ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԳՐՔԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՑԷՔ
1 Թերթիկները, գրքոյկները, պարբերաթերթերը եւ գրքերը—բոլորն ալ կարելի է գործածել տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար հետաքրքրուող անհատներու հետ։ Իր լայնատարած բաշխումին ու գրաւչութեան պատճառաւ, Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը գործածուած է ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Վստահաբար, ամէն անհատի քաջալերութիւն պէտք է տրուի զայն կարդալու եւ ուսումնասիրելու։
2 Սակայն, մասնաւորաբար երկու գրքեր կան որոնք պէտք է ուսումնասիրուին նորեկներուն հետ, անոնց օգնելու որ հասկնան Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական չափանիշները ապրելակերպին առնչութեամբ։ Անոնք են. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ եւ Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ։ Կը յանձնարարուի որ կարելի եղածին չափ շուտ, անոնք որոնք ուրիշ գրականութիւններով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, փոխեն ու սկսին այս երկու գրքերէն մէկը գործածել։ Եթէ ուսումնասիրութիւն մը կը վարուէր Մեծագոյն Մարդը գրքին միջոցաւ, քաջալերեցէք աշակերտը որ առանձին շարունակէ կարդալ զայն։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պէտք է շարունակուի մինչեւ որ Յաւիտեան Ապրիլ եւ Պաշտամունք գրքերը ամբողջովին սերտուին, նոյնիսկ եթէ անհատը մկրտուի երկրորդ գիրքը վերջացնելէ առաջ։ Այս կարգադրութիւնը աւելի խոր ներատեսութիւն եւ հոգեւոր կայունութիւն պիտի մատուցանէ Աստուածաշունչի աշակերտին։