ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սեպտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։
20 վյրկ. Ձեր Զաւակները Զօրացուցէք Դպրոցին Համար։ Դասախօսութիւն ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ ու ցուցադրութիւն։ Քրիստոնեայ պատանիները ներկայիս այնպիսի հարցեր կը դիմագրաւեն որոնց մասին շատեր ժողովքին մէջ չեն կրնար նոյնիսկ երեւակայել։ Ծնողները մասնաւորաբար պէտք է լաւ կերպով տեղեակ ըլլան այս մարտահրաւէրներուն մասին, որպէսզի իրենց զաւակները զօրացնեն ուղղամտութեան փորձութենէն յաղթական դուրս գալու համար։ Հարցազրոյց ունեցէք տարբեր տարիքներով եղող երեք պատանիներու հետ։ Ի՞նչ են այն կարգ մը մասնայատուկ ճնշումները որոնց օրական կ’ենթարկուին դպրոցին մէջ։ Ի՞նչ բան կ’օգնէ իրենց Եհովայի հետ իրենց լաւ յարաբերութիւնը պահպանելու։ Ցուցադրութիւն մը կարգադրեցէք ընտանիքի մը մասին որոնք միասնաբար նկատի կ’առնեն Դպրոց գրքոյկի 11–րդ էջին վրայ եղած 2 եւ 3–րդ պարբերութիւնները։ Պզտիկները կը յայտնեն թէ իրենք կը ծաղրուին ու կը զգան թէ աքսորուած են քանի որ Աստուածաշունչի բարոյականութեան բարձր չափանիշներուն կը կառչին։ Ընտանիքի գլուխը զաւակներուն կը քաջալերէ արտայայտելով իր ուրախութիւնը իրենց հանդիսացած օրինակով եւ անոնց կը յիշեցնէ թէ Եհովա մեծապէս կը հաճի իրենց վարքը։ (Առ. 27։11) Այս բաժինը ներկայացնող եղբայրը կ’եզրափակէ ժողովքին մէջ եղող պատանիները գովելով իրենց լաւ գործերուն համար եւ զիրենք կը քաջալերէ որ հաղորդակցին իրենց ծնողներուն հետ որպէսզի հոգեւորապէս զօրանան այս դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք Մեծ Գանձ մը Ճանչնալու»։ Հարց պատասխանով ծածկել։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ցուցադրեցէք հրատարակիչ մը կը խօսակցի ծնողի մը հետ։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Պարփակեցէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար տեղական կարիքներուն ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
10 վյրկ. «Պարբերաթերթերը Գործածելով Ուրիշներու Օգտեցէք»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Պարբերաթերթերուն թէ՛ ընթացիկ եւ թէ հին թիւերը լիովին օգտագործելու արժէքը ցցուն ըրէք։ Երկու ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք, մէկը կը ներկայացնէ ընթացիկ պարբերաթերթ մը, իսկ միւսը ցոյց կու տայ ի՛նչպէս հին թիւ մը գործածել տանուտիրոջ մասնայատուկ կարիքի մը գոհացում տալու։
15 վյրկ. «Ի՞նչ Պիտի Իրագործենք Այս Ծառայութեան Տարուան Ընթացքին»։ Դասախօսութիւն ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ։ Պիտի ներկայացուի վերակացու տեսուչին կողմէ։ Վերաքաղ ըրէք ժողովքին անցեալ տարուան ծառայութիւնը եւ բոլորին քաջալերեցէք որ ծրագրեն աւելցած գործունէութեան մը համար 1994–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։
10 վյրկ. «Յաւիտեան Ապրիլ եւ Պաշտամունք Գրքերը Ուսումնասիրեցէք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առնելէ ետք, թող որ լաւ պատրաստուած հրատարակիչ մը ցուցադրէ ինչպէ՛ս Մեծագոյն Մարդը գրքի ուսումնասիրութիւնը դադրեցնել ու անցնիլ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ուսումնասիրելու։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն յօդուածներ աչքառու դարձուցէք զորս կարելի է գործածել այս շաբաթ դաշտի ծառայութեան մէջ։
20 վյրկ. «Ոչխարանման Անհատներու Օգնեցէք որ Հաստատ Հիմի Վրայ Շինեն»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Ցցուն ըրէք իւրաքանչիւր վերայցելութեան համար նախապատրաստուելու կարիքը։ Թող որ որակելի հրատարակիչ մը ցուցադրէ անհատի մը վերայցելելը որ նախապէս առած էր Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը, գործածելով 3–րդ կամ 5–րդ պարբերութեան տեղեկութիւնները։
15 վյրկ. «Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւններ Սկսինք»։ Հարց պատասխանով։ 4–րդ պարբերութենէն ետք, ներկայացուցէք խանդավառ ցուցադրութիւն մը վերայցելութեան մը մասին, ուր միայն Աստուածաշունչը կը գործածուի, բայց հիմնուած է Յաւիտեան Ապրիլ կամ Պատճառաբանել գրքին վրայ, ինչպէս որ թելադրուած է։
Երգեցողութիւն թիւ 138 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
20 վյրկ. Ո՞ւր Են Մեր Սիրելի Ննջեցեալները։ Ընտանեկան խօսակցութիւն։ Պատճառաբանել գրքի 98–100 [368–71, Արաբ.] էջերէն ընտրուած տեղեկութիւններ գործածելով, ընտանիքի գլուխը նկատի կ’առնէ ընտանիքին սերտ բարեկամի մը մահը։ Ան կը կեդրոնանայ իր զաւակներուն օգնելու վրայ որ հասկնան Աստուածաշունչի տեսակէտը։ Ան հարցումներ կ’ուղղէ վստահ ըլլալու համար թէ անոնք կ’ըմբռնեն մահուան նշանակութիւնը եւ կրնան իրենք զիրենք յստակօրէն արտայայտել իրենց տարիքին համաձայն։ Նաեւ, ան ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս կրնան Պատճառաբանել գիրքը գործածել ուրիշներու մխիթարելու համար։
15 վյրկ. Պարբերաթերթեր Ներկայացուցէք Հոկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին։ Երեք ցուցադրութիւններ կարգադրեցէք, առաջինը ընթացիկ Դիտարանը կը ներկայացնէ, երկրորդը ընթացիկ Զարթի՛րը կը ներկայացնէ, իսկ երրորդը ցոյց կու տայ շատ զբաղած տանուտէր մը որ թերթիկ մը կ’ընդունի։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, վերլուծեցէք ունկնդիրներուն հետ թէ ի՛նչու ներկայացումը ազդեցիկ էր։ Երբ յարմար հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է առաջարկել պարբերաթերթերուն բաժանորդագրութիւն ընելը կամ Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։