Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/07 էջ 8
  • Անգործունեաները մի՛ մոռնար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անգործունեաները մի՛ մոռնար
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ինծի դարձէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 2/07 էջ 8

Անգործունեաները մի՛ մոռնար

1. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք անգործունեաները քաջալերել։

1 Անգործունեայ անհատ մը կը ճանչնա՞ս։ Թերեւս ան դադրած է ժողովքին ընկերակցելէ եւ փրկութեան ճամբէն հեռացած է։ Թերեւս այսպիսի անհատի մը հանդիպած ես՝ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին։ Մեր միտքը պէտք է պահենք որ անհատը տակաւին մեր հոգեւոր եղբայրն է։ Կ’ուզենք իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ եւ օգնել որ ժողովքին եւ ‘մեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին’ վերադառնայ։—Ա. Պետ. 2։25

2. Ի՞նչպէս կրնանք անգործունեայ անհատ մը քաջալերել։

2 Հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ. Հակիրճ հեռաձայն մը կամ այցելութիւն մը կրնայ անգործունեայ անհատը հաւաստիացնել թէ զինք չենք մոռցած։ Ի՞նչ կրնանք ըսել։ Անհատը կը քաջալերուի պարզապէս երբ իմանայ թէ իր մասին կը խորհէիր։ Զրոյցը դրական ու շինիչ պահէ։ (Փիլ. 4։8) Վերջերս ժողովի մը մէջ մեր լսած հետաքրքրական մէկ կէտը կրնանք նշել։ Կրնանք նաեւ զինք հրաւիրել մօտալուտ ժողովի կամ համաժողովի մը եւ առաջարկել որ իրեն համար աթոռ մը գրաւենք կամ փոխադրութեան միջոց մը ապահովենք։

3. Քոյր մը ի՞նչպէս վերստին գործունեայ դարձաւ։

3 Թաղամասին մէջ գտնուեցաւ քոյր մը, որ աւելի քան 20 տարի անգործունեայ էր։ Թէեւ ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չընդունեց, բայց զինք գտնող քոյրը իրեն վերայցելեց եւ ընթացիկ պարբերաթերթերը տուաւ։ Նահանգային համաժողովէն ետք, քոյրը անոր ներկայացուց համաժողովի կարգ մը աչքառու կէտերը, իսկ վերջաւորութեան՝ ան վերստին գործունեայ դարձաւ։

4. Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք անհատի մը հետ, որ կը վերսկսի ընկերակցիլ՝ ժողովներուն ներկայ գտնուելով։

4 Երբ անհատ մը վերադառնայ. Երբ անգործունեայ եղբայր մը սկսի ժողովներու գալ, իրեն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ, երբ ժամանակաւորապէս զինք լքեցին։ Ան ջերմօրէն անոնց ակնարկեց որպէս իր «եղբայրներ»ը եւ անոնց հանդէպ վստահութիւն ցուցաբերեց։ Ան նոյնիսկ անոնց կարեւոր նշանակում մը տուաւ։ (Մատթ. 28։10, 18, 19) Անկէ քիչ ետք, անոնք «չէին դադարեր» բարի լուրը յայտարարելէ։—Գործք 5։42

5. Նշէ պարագաներ, երբ անգործունեայ անհատի մը մասին պէտք է խօսինք երէցներուն։

5 Անգործունեայ անհատի մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկելէ առաջ, կամ երկար ատենէ անգործունեայ դարձած անհատը ծառայութեան հրաւիրելէ առաջ, երէցներուն ուղղութիւնը պէտք է հայցենք։ Եթէ թաղամասին մէջ անգործունեայ հրատարակիչի մը հանդիպինք, երէցները պէտք է տեղեկացնենք, որպէսզի հարկ եղած օգնութիւնը տան։

6. Անգործունեաներուն օգնելով ի՞նչ ուրախութիւն կրնանք վայելել։

6 Ինչպէս Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, միայն անոնք որ մինչեւ վերջը կը տոկան՝ պիտի փրկուին։ (Մատթ. 24։13) Հետեւաբար, գայթակղած կամ հեռացած անհատները ի մտի ունեցիր։ Եթէ համբերութեամբ Եհովայի սէրը արտացոլացնենք, այսպիսի անհատներով անկեղծօրէն հետաքրքրուելով, թերեւս ուրախանանք՝ տեսնելով թէ մեր կողքին վերստին սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն։—Ղուկ. 15։4-10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել