Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մպ գլ. 20 էջ 154-160
  • Կեանքը եւ արիւնը սուրբ կը նկատէ՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանքը եւ արիւնը սուրբ կը նկատէ՞ք
  • Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՐԵԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ Է ՊԱՐԱԳԱՆ
  • ԽՆԴԻՐԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԼՈՒՐՋ Է
  • Կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Կեանքի պարգեւդ պատշաճօրէն արժեւորէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Կեանքը փրկել՝ արիւնով—Ինչպէ՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
մպ գլ. 20 էջ 154-160

Գլուխ 20

Կեանքը եւ արիւնը սուրբ կը նկատէ՞ք

1. (ա) Աստուած ինչպէ՞ս կը նկատէ կեանքը։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ մենք Աստուծոյ կեանքի պարգեւը կը գնահատենք։

ՄԵԶ պէտք չէ զարմացնէ որ կեանքի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը տարբեր է աշխարհի տեսակէտէն։ Աստուծոյ համար, մարդկային կեանքը սուրբ է։ Դուք ալ նոյնպէս կը նկատէ՞ք զայն։ Ամէն բանի մէջ Աստուծմէ կախեալ ենք, քանի որ «ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։ (Գործք 17։25–28. Սաղմոս 36։9) Եթէ մենք Աստուծոյ տեսակէտը բաժնենք, մեր կեանքը պիտի պահպանենք։ Այսուհանդերձ, մեր ներկայ կեանքը փրկելու համար, չենք փորձեր Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարել։ Մեծապէս կը գնահատենք յաւիտենական կեանքը զոր Աստուած խոստացած է տալ այն ամենուն որոնք հաւատք կ’ընծայեն իր Որդւոյն։—Մատթէոս 16։25, 26. Յովհաննու 6։40. Յուդա 21

2. Կեանքի նկատմամբ իր ընթացքով, աշխարհ որո՞ւ տեսակէտը կը ցոլացնէ, եւ երբեմն ասիկա ինչպի՞սի կերպով տրամաբանելու կ’առաջնորդէ։

2 Ասոր հակառակը, Յիսուս ըսաւ որ Բանսարկու Սատանան՝ այս աշխարհին իշխանը՝ «սկիզբէն մարդասպան էր»։ (Յովհաննու 8։44. 12։31) Իր ըմբոստ ընթացքին սկիզբէն իսկ, ան մարդկութեան վրայ մահ բերաւ։ Աշխարհի վայրագ պատմութիւնը ճիշդ իր հոգին կը ցոլացնէ։ Բայց Սատանան տարբեր երեւոյթով ալ կրնայ ներկայանալ։ Մարդիկ որոնք իր մտածելակերպերէն ազդուած են, կ’առարկեն որ թէեւ լաւ է կրօնասէր ըլլալ, սակայն երբ ձեր կեանքը խնդրոյ առարկայ է, աւելի կ’օգտուիք իրենց նման «մասնագէտներ»ուն խրատը մտիկ ընելով, քան թէ Աստուածաշունչին երթալով։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 11։14, 15)։ Երբ երեւութապէս մահու–կենաց վիճակ մը դիմագրաւէք, ձեր սիրտը ո՞ր կողմը պիտի հակի։ Անշուշտ, կարիքը չկայ ըսելու որ մեր փափաքը պէտք է ըլլայ Եհովայի հաճելի ըլլալ։

3. (ա) Ինչո՞ւ մասնաւորաբար հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ արեան մասին։ (բ) Կարդացէք Ծննդոց 9։3–6 եւ Գործք 15։28, 29–ը եւ յետոյ այս համարներուն ընկերակցող հարցումներուն պատասխանեցէք։

3 Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ որ կեանքին եւ արեան միջեւ զօրաւոր կապ մը կայ, երբ կ’ըսէ. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է»։ Ինչպէս որ կեանքը սուրբ է, նմանապէս Աստուած արիւնն ալ սրբացուցած է։ Ան իրեն կը պատկանի եւ միայն իր հաւնած կերպով պէտք է գործածել զայն։ (Ղեւտացւոց 17։3, 4, 11. Բ. Օրինաց 12։23) Ուստի, լաւ կ’ընենք ուշադրութեամբ քննելով թէ արեան նկատմամբ Աստուած մեզմէ ինչ կը պահանջէ։

Կարդացէք Ծննդոց 9։3–6

Անասնական արիւն չգործածելու համար, ձեր միջավայրին մէջ եղող ո՞ր սովորութեանց հանդէպ արթուն պէտք է ըլլաք։

Նկատի ունենալով անասնական արեան մասին ինչ որ ըսուած է 4–րդ համարին մէջ, մարդկային արիւն խմելու նկատմամբ (զոր կը կատարուէր Հռովմէացի սուսերամարտիկներուն կողմէ), ի՞նչ է ձեր հակազդեցութիւնը։

Ինչպէս ցոյց տրուած է 5 եւ 6–րդ համարներով, մարդկային արիւն թափելուն համար անհատ մը որո՞ւ հաշիւ պիտի տայ։

Կարդացէք Գործք Առաքելոց 15։28, 29

Ասիկա կը նշէ՞ թէ այս պահանջները որոշ ժամանակի մը համար էին։ Անոնք մեզի ալ կիրարկելի՞ են։

Այս հատուածը մարդկային արեան համար ալ կիրակելի՞ է։

Համարը կ’ըսէ՞ թէ ստիպողական պարագաներու բացառութիւնները յարգելի են։

4. Արիւնապարտ չըլլալու համար, անհատ մը ի՞նչ քայլ պէտք է առնէ, ըստ Աստուածաշունչին։

4 Մենք մեզ չենք կրնար համոզել որ մարդասպան ըլլալէ հեռու մնալով, մարդկային արիւնէ անպարտ կը մնանք։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ եթէ մենք Աստուծոյ առջեւ արիւնապարտ նկատուած որեւէ կազմակերպութեան մը մաս կը կազմենք, անկէ մեր կապերը պէտք է խզենք, եթէ չենք ուզեր անոր մեղքերուն հաղորդ ըլլալ։ (Յայտնութիւն 18։4, 24. Միքիա 4։3) Այս քայլը առնելը ստիպողական է։

5. Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան ըլլալով ինչպէ՞ս արիւնապարտութենէ կը խուսափինք։

5 Աստուծոյ ծառաները՝ որոնք մօտալուտ մեծ նեղութեան ազդարարութիւնը տալու պաշտօնը ունին, արիւնապարտ չըլլալու համար պէտք է հաւատարմօրէն ծանուցանեն այդ պատգամը։ (Բաղդատել Եզեկիէլ 3։17–21)։ Պօղոս առաքեալ ինքզինք պարտական կը զգար բոլոր ազգերուն հանդէպ, իրեն նշանակուած ծառայութեան պատճառաւ։ Ինք անոնց արիւնէն անպարտ ըլլալու զգացումը կ’ունենար միայն երբ Աստուծոյ հայթայթած փրկութեան մասին անոնց ամբողջական վկայութիւն մը տար։ (Հռովմայեցիս 1։14, 15. Գործք 18։5, 6. 20։26, 27) Դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ժրաջանութիւնը, նոյնանման պատասխանատուութեան մը գիտակցութիւնը կ’արտացոլացնէ՞, ինչ որ կը վերաբերի բոլոր Եհովայի Վկաներուն։

6. Ի՞նչ յարակցութիւն կրնանք տեսնել արկածներու առաջքը առնելու եւ կեանքի սրբութիւնը յարգելու միջեւ։

6 Մահաբեր արկածներն ալ պէտք է լրջօրէն հետաքրքրեն մեզ։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, արկածով ուրիշի մը կեանքը խլող անհատ մը անպարտ չէր նկատուեր, այլ, պատիժի կ’ենթարկուէր։ (Ելից 21։29, 30. Բ. Օրինաց 22։8. Թուոց 35։22–25) Եթէ ասոր մէջ պարփակուած սկզբունքը ըմբռնենք, մենք ալ ուշադիր պիտի ըլլանք, որպէսզի մահաբեր արկածներու մասնակից չըլլանք, ինքնաշարժը վարած մեր կերպով, յիմարական արկածախնդրութիւններ ընելով կամ մեր տան կամ գործատեղիին մէջ անապահով վիճակներու թոյլ տալով։ Այս բաներուն նկատմամբ ձեր կեցուածքը կեանքի սրբութեան հանդէպ ձեր լման գնահատութիւնը կը ցոլացնէ՞։

ԱՐԵԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ Է ՊԱՐԱԳԱՆ

7. (ա) Մէկու մը արիւնը ուրիշի մը ներարկելով, արեան սրբութիւնը յարգուած կ’ըլլա՞յ։ (բ) Ինչո՞ւ անտրամաբանական է ‘արիւնէ ետ կենալու’ պատուէրը կիրարկել միայն առաջին դարու սովորութեանց։

7 Թէեւ այս սովորութիւնը բոլորովին նոր չէ, սակայն մանաւանդ այս քսաներորդ դարուն սկսաւ արիւնը լայն կերպով գործածուիլ ներարկումներու համար, կեանքը պահելու միտքով։ Այս կերպով, թէ՛ ամբողջ արիւնը եւ թէ արեան գլխաւոր բաղկացուցիչները կը գործածուին։ Անշուշտ, բժշկական այս քայլը երաշխիք չի տար որ հիւանդը պիտի ապրի։ Երբեմն, իրականութիւն է որ անոր հետեւանքին պատճառով հիւանդը անմիջապէս կը մահանայ։ Բայց մեզ մեծապէս հետաքրքրողը այն է թէ, ‘արիւնէ ետ կենալու’ սուրբ գրային պահանջը բժշկական այս սովորութեան ալ կը կիրարկուի՞։ Այո՛։ Ուրիշ ոեւէ արարածի մը արիւնը՝ մարդու թէ անասունի՝ մեր մարմնին մէջ առնելը, աստուածային օրէնքին բռնաբարում մըն է։ Ան արեան սրբութեան հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց կու տայ։ (Գործք 15։19, 20) Որեւէ հիմ չունինք ‘արիւնէ ետ կենալու’ պատուէրը սահմանափակելու միայն առաջին դարուն ընթացիկ եղող սովորութեանց եւ բժշկական ներկայ արուեստագիտութեան հետ անոր կապը անտեսելու։ Վայրկեան մը խորհեցէք այս մասին. Ո՞վ կրնայ պատճառաբանել որ մարդասպանութեան դէմ Աստուածաշունչի պատուէրը իր մէջ չի պարփակեր անօրէն կերպով մարդկային կեանք խլելը զէնքի միջոցաւ, պարզ անոր համար որ վառօդը հնարեցին միայն Ժ. դարուն։ Նաեւ տրամաբանական պիտի ըլլա՞յ պատճառաբանել թէ գինովութեան արգելքը կը կիրարկուէր միայն առաջին դարուն ճանչցուած խմիչքներուն եւ ոչ թէ մեր օրուան ծանր ըմպելիներուն։ Իրապէս Աստուած հաճեցնել փափաքող անհատներուն համար, ‘արիւնէ ետ կենալու’ պատուէրին հաղորդած պատգամը շատ յստակ է։

8. (ա) Ինչպէ՞ս կրնաք որոշել որ բժշկական որոշ դարմանում մը Քրիստոնեայի մը համար պատշաճ է թէ ոչ։ (բ) Եթէ բժիշկ մը առաջարկէ ձեր անձնական արիւնը առնել, զայն պահել եւ գործողութեան ժամանակ ետ ձեզի տալ, սուրբ գրային ի՞նչ սկզբունք կրնայ օգնել ձեզի շիտակ որոշում մը առնելու։ (գ) Անհատ մը, որու կ’առաջարկուի մարմնին կապուած գործիքով մը արեան շրջանը կատարել մարմնէն դուրս, այս պարագային ան ինչպէ՞ս կրնայ տրամաբանել։

