Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/00 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անգործունեաները մի՛ մոռնար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • «Ինծի դարձէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 11/00 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Երկար ժամանակէ անգործունեայ եղած անհատի մը ի՞նչպէս օգնութիւն կրնայ տրուիլ որ դարձեալ բարի լուրի հրատարակիչ ըլլալու համար որակելի ըլլայ։

Երբ անգործունեայ անհատ մը ապացուցանէ թէ ինք սրտանց կը փափաքի Եհովայի ծառայել, ասիկա մեզ կ’ուրախացնէ։ (Ղուկ. 15։4-6) Հաւանաբար, անհատը թոյլ տուած էր որ հակառակութիւնը կամ կեանքի ճնշումները տեղ չձգեն անձնական ուսումնասիրութեան, ժողովներու յաճախելու եւ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու։ Ի՞նչպէս կարելի է լաւագոյն օգնութիւնը տալ իրեն, որպէսզի հոգեւորապէս յառաջդիմէ։

Բոլորս ալ պէտք է նախաքայլը առնենք այս անհատին զգացնել տալու որ անկեղծօրէն կը սիրենք զինք։ Երէցները անմիջապէս պէտք է տեսնեն անոր հոգեւոր կարիքներուն տարողութիւնը։ (Յակ. 5։14, 15) Եթէ անգործունէութիւնը կարճ ժամանակ տեւած է, թերեւս փորձառու հրատարակիչի մը մատուցած օգնութիւնը բաւարար ըլլայ որ անհատը դաշտի ծառայութեան վերսկսի։ Բայց եթէ անգործունեայ անհատը երկար ժամանակ չէ ընկերակցած ժողովքին հետ, հաւանաբար աւելի օգնութեան պէտք ունենայ։ Հաւատք եւ գնահատութիւն կերտելու համար, յանձնարարելի է որ յարմար գրականութեան մը միջոցաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ըլլայ իրեն հետ։ Այդ պարագային, ծառայութեան տեսուչը կարգադրութիւն պիտի ընէ որ որակելի հրատարակիչ մը վարէ ուսումնասիրութիւնը։ (Եբր. 5։12-14. տես՝ Նոյեմբեր 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը) Եթէ կը ճանչնաք մէկը որ այսպիսի օգնութեան կարիքը ունի, ձեր ժողովքի ծառայութեան տեսուչին խօսեցէք։

Երկար ժամանակէ անգործունեայ եղած անհատի մը դարձեալ ծառայութեան մասնակցելու հրաւէր տալէ առաջ, յանձնարարելի է որ երկու երէցներ անոր հետ տեսակցութիւն մը ունենան, տեսնելու համար թէ Թագաւորութեան հրատարակիչ մը ըլլալու որակելի է թէ ոչ։ Անոնք պիտի հետեւին այն նոյն քայլերուն, երբ նկատի կ’առնեն բարի լուրի հրատարակիչ ըլլալու փափաք ունեցող նորեկի մը որակելի ըլլալը։ (Տես՝ Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1988, էջ 17, Անգլերէն) Անգործունեան բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու մեծ փափաք պէտք է ունենայ։ Ան նաեւ պէտք է գոհացում տայ Կազմակերպուած գրքին 98-99–րդ էջերուն վրայի պահանջներուն, եւ ժողովներու յաճախելու մէջ կանոնաւոր ըլլայ։

Հոգեւոր լաւ վարժութիւն մը զարգացնելը մեծապէս պիտի օգնէ վերադարձողին որ Եհովայի հետ իր թանկագին յարաբերութիւնը զօրացնէ եւ պահպանէ եւ շարունակէ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ քալել։ (Մատթ. 7։14. Եբր. 10։23-25) ‘Բոլոր ջանքը դնելը’ եւ քրիստոնէական մնայուն յատկութիւններ մշակելը արգելք պիտի ըլլան որ որպէս Քրիստոնեայ աշակերտ դարձեալ «պարապ ու անպտուղ» ըլլայ։—Բ. Պետ. 1։5-8

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել