«Աստուծոյ սէրը» գիրքը ի՛նչպէս գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար
1. «Աստուծոյ սէրը» գրքին նպատակը ի՞նչ է։
1 Ո՜րքան ուրախացանք, երբ «Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուինք» բնաբանով նահանգային համաժողովին ստացանք «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» նոր գիրքը։ Ինչպէս ծանուցանուեցաւ, այս հրատարակութիւնը ծրագրուած է մեզի օգնելու, որ Եհովայի դրած վարքի չափանիշները գիտնանք ու սիրենք, եւ ո՛չ թէ Աստուածաշունչի հիմնական վարդապետութիւնները ուսուցանենք։ Այս գիրքը դռնէ դուռի ծառայութեան մէջ պիտի չներկայացնենք։
2. Այս հրատարակութիւնը ի՞նչպէս պիտի գործածուի, եւ որո՞նց հետ։
2 Այս գիրքը պիտի ծառայէ որպէս երկրորդ հրատարակութիւն, որ Աստուածաշունչի աշակերտներուն հետ պիտի ուսումնասիրուի, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ամբողջացնելէ ետք։ Ի մտի ունեցիր, թէ անհատներ տարբեր արագութեամբ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն պէտք է աշակերտին յարմարող արագութեամբ ընթանայ։ Վստահ եղիր որ քննարկուած նիւթը յստակ ու հասկնալի է։ Շատ մը պարագաներուն, այս գիրքը պիտի չգործածուի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու անհատներու հետ, որոնք անցեալին արդէն քանի մը գիրք ուսումնասիրած են, բայց ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ չեն գտնուիր եւ բացայայտ է որ փափաք չունին իրենց կեանքը ներդաշնակելու իրենց սորված աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն հետ։
3. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ ներկայիս Աստուած պաշտեցէք գրքով ուսումնասիրութիւն մը կը վարենք։
3 Եթէ ներկայիս Աստուած պաշտեցէք գրքով ուսումնասիրութիւն մը կը վարես եւ վերջին գլուխները մնացած են, կրնաս գիրքը ամբողջացնել ու աշակերտը քաջալերել որ «Աստուծոյ սէրը» գիրքը առանձին կարդայ։ Այլապէս, լաւ կ’ըլլայ նոր գրքին անցնիլ եւ սկիզբէն սկսիլ։ Ինչպէս է պարագան Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին, յաւելուածին նիւթերը քննարկելը ընտրողական է։
4. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ աշակերտը Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ եւ/կամ «Աստուծոյ սէրը» գրքերը ամբողջացնելէ առաջ մկրտուի։
4 Եթէ աշակերտը այս երկու գրքերը լրացնելէ առաջ մկրտուի, ուսումնասիրութիւնը պէտք է շարունակուի մինչեւ որ «Աստուծոյ սէրը» գիրքը ամբողջանայ։ Թէեւ աշակերտը մկրտուած է, կրնաս ժամանակը, վերայցելութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը տեղեկագրել։ Իսկ քեզի ընկերակցող եւ ուսումնասիրութեան մասնակցող հրատարակիչը կրնայ ժամանակը տեղեկագրել։
5. «Աստուծոյ սէրը» գիրքը ի՞նչպէս կրնայ գործածուիլ, անգործունեայ հրատարակիչներու օգնելու համար։
5 Եթէ Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբին մէկ անդամին կողմէ նշանակուած ես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու անհատի մը հետ, որ քարոզչութեան մէջ անգործունեայ եղած է, թերեւս քեզմէ խնդրուի որ «Աստուծոյ սէրը» գրքէն որոշ գլուխներ անոր հետ քննարկես։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւններ երկար ժամանակ պէտք չէ տեւեն։ Այս նոր գիրքը ի՜նչ ընտիր հայթայթում մըն է, որ ծրագրուած է մեզի օգնելու որ «Աստուծոյ սիրոյն մէջ» մնանք (Յուդա 21)։