Շուտ գտնուող օգնական ըլլալ
1. Անհատի մը հոգեւորութիւնը ի՞նչպէս կրնայ տկարանալ։
1 Աննա անունով քոյր մը, որ անհաւատ ամուսին եւ աշխարհային գործի խիստ պայմաններ ունի, իրեն համար պայքար էր քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը, ծառայութեան մասնակցիլը եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը։ Եհովան սիրելով հանդերձ, ան անգործունեայ դարձաւ, բայց հոգածու երէցներու կողմէ հոգեւոր օգնութիւն ստացաւ։
2. Բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով կրնան ապացուցանել թէ շուտ գտնուող օգնական մըն են։
2 Քրիստոնէական ժողովքին հայթայթած հոգեւոր օգնութիւնը ընդունիլը, Եհովայի ապաւինիլ ցոյց կու տայ։ Յիսուս Քրիստոսի սիրալիր հոգատարութիւնը ընդօրինակելով, ժողովքին երէցները հոգեւոր դժուարութիւններ ունեցողներուն քաջալերութիւն ու գործնական օգնութիւն ներկայացնելու առիթներ կը փնտռեն։ (Ա. Թես. 5։14) Յաճախ, սրտապնդիչ համարներու վրայ հիմնուած քաջալերական ու ազնիւ խօսք մը կրնայ բաւարար ըլլալ։ Ո՛չ միայն երէցները, այլ բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է ջանան օգնել անոնց, որոնք ժամանակաւորապէս տկար վիճակի մէջ են։ Անկասկած իւրաքանչիւրս նկատած ենք «յարմարութեամբ ըսուած խօսք»ին զօրութիւնը։—Առ. 25։11. Եսայ. 35։3, 4
3, 4. Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն օգնել։
3 Նախաձեռնութիւնը առ. Օգնութեան կարիք ունեցողներով հետաքրքրուիլը կը պահանջէ որ նախաքայլ առնենք, սրտակցինք ու անկեղծ ըլլանք։ Երբ Դաւիթի նեղացուցիչ կացութենէն տեղեակ եղաւ, Յովնաթան «ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց»։ (Ա. Թագ. 23։15, 16) Ազնիւ մօտեցում գործածէ։ Լաւագոյն արդիւնքը կու տան այն խօսքերը, որոնց ետին հարազատ հոգածութիւն կայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ հոգեւոր եղբայր կամ քոյր մը վերաշահելու համար, նպատակալից ջանք կը պահանջուի։ (Ղուկ. 15։4) Ուրիշի մը օգնելու խոր փափաք ունենալով, կը շարունակենք օգնել՝ նոյնիսկ եթէ արագ յառաջդիմութիւն չենք տեսներ։
4 Որքա՜ն քաջալերական է նախաքայլը առնել ուրիշները հրաւիրելու, ինչպէս գիրքի ուսումնասիրութեան մաս կազմողները, որ մեզի հետ ծառայութեան մասնակցին։ Իսկ ծառայութեան ընթացքին, կրնանք առիթը օգտագործել հաւատակիցին ձեռքը զօրացնելու։ Ուրախութեամբ միասնաբար Եհովայի ծառայելը յատկապէս քաջալերական է անոնց, որոնք սկսած են իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը վերագտնել։
5. Կարգ մը պարագաներուն, երէցները ի՞նչ օգնութիւն կրնան մատուցանել։
5 Սիրալիր կարգադրութիւն մը. Որոշ ժամանակ քարոզչութեան չմասնակցողները կամ ժողովքին չընկերակցողները, իրենց հաւատքը կերտելու համար յաւելեալ օգնութեան կարիք կրնան ունենալ։ Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք, Եհովայի մօտեցիր կամ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը միասնաբար ուսումնասիրելը կրնայ կարիքը լեցնել։ Որովհետեւ անհատը արդէն մկրտուած է, ընդհանրապէս հարկ չկայ որ ուսումնասիրութիւնը երկար ժամանակ շարունակուի։ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը արթուն պէտք է ըլլայ ու նկատէ թէ ո՛վ կրնայ այս կարգադրութենէն օգտուիլ։—Տես՝ Նոյեմբեր 1998 եւ Նոյեմբեր 2000–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի տուփը։
6. Քոյր մը ի՞նչպէս հոգեւոր զօրութիւն դարձեալ ձեռք ձգեց։
6 Վերոնշեալ Աննան երախտապարտօրէն ընդունեց երէցներուն առաջարկը,– հոգեւորապէս հասուն քոյր մը իրեն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարէ։ Միայն չորս ուսումնասիրութենէ ետք, ան դարձեալ Եհովայի մօտեցած էր։ Ան վերսկսաւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ Եհովա Աստուածը հանրապէս փառաբանելու իր փափաքը վերարծարծեց։ Հասուն քոյրը նաեւ իրեն օգնեց ծառայութեան մէջ, առիթ տալով որ այլ ուսումնասիրութիւններու ներկայ գտնուի, մինչեւ որ սկսաւ կրկին դռնէ դուռ քարոզել։ Ան հոգեւորապէս դարձեալ գործունեայ ըլլալու համար, միայն օգնականի մը կարիք ունէր։
7. Ուրիշները հոգեւորապէս զօրացնելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
7 Կարիքաւորները զօրացնելը բոլորին օրհնութիւններ կը բերէ։ Օգնութիւն ստացողը Եհովայի մօտենալու եւ Իր կազմակերպութեան գործունէութիւններուն մասնակցելու ուրախութիւնը կը վայելէ։ Երէցները այս հոգեւոր յառաջդիմութիւնը տեսնելով կ’ուրախանան։ (Ղուկ. 15։5, 6) Ժողովքին միութիւնը կ’ամրանայ, քանի որ բոլորն ալ իրարու հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ (Կող. 3։12-14) Արդ, որքա՜ն տեղին է Եհովան ընդօրինակել, որ շուտ գտնուող օգնական է։—Եփ. 5։1