ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սեպտեմբեր 7–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 28
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Խօսակցեցէք «Հետաքրքրութիւնը Կարելի՞ Է Վերարծարծել» յօդուածին մասին եւ այսպիսի այցելութիւն մը ընելու մասին հակիրճ ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք։
15 վյրկ. «Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն՝ Առանց Մէկուն Քարոզելուն»։ Երէց մը ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի կ’առնէ, շեշտելով տեղաւորելը Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին եւ մէջբերելով կարգ մը եղբայրներու մեկնաբանութիւնները։ Տեսակցութիւն ունեցէք մի քանի դեռահասակներու հետ ցոյց տալու համար ինչ որ արժէքաւոր գտած են գրքին մէջ։
15 վյրկ. «Հետաքրքրութիւն Գրգռող Ներկայացում մը՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ Գրքով»։ Խօսակցեցէք ունկնդիրներուն հետ թէ ինչպէ՞ս թելադրութիւնները պիտի կիրարկէք ձեր տեղական թաղամասին մէջ։ Կարգադրեցէք երկու կամ երեք իրապաշտ, լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններ։
Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 14–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պարփակեցէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք առատաձեռնութեան համար՝ նեցուկ կանգնելով տեղական պէտքերուն եւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։ Ժամանակին ներած չափով, պատմեցէք նախապատրաստուած փորձառութիւններ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին ներկայացման մասին։
20 վյրկ. «Ձեր Զաւակները Արեան Ներարկումէն Պահպանեցէք»։ Երէց մը 1–11 պարբերութիւններուն մասին դասախօսութիւն կու տայ։ Յստակ ըրէք այն եզրակացութեան պատճառը թէ ծնողներ երբ կը յօժարին որ բժիշկ մը իրենց զաւակը դարմանէ՝ 5–7 պարբերութիւններուն մէջ յիշուած պարագաներուն ներքեւ, ասիկա որպէս զիջում պէտք չէ նկատուի։
15 վյրկ. «Եհովան Փառաբանել Որպէս Օժանդակ Ռահվիրաներ Սեպտեմբեր Ամսուան Ընթացքին»։ Ծառայութեան տեսուչը կամ ուրիշ երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 21–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 38
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Դաշտի ծառայութեան վերաբերեալ տեղական փորձառութիւն մը պատմեցէք կամ խօսակցական կէտեր յիշեցէք, զորս կարելի է գործածել այս շաբաթ դաշտի ծառայութեան մէջ։
15 վյրկ. «Ձեր Զաւակները Արեան Ներարկումէն Պահպանեցէք»։ Հարց պատասխանով նկատի առնել 12–28 պարբերութիւնները։ 12–րդ եւ 20–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած հարցումներու պատասխաններուն վրայ կեդրոնացէք։ Շեշտեցէք թէ ծնողներուն առաջուընէ պատրաստութիւն տեսնելը որպէսզի իրենց զաւկին համար բժշկական խնամքը ապահովեն, յաճախ յաջողութեան բանալին է արեան ներարկումէ մը խուսափելու։
15 վյրկ. «Բարի Լուրը Ներկայացնել՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ Գրքով»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առէք։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք։ (1) Վերայցելութեան մը ատեն պատանի մը կը գործածէ 115–րդ Պատմութեան պատկերը։ (2) Վերայցելութեան մը ատեն պատանի մը կը գործածէ Յովհաննու 5։28, 29 եւ կը խօսակցի յարութեան յոյսին եւ 92–րդ Պատմութեան պատկերին մասին։
10 վյրկ. Ժողովքին Գործունէութիւնը Վերաքաղ Ընել։ Գործածելով Ընկերութեան ղրկուած Ժողովքի Վերլուծման Տեղեկագրին (S-10) մէջ յիշուած թիւերը, վերակացու տեսուչը եւ ծառայութեան տեսուչը կը խօսակցին անցեալ տարուան ընթացքին ժողովքի գործունէութեան աչքառու կէտերուն մասին։ Ջերմօրէն գովեցէք հրատարակիչները եւ ռահվիրաները իրենց անձնազոհ ջանքերուն համար ծառայութեան մէջ եւ քանի որ ժողովներուն հաւատարմօրէն ներկայ եղած են։ Մասնաւորաբար յիշեցէք այն մարզերը ուր սքանչելի յառաջդիմութիւն արձանագրուած է։ Կրնաք բաղդատութիւններ ընել անցեալ տարիներու գործունէութեան հետ։ Նաեւ, ցոյց տուէք այն մարզերը ուր բարելաւում կարելի է մտցնել 1993 ծառայութեան տարուան ընթացքին։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 28–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 33
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Ծանուցանեցէք թէ ո՛ր պարբերաթերթերը մատչելի են գործածուելու համար վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին եւ թելադրեցէք մէկ կամ երկու խօսակցական կէտեր որոնք յարմար են տեղական թաղամասին։ Ցուցադրեցէք ընթացիկ պարբերաթերթեր ներկայացնելը։
15 վյրկ. «Մկրտութիւն», Պատճառաբանել գիրքը՝ էջ 54–8 [էջ 355–59, Արբ.]։ Բացման խօսքեր «Սահմանում» բաժինին հիման վրայ։ Ցուցադրեցէք ինչպէս երէց մը կրնայ խօսակցիլ անհատի մը հետ որ մկրտութենէն ետ կեցած է։ Ցցուն ըրէք էջ 54–ի [էջ 355–ի, Արբ.] տեղեկութիւնները։ Շեշտեցէք նուիրուելու եւ զանիկա ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշելու կարեւորութիւնը։ Դասախօսը կ’եզրափակէ հակիրճօրէն նկատի առնելով տեղեկութիւններ սուրբ հոգիով մկրտուելու, մեռեալներու համար մկրտուելու, եւ կրակով մկրտուելու մասին։
15 վյրկ. Պարբերաթերթեր Ներկայացուցէք Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Հակիրճ դասախօսութիւն մը որ ցցուն կ’ընէ Զարթի՛րի եւ Դիտարանի արժէքը։ Հրատարակիչները պէտք է նոր թիւերը շուտով կարդան, որպէսզի խանդավառութեամբ խօսին երբ զանոնք ուրիշներու յանձնարարեն։ Պէտք է վստահ ըլլաք թէ անհատը անկեղծօրէն հետաքրքրուած է բաժանորդագրութիւն մը առաջարկելէ առաջ։ Ցուցադրեցէք ինչպէս հրատարակիչ մը կրնայ պարբերաթերթեր ներկայացնել վերայցելութեան մը ատեն եւ կարգադրել որ վերադառնայ յաջորդ թիւով։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։