ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Նոյեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Ուշադրութեան յանձնեցէք մասնաճիւղերուն հասցէներուն մասին տրուած տեղեկութիւնը։ Հրատարակիչները գովեցէք իրենց ունեցած բաժինին համար Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ։ Թելադրեցէք խօսակցական կէտեր ընթացիկ պարբերաթերթերէն գործածելու համար տեղական թաղամասին մէջ։
15 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքին Ոյժը»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորը քաջալերեցէք որ կարդան Աստուածաշունչին Ինչո՛ւ Կրնաք Վստահիլ թերթիկը, նօթագրելով պատճառաբանելու մեթոտները եւ ազդեցիկ փաստերը դաշտի ծառայութեան մէջ գործածելու համար։
20 վյրկ. «Ձեր Առաջին Հանդիպումին Ընթացքին Հիմը Դրէք»։ Այն եղբայրը որ այս բաժինը ունի կը ներկայացնէ չորս ցուցադրութիւններ որոնք կը լուսաբանեն 2–րդ եւ 3–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած երկու բացումներէն մէկը եւ ցցուն կ’ընեն 4–րդ, 5–րդ, եւ 6–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած կէտերը։
Երգեցողութիւն Թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 10
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Ձեզի Տրուած Հրահանգներուն կը Հետեւի՞ք»։ Վերակացու տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած Դիտարանի Դեկտեմբեր 1, 1990 թիւին յօդուածին վրայ, էջ 28–9։ Տեղական կիրարկում պէտք է ընել մասնայատուկ կարիքներու համար. դաշտի ծառայութեան ժամանակը տեղեկագրել, Թագաւորութեան Սրահը մաքրել, դաշտի ծառայութեան համար եղած ժողովներուն ճիշդ ժամանակին ներկայ գտնուիլ, զաւակները զսպել Թագաւորութեան Սրահին մէջ, եւայլն։ Գովեցէք երբ յարմար է, եւ բոլորին օգնեցէք որ տեսնեն ինչպէս ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի եւ նշանակուած ծառաներուն գործը աւելի դիւրին կ’ըլլայ երբ ամէն անհատ հրահանգներուն կը հետեւի։
10 վյրկ. «Դեկտեմբերին Օժանդակ Ռահվիրայ մը Եղէք»։ Հարց պատասխանով, ջերմօրէն եւ խանդավառօրէն նիւթը նկատի առէք։ Ծանուցանեցէք տեղական կարգադրութիւնները դաշտի ծառայութեան համար եւ աւելի մեծ խումբերու համար եղած մասնաւոր կարգադրութիւնները Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին։
15 վյրկ. «Մեր Գրականութիւնները կ’Արժեւորէ՞ք»։ Քաջալերական դասախօսութիւն։
Երգեցողութիւն Թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 13
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, մէջը ըլլալով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ջերմօրէն գովեցէք ժողովքը նիւթապէս թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին ինչպէս նաեւ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներ Շինելու Հիմնադրամին եւ Ընկերութեան համաշխարհային գործին։ Ուրուագծեցէք դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները տօներու ժամանակամիջոցին, երբ ասիկա յարմար է։ Ծնողները պէտք է յատկապէս պատրաստեն իրենց դպրոցական զաւակները այն հարցերուն նկատմամբ որոնք կրնան յարուցուիլ տօներու առթիւ, գործածելով Դպրոց գրքոյկին 17–21 էջերը։
20 վյրկ. «Ինչպէ՛ս Հետաքրքրութիւն Մշակենք»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ, ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Ցուցադրեցէք 5–րդ եւ 6–րդ պարբերութիւններուն մէջ ուրուագծուած մեթոտները։ Ցուցադրութիւնները պարզ պահեցէք։
10 վյրկ. «Նպատակայարմար Խօսակցական Կէտեր Ընտրեցէք»։ Խօսակցութիւն ամուսինի մը եւ իր կնոջ միջեւ մինչ դաշտի ծառայութեան կը պատրաստուին։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք ցոյց տալու ինչպէ՛ս գործածել խօսակցական կէտ մը ընթացիկ պարբերաթերթէ մը այս շաբաթավերջը։ Անցեալ շաբթուայ Ծառայութեան Ժողովին մէջ տրուած թելադրութիւնները գործածեցէք։
20 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
15 վյրկ. Ինչո՞ւ Չենք Տօներ Ծննդեան Տարեդարձը։ Խօսակցութիւն երէցի մը եւ անհայր տղու մը միջեւ, որ օրինակելի է։ Տղան երէցին կը դիմէ անոր օգնութիւնը խնդրելու որ դիմագրաւէ իր դասընկերներու ճնշումը ծննդեան տարեդարձի հաւաքոյթին ներկայ գտնուելու։ Ան կը հասկնայ թէ ատիկա սխալ է բայց կ’ուզէ ուրիշներու յստակօրէն բացատրել զայն։ Երէցը ազնուօրէն եւ պարզ լեզուով տղուն հետ վերաքաղ կ’ընէ ինչ որ յիշուած է Դիտարանի Սեպտեմբեր 1, 1992 թիւին մէջ [Անգլ.], էջ 30–1 եւ Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 68–70 [437–38, Արբ.]։
Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն Թիւ 33
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Մեծագոյն Մարդը Գիրքը Գործածենք Մեր Լոյսը Լուսաւորելու Համար Դեկտեմբեր Ամսուան մէջ։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան կէտեր ի մտի ունենան։
20 վյրկ. Նահանգային Համաժողովէն Աչքառու Կէտեր։ Երեցի մը կողմէ։ Եղբայրներուն օգնեցէք որ կէտերը անձամբ կիրարկեն ու դաշտին մէջ գործածեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 114 եւ փակման աղօթք։