուստի, որպէսզի բժիշկները կամ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կարենան որոշել թէ պատանին անձնական որոշում կայացնելու չափ հասո՛ւն է կամ ոչ, թերեւս հիւանդին հետ տեսակցին, արիւն չառնելու շուրջ անոր անձնական առարկութիւնը լսելու համար։ Պատանին պէտք է հասկնայ իր բժշկական վիճակին լրջութիւնը եւ դարմանումի ընտրութիւններուն հետեւանքները, եւ յստակօրէն ու հաստատօրէն արտայայտէ իր կրօնական համոզումը՝ արեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքին նկատմամբ։
3. Ծնողները ո՞ր հարցումները լրջօրէն պէտք է նկատի առնեն, եւ ինչո՞ւ։
3 Զաւակդ ի՞նչ պիտի ըսէ. Զաւակներդ այս հարցին շուրջ արտայայտուելու կարո՞ղ են։ Անոնք ամբողջ սիրտով կը հաւատա՞ն թէ ‘արիւնէ ետ կենալը’ աստուածային հրաման է։ (Գործք 15։29. 21։25) Անոնք կրնա՞ն Սուրբ Գրութիւններուն միջոցով իրենց համոզումը բացատրել։ Եթէ բժիշկները խորհին թէ անոնց կեանքը վտանգի տակ է, անոնք արեան վերաբերեալ իրենց հաստատ որոշումը քաջաբար պիտի պաշտպանե՞ն, նոյնիսկ եթէ իրենց ծնողները ներկայ չեն։ Քանի որ ‘ժամանակ ու դիպուած կը պատահին բոլորիս’, ի՞նչպէս կրնաս զաւակներդ պատրաստել որ կարենան դիմագրաւել իրենց ուղղամտութեան ասպարէզ կարդացող որեւէ անսպասելի փորձութիւն։—Ժող. 9։11. Եփ. 6։4
4, 5. (ա) Ծնողները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին, եւ ի՞նչպէս կրնան զայն կատարել։ (բ) Ծնողներուն օգնելու համար ի՞նչ հայթայթումներ մատչելի են։
4 Ծնողնե՛ր, ի՞նչ կրնաք ընել. Պատասխանատուութիւն ունիս զաւակներուդ սորվեցնելու արեան շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը։ (Բ. Տիմ. 3։14, 15) Յստակ բացատրութիւն մը կը գտնուի Պատճառաբանել գիրքին մէջ, էջ 70-74 (կամ՝ էջ 192-195, Արաբ.)։ Ընտանիքիդ հետ զայն բծախնդրաբար ուսումնասիրէ։ Էջ 74-76–ի (կամ՝ էջ 196-198, Արաբ.) վրայ գտնուող «Եթէ մէկը ըսէ» բաժինը գործածելով, զաւակներուդ հետ փորձի նիստեր ըրէ, անոնց օգնելու որ բացատրեն թէ ի՛նչ կը հաւատան եւ ինչո՛ւ։ (Ա. Պետ. 3։15) Արեան հարցին շուրջ բաւարար տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն՝ Արիւնը ի՞նչպէս կրնայ փրկել ձեր կեանքը գրքոյկը եւ Դիտարան 1 Յուլիս 2004 թիւը, էջ 8-18։ Ասկէ զատ, անարիւն դարմանումի եւ վիրաբուժութեան բանաւորութեան եւ ազդուութեան մասին համոզիչ տեղեկութիւններ կու տան՝ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ եւ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը տեսաերիզի յայտագիրները, որոնք այժմ մատչելի են Ներարկումի փոխընտրութիւններ՝ փաստագրական շարք խորագրով DVD–ին վրայ։ Վերջերս ընտանիքդ այս ներկայացումները դիտած ու քննարկա՞ծ է։
5 Զաւակներուդ օգնէ որ ‘քննեն թէ ի՞նչ է Աստուծոյ բարի, հաճելի եւ կատարեալ կամքը’ արեան նկատմամբ։ Ապա անոնք պիտի կարենան լուրջ որոշում մը կայացնել, որ Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելէ։—Հռովմ. 12։2