Հարցումի Տուփ
◼ Տակաւին յարմա՞ր է տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարել անգործունեայ եղբօր կամ քրոջ մը հետ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի անդամներէն մէկուն առաջնորդութեան ներքեւ։
Երէցները հօտը՝ մէջը ըլլալով ոեւէ անգործունեայ անդամ, հովուելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Անոնք այսպիսի անհատներու կ’այցելեն եւ կ’որոշեն թէ անոնք անհատական ինչպիսի օգնութեան կը կարօտին։ Երբ յարմար ըլլայ, ասիկա կրնայ պարփակել անգործունեայ անհատին մատուցանել Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան մը օգուտները։ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը, էջ 103–ի վրայ կը բացատրէ թէ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը կ’որոշէ թէ ո՛վ կրնայ օգտուիլ այս կարգադրութենէն։
Ծառայութեան տեսուչը կ’որոշէ թէ ո՛ր անհատը կրնայ լաւագոյն օգնութիւնը մատուցանել, ի՛նչ նիւթ ուսումնասիրել, եւ թէ ո՛ր գրականութիւնը կրնայ իրապէս օգտակար ըլլալ։ Հաւանաբար, սկիզբը իր հետ ուսումնասիրած, կամ իր ճանչցած ու յարգած մէկ անհատը կրնայ յարմարագոյնը ըլլալ ասիկա ընելու համար։ Թերեւս կարող ու հասուն քրոջմէ մը խնդրուի որ անգործունեայ քրոջ մը օգնէ։ Սովորաբար անհրաժեշտ չէ նշանակուած վարիչին ընկերակցի ուրիշ հրատարակիչ մը։ Ուսումնասիրութիւնը վարելու նշանակուած հրատարակիչը կրնայ տեղեկագրել ժամանակը, վերայցելութիւններն ու դասը։—Տես՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը Նոյեմբեր 1987, էջ 1-2։
Քանի որ աշակերտը մկրտուած անհատ մըն է, ընդհանրապէս ուսումնասիրութիւնը երկար ժամանակ շարունակելու կարիք չկայ։ Ասոր նպատակն է անգործունեայ անհատին օգնել որ բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուի եւ բարի լուրի կանոնաւոր հրատարակիչ մը դառնայ։ Ծառայութեան տեսուչը այսպիսի ուսումնասիրութիւններու յառաջդիմութեան պիտի հսկէ։ Այս սիրալիր օգնութեան հետեւանքը պէտք է ըլլայ որ այս եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի առջեւ իրենց անհատական պատասխանատուութիւնը կրեն եւ ճշմարտութեան մէջ ամրօրէն «արմատացած ու հաստատուած» ըլլան։—Եփ. 3։17. Գաղ. 6։5