Եհովայէ սորվածի պէս քալենք
«Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէսզի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 86։11
1, 2. Ի՞նչ բան կը մղէ Եհովայի Վկաները որ մերժեն արեան ներարկումները։
«ԹԵՐԵՒՍ Եհովայի Վկաները իրաւունք ունին արիւնէ պատրաստուած արտադրութիւններու գործածութիւնը մերժելու մէջ, որովհետեւ շիտակ է որ շատ մը ախտաբանական տարրեր կրնան փոխանցուիլ արեան ներարկման հետ»։—Բժիշկին Օրաթերթը, (Ֆրանս.) 15 Դեկտեմբեր 1987
2 Այս մեկնութիւնը կարդացողներէն ոմանք թերեւս խորհած են թէ Եհովայի Վկաները շա՜տ բախտաւոր են որ արեան ներարկումը մերժած են, անոր վտանգաւոր, նոյնիսկ մահաբեր ըլլալը գիտցուելէն շատ առաջ։ Բայց արեան նկատմամբ Եհովայի Վկաներուն բռնած դիրքը պատահական չէ, ոչ ալ անիկա արտառոց աղանդի մը հնարումն է. արեան անապահով ըլլալու վախին պատճառով բռնուած կեցուածք մը։ Այլ, Վկաները արիւնը կը մերժեն, քանի որ վճռած են իրենց Մեծ Ուսուցիչին՝ Աստուծոյ՝ առջեւ հնազանդութեամբ քալել։
3. (ա) Դաւիթ ինչպէ՞ս զգաց որ Եհովայէ կախեալ էր։ (բ) Դաւիթ Աստուծոյ վստահելուն համար ի՞նչ ակնկալութիւն ունէր։
3 Դաւիթ Թագաւոր զգալով որ Աստուծմէ կախեալ էր, վճռած էր իրմէ սորվիլ եւ ‘իր ճշմարտութեան մէջ քալել’։ (Սաղմոս 86։11) Անգամ մը Դաւիթի խորհուրդ տրուեցաւ որ եթէ Աստուծոյ աչքին արիւնապարտ ըլլալէ խուսափէր, ‘իր հոգին Աստուծոյ քով կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած կրնար ըլլալ’։ (Ա. Թագաւորաց 25։21, 22, 25, 29) Ինչպէս որ մարդիկ գոհարեղէնները կը ծրարէին, զանոնք պահպանելու եւ պահելու համար, նոյնպէս ալ Դաւիթի կեանքը կրնար պահպանուիլ եւ պահուիլ Աստուծոյ կողմէ։ Իմաստուն խրատը ընդունելով, Դաւիթ չջանաց ինքզինք փրկել իր անձնական ջանքերով, այլ վստահեցաւ Անոր որու կը պարտէր իր կեանքը. «Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան»։—Սաղմոս 16։11
4. Դաւիթ ինչո՞ւ ուզեց Եհովայէ սորվիլ։
4 Այդ մտավիճակը ունենալով, Դաւիթ իր անձին իրաւունք չէր տար որոշելու թէ աստուածային ո՛ր օրէնքները վաւերական էին, կամ որո՛նց պէտք էր հնազանդէր։ Իր դիրքն էր՝ «Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ»։ «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէսզի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէսզի քու անունէդ վախնայ»։ (Սաղմոս 27։11. 86։11, 12) Աստուծոյ առջեւ ճշմարտութեան մէջ քալելը երբեմն անյարմար կրնայ թուիլ, կամ մեծ զոհողութիւններ կը պահանջէ, բայց Դաւիթ կ’ուզէր շիտակ ճամբուն մէջ դաստիարակուիլ եւ անոր մէջ քալել։
Արեան Շուրջ Ուսուցում
5. Դաւիթ ի՞նչ գիտէր արեան շուրջ Աստուծոյ դիրքին մասին։
5 Արժանի է հոս նշել թէ Դաւիթ իր տղայութենէն արեան մասին Աստուծոյ տեսակէտը սորված էր եւ այս տեսակէտը կրօնական խորհուրդ մը չէր։ Երբ Օրէնքը կը կարդացուէր ժողովուրդին, Դաւիթ լսած ըլլալու էր հետեւեալ խօսքերը. «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէսզի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք, քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։ Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ, ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ’»։—Ղեւտացւոց 17։11, 12. Բ. Օրինաց 4։10. 31։11
6. Ինչպէ՞ս յարատեւ կարիք կար որ Աստուծոյ ծառաները արեան մասին սորվէին։
6 Այնքան ատեն որ Աստուած Իսրայէլը կը գործածէր որպէս իր ժողովքը, զինք հաճեցնել ուզողները պէտք էր ուսուցուէին արեան մասին։ Այս կերպով սերունդէ սերունդ Իսրայելացի տղաքը եւ աղջիկները կը սորվէին այս մասին։ Սակայն այս ուսուցումը պիտի շարունակուէ՞ր, Աստուած Քրիստոնէական ժողովքը ընդունելէն ետք, որ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը պիտի կազմէր։ (Գաղատացիս 6։16) Այո, արդարեւ։ Արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը չփոխուեցաւ։ (Մաղաքեայ 3։6) Արեան սխալ գործածութեան մասին իր կեցուածքը գոյութիւն ունէր Օրէնքը ի զօրու ըլլալէ առաջ եւ ան շարունակուեցաւ Օրէնքը վերջ գտնելէն ետք։—Ծննդոց 9։3, 4. Գործք 15։28, 29
7. Արեան մասին Աստուծմէ սորվիլը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։
7 Արեան հանդէպ յարգանքը Քրիստոնէութեան կորիզը կը կազմէ։ ‘Ասիկա չափազանցութիւն չէ՞’, կրնան հարցնել ոմանք։ Սակայն, Յիսուսի զոհագործութիւնը չէ՞ որ Քրիստոնէութեան կորիզը կը կազմէ։ Իսկ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Փրկութիւն ունինք մենք [Յիսուսի] իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը»։ (Եփեսացիս 1։7) Ուրիշ թարգմանութիւն մը, Ֆրանգ Լոպագի կողմէ թարգմանուած Ներշնչեալ Նամակները այս համարը այսպէս կը թարգմանէ. «Քրիստոսի արիւնը մեզի համար վճարուեցաւ եւ մենք հիմա իրեն կը պատկանինք»։
8. «Մեծ բազմութեան» կեանք ունենալը ինչպէ՞ս արիւնէ կախեալ է։
8 Բոլոր անոնք որոնք կը յուսան վերապրիլ մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» եւ դրախտ երկրի մը վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնները վայելել, կախեալ են Յիսուսի թափած արիւնէն։ Յայտնութիւն 7։9–14–ը կը նկարագրէ զանոնք եւ յետադարձ ակնարկ մը նետելով կ’ըսէ. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին»։ Ուշադրութիւն ըրէք ըսուած ձեւին։ Հոս չ’ըսեր թէ մեծ նեղութենէն փրկուածները ‘Յիսուսը ընդունած’ են կամ ‘իրեն հաւատացած են’, հակառակ անոր որ ասոնք ալ կենսական են։ Այլ, քայլ մը անդին երթալով, կ’ըսէ թէ «իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին [Յիսուսի] արիւնովը ճերմկցուցին», քանի որ իր արիւնը քաւիչ արժէք մը ունի։
9. Արեան նկատմամբ Եհովայի հնազանդիլը ինչո՞ւ շատ լուրջ է։
9 Այս արժէքին հանդէպ գնահատութիւնը կ’օգնէ Եհովայի Վկաներուն որ վճռեն արիւնը սխալ կերպով չգործածել, նոյնիսկ երբ բժիշկը անկեղծօրէն ըսէ թէ իրենց պարագային ներարկում մը կենսական է։ Ան կրնայ հաւատալ թէ ներարկման մը օգուտները աւելի շատ են քան արեան պատճառած առողջապահական վտանգները։ Բայց Քրիստոնեան չի կրնար անտեսել այն աւելի մեծ վտանգը՝ արեան սխալ գործածութեան հաւանութիւն տալով Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցնելու վտանգը։ Առիթով մը Պօղոս խօսեցաւ անոնց մասին, որոնք «ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք» կը գործեն։ Ինչո՞ւ այսպիսի մեղք մը շատ լուրջ է։ Քանի որ այսպիսի մարդ մը ‘Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ կ’առնէ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր կը սեպէ, որով ինք սրբուեցաւ’։—Եբրայեցիս 9։16–24. 10։26–29
Օգնեցէք Ուրիշներուն որ Դաստիարակուին
10. Արիւնէ ետ մնալու մեր որոշումին ետին ի՞նչ կայ։
10 Մենք որ Յիսուսի փրկարար զոհագործութիւնը կը գնահատենք, ուշադիր ենք որ մեղք չգործենք, իր արեան կեանք փրկող արժէքը մերժելով։ Հարցը խորապէս քննելով, կը գիտակցինք որ կեանքի նկատմամբ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած պարզ երախտագիտութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ մերժենք համակերպումներ ընել իր արդար օրէնքներուն մէջ, վստահ ըլլալով որ անոնք մեր լաւագոյն շահերուն՝ մեր երկարատեւ շահերուն համար տրուած են։ (Բ. Օրինաց 6։24. Առակաց 14։27. Ժողովողի 8։12) Ի՞նչ կրնանք ըսել սակայն մեր զաւակներուն մասին։
11–13. Իրենց զաւակներուն եւ արեան մասին կարգ մը Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ սխալ տեսակէտ մը ունին։
11 Երբ մեր զաւակները տակաւին մանուկ են կամ տակաւին չեն հասկնար, Եհովա զանոնք մաքուր եւ ընդունելի կը սեպէ մեր նուիրումին պատճառով։ (Ա. Կորնթացիս 7։14) Ուստի, ճշմարիտ է որ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ մանուկները տակաւին արեան մասին Աստուծոյ օրէնքը չեն հասկցած, կամ անոր հնազանդելու ընտրութիւն մը չեն ըրած։ Բայց մեր լաւագոյնը կ’ընե՞նք այս կենսական հարցով զանոնք դաստիարակելու։ Քրիստոնեայ ծնողներ ասիկա լրջութեամբ նկատի պէտք է առնեն, քանի որ կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն եւ արեան մասին սխալ հասկացողութիւն մը ունին։ Ոմանք կը խորհին թէ իրենք մասնաւոր հեղինակութիւն մը չունին որոշում առնելու իրենց անչափահաս զաւակներուն արեան ներարկման հարցին մէջ։ Ինչո՞ւ այս սխալ տեսակէտը։
12 Շատ մը երկիրներ օրէնքներ կամ կառավարական գործակալներ ունին, անտեսուած կամ եղծանուած երախաները պաշտպանելու համար։ Եհովայի Վկաներուն զաւակները անտեսուած կամ եղծանուած չեն, երբ ծնողներ կ’որոշեն մերժել իրենց սիրելի տղուն կամ աղջկան արեան ներարկման կիրարկումը, միեւնոյն ատեն խնդրելով որ արդի բժշկութեան հայթայթած արիւնը փոխարինող դարմանումներ գործածեն։ Նոյնիսկ բժշկական գետնի վրայ, ասիկա անտեսում կամ եղծանում չէ, նկատի ունենալով արեան ներարկման ընդունուած վտանգները։ Մեր իրաւունքը գործադրած կ’ըլլանք, երբ անոր պարփակած վտանգները կը կշռենք եւ ապա դարմանումի կերպը կ’ընտրենք։a Այսուհանդերձ, կարգ մը բժշկական անձնակազմեր օրինական հաստատութիւններու դիմած են անփափաքելի ներարկում մը պարտադրելու համար։
