Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութիւնը վայելէ
1 «Աստուծոյ հնազանդիլ» նահանգային համաժողովին ուշագրաւ մէկ երեսակն էր՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին լոյս տեսնելը։ Մօտ ատենէն զայն ընդարձակ կերպով պիտի գործածենք դաշտի ծառայութեան մէջ, մանաւանդ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Անոր քաջածանօթ պիտի դառնանք, զայն ուսումնասիրելով Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ, Ապրիլ 17–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ։
2 Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը ուշադրութեան պիտի յանձնէ իւրաքանչիւր գլուխին սկիզբը նշուած հարցումները։ Ապա ուսումնասիրութիւնը պիտի վարուի, էջերուն վարը գտնուող հարցումները գործածելով։ Բանալի համարները պիտի կարդացուին ու քննարկուին, իսկ իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան «Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ» շրջանակը պիտի օգնէ նիւթը վերաքաղ ընելու, քանի որ բացման հարցումներուն աստուածաշնչական պատասխանները կը բովանդակէ։ Մեկնաբանելը հաճելի պիտի գտնես, քանի որ գիրքը նիւթերը կը ծածկէ յստակ, պարզ ու հետաքրքրական կերպով։
3 Այս գիրքին յաւելուածը զանազան նիւթերու շուրջ մանրամասնութիւններ կը հայթայթէ։ Զայն պիտի գործածենք երբ Աստուածաշունչի աշակերտը որոշ նիւթի մը շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւն խնդրէ։ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան ընթացքին յաւելուածէն մասեր նկատի պիտի առնենք, ամբողջ նիւթը կարդացուելով գիրքի ուսումնասիրութեան ընթերցողին կողմէ։ Յաւելուածը չի բովանդակեր ուսումնասիրութեան հարցումներ, բայց տեսուչը կրնայ գլխաւոր կէտերը ցցուն ընող հարցումներ ուղղել ներկաներուն։
4 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան ընթացքին արագօրէն պիտի ծածկուի։ Ասիկա չի նշանակեր որ գիրքը նոյն կերպով սերտենք ուրիշներու հետ, մանաւանդ եթէ Աստուածաշունչին մասին չնչին տեղեկութիւն ունին։ (Գործք 26։28, 29) Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, հարկ կայ որ համարները լիովին քննարկենք, օրինակները բացատրենք, եւայլն։ Արդ, նպատակակէտ դիր ամէն շաբաթ ներկայ գտնուիլ եւ լիովին մասնակցիլ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին ուսումնասիրութեան։