Հարցումի Տուփ
◼ Հետաքրքրուած անհատներուն հետ ո՞ր երկու հրատարակութիւնները պէտք է ուսումնասիրուին։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու մեր գլխաւոր գործիքն է։ Թէեւ առարկութիւն չկայ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար այլ հրատարակութիւն մը գործածուի, ինչպէս՝ յարմար թերթիկ մը, բայց կարելի եղածին չափ շուտ, ջանքեր պէտք է թափուին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին անցնելու։ Բացառիկ արդիւնքներ ձեռք ձգուած են, երբ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով ուսումնասիրութիւններ սկսուած են։
Անգամ մը որ աշակերտը Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ամբողջացնէ եւ յառաջդիմութեան մէջ է, Աստուած պաշտեցէք գիրքը պէտք է ուսումնասիրուի։ (Կող. 2։7) Այս գրքին 2–րդ էջը կը բացատրէ անոր նպատակը. «Աստուածաշունչը բոլոր աստուածասէր անհատները կը յորդորէ որ Աստուծոյ թանկագին ճշմարտութիւններուն ‘խորութիւնը ու բարձրութիւնը հասկնան’։ (Եփեսացիս 3։18) Այդ նպատակով այս գիրքը պատրաստուած է։ Կը յուսանք որ անիկա քեզի օգնէ որ հոգեւորապէս աճիս եւ աւելի լաւ զինուիս նեղ ճամբուն մէջ քալելու, որ կեանքի կ’առաջնորդէ՝ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ»։
Եթէ աշակերտը երկու գիրքերը ամբողջացնելէ առաջ մկրտութեան որակեալ ըլլայ, ուսումնասիրութիւնը պէտք է շարունակուի մինչեւ որ երկրորդ գիրքը լրանայ։ Նոյնիսկ եթէ աշակերտը մկրտուի, ուսումնասիրութիւնը վարողը կրնայ տեղեկագրել ժամանակը, վերայցելութիւններն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը։ Հրատարակիչ մը որ վարիչին կ’ընկերակցի եւ ուսումնասիրութեան մէջ բաժին կը բերէ, կրնայ նաեւ ժամանակը տեղեկագրել։