13 Կարգ մը ծնողներ, տեղեակ ըլլալով որ անչափահասի մը ներարկում կատարելու համար, դատարան մը աւելի դիւրութեամբ կրնայ թիկունք կանգնիլ բժշկական անձնակազմին, կը խորհին թէ հարցը իրենց հասողութենէն վեր է եւ թէ ծնողքը բան մը չի կրնար ընել, կամ պէտք չէ ընէ։ Ի՜նչ սխալ է այս տեսակէտը։—Առակաց 22։3
14. Դաւիթ եւ Տիմոթէոս ինչպէ՞ս դաստիարակուեցան իրենց տղայութեան շրջանին։
14 Նշեցինք թէ Դաւիթ իր տղայութենէն սորված էր Աստուծոյ ճամբաները։ Ասիկա զինք զինեց որ կեանքը նկատէ որպէս պարգեւ մը Աստուծմէ եւ գիտնայ թէ արիւնը կեանք կը ներկայացնէ։ (Բաղդատել Բ. Թագաւորաց 23։14–17)։ Տիմոթէոս ալ ‘իր մանկութենէն’ սորված էր Աստուծոյ խորհուրդները։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Չէ՞ք համաձայնիր որ եթէ Դաւիթ կամ Տիմոթէոս, ներկայիս ընդունուած չափահասութեան տարիքէն ցած ըլլային, պիտի կարենային Աստուծոյ կամքին մասին իրենց անձնական կարծիքը տալ։ Նմանապէս, այսօր ալ չափահաս ըլլալէն շատ առաջ, պատանի Քրիստոնեաներ պէտք է սորվին Աստուծոյ ճամբան։
15, 16. (ա) Կարգ մը տեղեր անչափահասներու իրաւունքին մասին ի՞նչ տեսակէտ զարգացած է։ (բ) Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ անչափահասի մը արիւն տրուի։
15 Կարգ մը տեղեր, հասուն նկատուած անչափահասի մը, չափահասի մը իրաւունքը կը շնորհուի։ Տարիքին կամ իր հասուն մտածելակերպին, կամ երկուքին վրայ հիմնուելով, պատանի մը կրնայ բաւական հասուն նկատուիլ բժշկական դարմանումի մը մասին իր որոշումը առնելու։ Նոյնիսկ հոն ուր այսպիսի օրէնք մը չկայ, դատաւորներ կամ պաշտօնեաներ կրնան շատ մեծ արժէք տալ պատանիի մը փափաքներուն, երբ ան արեան մասին իր յստակ եւ հաստատ որոշումը արտայայտէ։ Ասոր հակառակը, երբ պատանի մը իր հաւատքին մասին յստակ եւ հասուն կերպով չարտայայտուի, ատեան մը կրնայ որոշել ինչ որ ի՛նք կը խորհի լաւագոյնը ըլլալ, զոր օրինակ, մանուկի մը պարագային։
16 Երիտասարդ մը տարիներով պարբերաբար ուսումնասիրած էր Աստուածաշունչը, սակայն տակաւին մկրտուած չէր։ Հակառակ անոր որ «բժշկական դարմանում մը մերժելու իրաւունք» ունենալու տարիքէն միայն եօթը շաբաթ պզտիկ էր, քաղցկեղի համար զինք դարմանող հիւանդանոցը ատեանի դիմեց, արեան ներարկում պարտադրելու, հակառակ անոր եւ անոր ծնողքին կամքին։ Խղճամիտ դատաւորը զինք հարցուփորձեց արեան շուրջ իր հաւատքին մասին, նաեւ կարգ մը հարցումներ հարցուց, զոր օրինակ, Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերուն անունները։ Երիտասարդը չկրցաւ զանոնք թուել, ոչ ալ կրցաւ համոզիչ վկայութիւն մը տալ թէ ի՛նչու արիւնը կը մերժէր։ Դժբախտաբար, դատաւորը ներարկման արտօնութիւն տուաւ, ըսելով. «Արեան ներարկման իր մերժումը կրօնական հաւատալիքներուն վրայ իր անձնական հասուն հասկացողութեամբ չէ»։
17. 14 տարեկան աղջիկ մը ի՞նչ դիրք բռնեց արիւն ստանալու մասին, եւ ի՞նչ արդիւնքով։
17 Խնդիրը կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ անչափահասի մը պարագային, որ լաւ սորված է Աստուծոյ ճամբան եւ աշխուժօրէն կը քալէ ճշմարտութեան մէջ։ Աւելի երիտասարդ Քրիստոնեայ մը նոյն տեսակի հազուագիւտ քաղցկեղէ մը բռնուած էր։ Աղջիկը եւ ծնողքը համբաւաւոր հիւանդանոցի մը մէջ մասնագէտի մը կողմէ կատարուած բարեփոխուած քիմիաբուժումի մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք ընդունեցին զայն։ Այսուհանդերձ, դատի քաշուեցան։ Դատաւորը գրեց. «Տ.Բ. վկայեց որ ամէն գնով պիտի ընդդիմանար արեան ներարկումի։ Ան ներարկումը նկատեց որպէս իր մարմնին վրայ եղած յարձակում մը եւ բռնաբարումի մը նմանցուց։ Ան ատեանէն խնդրեց որ իր ընտրութիւնը յարգէ եւ թոյլ տայ որ շարունակէ [հիւանդանոց մնալ] առանց արեան ներարկման համար Ատեանին հրամանին»։ Իր ստացած Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը իրեն օգնութեան հասաւ այս դժուարին ժամանակին։—Տես տուփը։
18. (ա) Հիւանդ աղջիկ մը ի՞նչ հաստատ դիրք բռնեց արիւն ստանալու շուրջ։ (բ) Դատաւորը ի՞նչ որոշեց իր դարմանումին մասին։
18 12 տարեկան աղջնակ մը կը խնամուէր արեան քաղցկեղի համար։ Երախաներու խնամակալ գործակալ մը ատեանին դիմեց, որպէսզի արեան ներարկում պարտադրուի անոր։ Դատաւորը եզրակացուց. «Լ.–ը այս ատեանին յստակօրէն եւ իրապէս ըսաւ, որ եթէ փորձեն արիւն ներարկել իրեն, ինք այդ ներարկման դէմ պիտի պայքարի իր ամբողջ ոյժով։ Ան ըսաւ՝ եւ ես կը հաւատամ՝ թէ պիտի աղաղակէ ու պիտի պայքարի եւ ասեղը իր թեւէն պիտի քաշէ եւ պիտի փորձէ իր անկողնին վրայի տոպրակին արիւնը փճացնել։ Ես կը մերժեմ որեւէ պատուէր տալ որ այս երախան այդ վիճակին մէջ ձգեմ։ ... Այս հիւանդին պարագային, հիւանդանոցին առաջարկած դարմանումը միայն ֆիզիքական գետնի վրայ է։ Անիկա կը թերանայ անոր զգացական կարիքները եւ իր կրօնական հաւատալիքները նկատի առնել»։
Ո՛վ Ծնողներ, Լաւ Դաստիարակեցէք
19. Ծնողներ մասնայատուկ ի՞նչ պարտականութիւն ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ։
19 Այսպիսի փորձառութիւններ զօրաւոր պատգամ մը կը հաղորդեն այն ծնողներուն որոնք կը փափաքին որ իրենց ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ Աստուծոյ օրէնքին համաձայն կեանքեր վարեն։ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամ կոչուելուն պատճառներէն մէկը այն էր, որ Ան գիտէր թէ այս նահապետը ‘իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէր եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահէին’։ (Ծննդոց 18։19) Պարագան նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ հիմա Քրիստոնեայ ծնողներուն համար։ Եթէ ծնող մըն էք, ձեր սիրելի զաւակներուն կը սորվեցնէ՞ք որ Եհովայի ճամբուն մէջ քալեն, որպէսզի միշտ ‘պատրաստ ըլլան հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք իրենց ունեցած յոյսին պատճառը կը հարցնեն’։—Ա. Պետրոս 3։15
20. Ամէն բանէ առաջ մեր զաւակները արեան մասին ի՞նչ պէտք է գիտնան եւ հաւատան։ (Դանիէլ 1։3–14)
20 Թէեւ լաւ է որ մեր զաւակները տեղեակ ըլլան արեան ներարկման բերած ախտերէն եւ ուրիշ վտանգներէն, սակայն արեան մասին Աստուծոյ կատարեալ օրէնքը անոնց սորվեցնելը չի նշանակեր գլխաւորաբար անոնց մէջ զետեղել արեան հանդէպ վախ մը։ Օրինակի համար, եթէ աղջնակի մը հարցուի թէ ի՛նչու չուզեր որ իրեն արիւն տրուի եւ եթէ ան գլխաւորաբար պատասխանէ թէ ինք կը խորհի որ արիւնը շատ վտանգաւոր կամ վախնալիք է, ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասոր ազդեցութիւնը։ Դատաւորը կրնայ եզրակացնել որ ան անչափահաս է եւ պարզապէս շատ կը վախնայ, ճիշդ ինչպէս որ պիտի վախնար կուրաղիքի գործողութենէն եւ պիտի լար ու դէմ դնէր, հակառակ անոր որ նոյնիսկ ծնողքը գիտէին թէ անիկա լաւագոյն բանն էր իրեն համար։ Մանաւանդ, նախապէս նշեցինք որ ներարկման դէմ Քրիստոնեաներուն ընդդիմանալուն պատճառը արեան ապականած ըլլալը չէ, այլ՝ քանի որ անիկա թանկագին է մեր Աստուծոյ եւ Կենսատուին աչքին։ Մեր զաւակները պէտք է գիտնան ասիկա, ապա արեան պատճառած բժշկական հաւանական վտանգներն ալ կշիռ կու տան մեր կրօնական դիրքին։
21. (ա) Ծնողներ ի՞նչ պէտք է սորվին իրենց զաւակներուն եւ արիւնի շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտին մասին։ (բ) Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան օգնել իրենց զաւակներուն արեան կապակցաբար։
21 Եթէ զաւակներ ունիք, վստա՞հ էք որ անոնք համաձայն են եւ ներարկումի մասին կրնան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց դիրքը բացատրել։ Անոնք իրապէս կը հաւատա՞ն որ այս դիրքը Աստուծոյ կամքն է։ Անոնք համոզուա՞ծ են թէ Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարելը այնքան լուրջ է, որ Քրիստոնեայի մը յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւնը վտանգի մէջ կը դնէ։ Իմաստուն ծնողներ այս հարցերը իրենց զաւակներուն հետ պէտք է վերաքաղ ընեն, ըլլան անոնք շատ երիտասարդ թէ գրեթէ չափահաս։ Ծնողներ կրնան փորձի նիստեր ունենալ, որու ընթացքին իւրաքանչիւր պատանի դիմագրաւէ դատաւոր մը կամ հաւանդանոցի պաշտօնեայ մը։ Ասոր նպատակը չէ որ պատանի մը ընտրուած եւ գոց սորված իրողութիւններ կամ պատասխաններ տայ։ Շատ աւելի կարեւոր է թէ անոնք ի՛նչ կը հաւատան եւ ի՛նչու։ Անշուշտ, դատի մը պարագային, ծնողներ կամ ուրիշներ կրնան տեղեկութիւններ ներկայացնել արեան վտանգներուն եւ փոխարինող դարմաններու ձեռընտու ըլլալուն մասին։ Սակայն, երբ մեր զաւակները դատաւորի մը կամ պաշտօնեայի մը հետ կը խօսին, հաւանաբար անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ անոնք հասուն կերպով կը հասկնա՞ն իրենց դիրքը կամ ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ թէ անոնք իրենց անձնական արժէքներ եւ հաստատ համոզումներ ունի՞ն թէ ոչ։—Բաղդատել Դ. Թագաւորաց 5։1–4։
22. Արեան մասին Աստուծմէ սորվելուն մնայուն օգուտը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
22 Բոլորս ալ կ’ուզենք գնահատել եւ վճռակամօրէն կառչիլ արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտին։ Յայտնութիւն 1։5–ը կը նկարագրէ Քրիստոսը որպէս մէկը որ «մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց»։ Միայն Քրիստոսի արեան արժէքը ընդունելով է որ կրնանք մեր մեղքերուն ամբողջական եւ մնայուն թողութիւն ստանալ։ Հռովմայեցիս 5։9–ն յստակօրէն կ’ըսէ. «Ուրեմն հիմա որ իր արիւնովը արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն»։ Ուստի, որքա՜ն իմաստութիւն է մեզի եւ մեր զաւակներուն համար, այս նիւթին մասին Եհովայէ սորվիլ եւ որոշել յաւիտեան իր ճամբուն մէջ քալել։
[Ստորանիշ էջ 17]
a Տես՝ Արիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Փրկել Ձեզ գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, էջ 21–2, 28–31
Սորվելու Գլխաւոր Կէտեր
◻ Եհովայէ սորվելու մասին ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր տեսակէտը։
◻ Ինչո՞ւ արեան մասին Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլը այսքան կարեւոր է։
◻ Ինչո՞ւ կենսական է որ պատանիներ արեան մասին իրենց համոզումները կարենան յստակ եւ հաստատօրէն բացատրել։
◻ Քրիստոնեայ ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ արեան մասին Եհովայի օրէնքը լաւ սորվին։
[Շրջանակ՝ էջ 19]
ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԱԾ ԷՐ
Դատական որոշումը ի՞նչ եղաւ Տ.Բ.–ի պարագային։
«Դատարանը շատ տպաւորուած էր այս տասնըչորսուկէս տարեկան պատանուհիին ուշիմութենէն, հանդարտութենէն, առաքինութենէն եւ անխախտութենէն։ Ան կրնար տակնուվրայ եղած ըլլալ գիտնալով թէ քաղցկեղի մահացու տեսակ մը ունէր։ ... Այսուհանդերձ, հասուն պատանուհի մըն էր որ դատարան եկաւ վկայելու համար։ Ան զինք դիմագրաւող դժուար պատասխանատուութեան վրայ կեդրոնացած էր։ Ան խրատատուական բոլոր նիստերուն ներկայ եղած, դարմանումի ծրագրի մը համաձայնած, բանիմաց փիլիսոփայութիւն մը զարգացուցած էր թէ որպէս մարդ արարած ի՛նչպէս պիտի դիմագրաւէ բժշկական այս մարտահրաւէրը եւ դատարան եկաւ սրտաճմլիկ խնդրանքով մը. յարգեցէք իմ որոշումս...։
«Իր հասունութենէն զատ, Տ.Բ. բաւարար պատճառաբանութիւններ ներկայացուց իր որոշումին, որպէսզի դատարանը յարգէր զայն։ Ան հոգեպէս, բարոյապէս, հոգեբանական եւ զգացական գետնի վրայ, պիտի վնասուէր արեան ներարկում պարունակող դարմանումի ծրագրէն։ Դատարանը դարմանումի ծրագրի իր ընտրութիւնը պիտի յարգէ»։
[Նկար՝ էջ 18]
Դատաւոր մը կամ հիւանդանոցի պաշտօնեայ մը կ’ուզէ գիտնալ թէ Քրիստոնեայ պատանի մը իրապէս ի՛նչ կը հաւատայ եւ ի՛նչու