8 Այսուհանդերձ, բժշկական կարգ մը խրթին դարմանումները կրնան կարգ մը հարցեր յարուցանել։ Ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է լուծել։ Նախ, ձեր բժիշկէն յստակ բացատրութիւն մը խնդրեցէք առաջարկած դարմանումին համար։ Յետոյ Եհովայի աղօթեցէք, որպէսզի զայն Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ վերլուծելու մէջ ձեզի օգնէ։ Բժիշկը կրնայ ձեզի թելադրել որ ձեր արիւնէն մաս մը հանուի եւ պահուի, որպէսզի հետագային եթէ պէտք ըլլայ, ձեր գործողութեան ատեն գործածուի։ Պիտի համաձայնի՞ք։ Յիշեցէք որ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, արարածէ մը հանուած արիւնը գետինը պէտք էր թափուէր։ (Բ. Օրինաց 12։24) Մենք հիմա Օրէնքին ներքեւ չենք, սակայն անոր բացայայտ սկզբունքն է թէ արիւնը սուրբ է եւ երբ ան հանուի արարածէ մը, Աստուծոյ պէտք է վերադարձուի, զայն թափելով իր պատուանդանը եղող երկրին վրայ։ (Բաղդատել Մատթէոս 5։34, 35)։ Ուստի, պատշա՞ճ է ձեր արիւնը պահել (նոյնիսկ կարճ ժամանակուան մը համար) եւ յետոյ ետ ձեր մարմնին մէջ դնել։ Իսկ եթէ ձեր բժիշկը ըսէ թէ գործողութեան մը կամ ուրիշ դարմանումի մը համար, ձեր արիւնը ձեր մարմինէն պիտի հանուի, կարգ մը գործիքներէն անցնելով յետոյ ետ պիտի ներմուծուի, այս պարագային պիտի ընդունի՞ք։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ խղճմտօրէն հաւանութիւն տուած են ասոր, պայմանաւ որ գործիքին մէջ արիւն պարունակող հեղուկ մը չըլլայ։ Անոնք դուրսի գործիքը նկատած են որպէս իրենց արեան շրջագայութեան ընդլայնում մը։ Անշուշտ, պարագաները կրնան տարբերիլ եւ ձեզի կ’իյնայ որոշում առնելը։ Բայց ձեր որոշումը ձեզ մաքուր խղճմտանքով պէտք է ձգէ Աստուծոյ առջեւ։—Ա. Պետրոս 3։16. Ա. Տիմոթէոս 1։19

9. (ա) ‘Արիւնէ ետ կենալու’ ձեր որոշումը յարգելու համար ի՞նչ նախազգուշութիւն պէտք է առնէք։ (բ) Նոյնիսկ ստիպողական պարագայի մը, ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ անհաճելի հակաճառութենէ։ (գ) Եթէ բժիշկ մը կամ դատական ատեան մը ջանայ արեան ներարկում մը պարտադրել ձեզի, ի՞նչ պիտի ընէք։

9 Վստահ ըլլալու համար որ ձեր բժիշկը ‘արիւնէ ետ կենալու’ ձեր որոշումը պիտի յարգէ, իր հետ խօսեցէք բժշկական որեւէ ստիպողական վիճակ մը յարուցուելէն առաջ։ Եթէ հիւանդանոց մտնելու կարիքը ունիք, նախազգուշութիւններ ձեռք առէք, գրելով որ արիւն չգործածուի ձեր պարագային, ինչպէս նաեւ անձնապէս այդ մասին խօսեցէք ձեզի հետ զբաղող բժիշկին հետ։ Բայց երբ անակնկալ ստիպողական վիճակ մը ըլլայ, ի՞նչ ընել։ Անհաճելի հակաճառութենէ յաճախ կարելի է խուսափիլ, յարգալից եւ տրամաբանական խօսակցութիւն մը ունենալով բժիշկին հետ, իրեն յանձնարարելով որ իր հմտութիւնը գործածէ օգնելու համար, սակայն ձեր Քրիստոնէական խղճմտանքը յարգելով։ (Առակաց 15։1. 16։21, 23) Այսուհանդերձ, եթէ լաւ միտումով մը բժշկական անձնակազմը պնդէ թէ արիւնը մերժելը մեր կեանքը կը վտանգէ եւ ուժ բանեցնեն որ համակերպինք, ի՞նչ պիտի ընենք։ Եհովայի ճամբաներուն արդար ըլլալուն վրայ մեր ունեցած հաւատքը պիտի օգնէ մեզ որ հաստատ մնանք։ Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը պէտք է մղէ մեզ որ վճռական կերպով մերժենք զայն, քանի որ կը նախընտրենք Աստուծոյ հնազանդիլ քան թէ՝ մարդոց։—Գործք 5։29. բաղդատել Յոբ 2։4. Առակաց 27։11։

ԽՆԴԻՐԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԼՈՒՐՋ Է

10. Նոյնիսկ երբ կը դաւանին որ արեան ներարկումը կեանքը կը փրկէ, ինչո՞ւ տակաւին այս հարցին մասին մեր տեսակէտը նոյնը կը մնայ։

10 Արեան ներարկման ի նպաստ տրուած պատճառաբանութիւնները տակաւին Եհովան չճանչցող անհատներուն համար այնպէս կրնան թուիլ, թէ անոնք կեանքի սրբութեան հանդէպ բարձր նկատողութիւն ունին։ Բայց չմոռնանք որ այսպէս պատճառաբանողներէն շատեր, վիժումի միջոցաւ կեանքի կորուստին համամիտ են։ Եհովան շատ աւելի լաւ գիտէ կեանքին եւ արեան մասին, քան ոեւէ արդի բժշկական «մասնագէտ»։ Իր բոլոր պատուէրները ի նպաստ մեզի են, պահպանելով մեր ներկայ կեանքը, ինչպէս նաեւ ապագայ ակնկալութիւնը։ (Եսայեայ 48։17. Ա. Տիմոթէոս 4։8) Արդեօք ‘արիւնէ ետ կենալու’ պատուէրն ալ նոյնը չէ՞։

11. (ա) Եհովա արեան միմիայն ի՞նչ գործածութիւն թոյլատրած էր Իսրայելացիներուն։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է մեզի՝ Քրիստոնեաներուս։

11 Արեան սրբութիւնը յարգելու լրջութիւնը շեշտուած է, անոր միակ գործածութեան մասին Եհովայի յայտարարութեամբ. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէսզի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։ Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ’»։ (Ղեւտացւոց 17։11, 12) Եհովայի սեղանին վրայ թափուած բոլոր արիւնները նախաշուք մըն էին Յիսուս Քրիստոսի թափած թանկագին արեան։ (Եբրայեցիս 9։11, 12. Ա. Պետրոս 1։18, 19) Այս կերպով Յիսուսի արեան սրբութիւնը ինքնին շեշտուած էր, երբ Աստուած արգիլած էր անոր գործածութիւնը որեւէ ուրիշ նպատակի համար։ Ասկէ կը տեսնուի որ արեան սխալ գործածութիւնը, իր Որդւոյն միջոցաւ Եհովայի փրկութեան կարգադրութեան հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց կու տայ։

12. Եթէ մահուան վտանգին դիմաց գտնուինք, ինչո՞ւ ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը որեւէ կերպով արիւնը սխալ կերպով պիտի չգործածէ ողջ մնալու համար։

12 Երբ մահու–կենաց վիճակ մը դիմագրաւուի, ի՜նչ կարճատեսութիւն է Եհովայի կռնակ դարձնել։ Թէեւ խղճամիտ բժիշկներուն մատուցած ծառայութիւնները կը գնահատենք, սակայն յուսակտուր կերպով չենք ջանար մեր կամ մեր սիրելիներուն կեանքը երկարել մի քանի օր կամ մի քանի տարի, Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարելով, որպէս թէ ներկայ կեանքը ամէն բան ըլլար։ Մենք կը հաւատանք Յիսուսի թափած արեան արժէքին եւ անոր կարելի ըրած յաւիտենական կեանքին։ Բոլոր սրտով կը հաւատանք որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները՝ նոյնիսկ անոնք որոնք կը մեռնին, յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը պիտի ստանան։—Յովհաննու 11։25. Ա. Տիմոթէոս 4։10

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

● Ինչո՞ւ կեանքը եւ արիւնը սուրբ են։ Ինչո՞ւ աշխարհը տարբեր տեսակէտի համար կը պատճառաբանէ։

● Ինչպէ՞ս կրնանք անասուններուն արեան սրբութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալ։

● Ինչպէ՞ս շատ մը տարբեր կերպերով բոլորս ալ պէտք է ցոյց տանք որ մարդկային կեանքը սուրբ կը նկատենք։ Ասիկա որքա՞ն կարեւոր է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել