ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Անկոլա. Հոյակապ յաւելում մը կը շարունակուի տեղի ունենալ։ Յուլիս ամսուան մէջ, 18,911 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը կար, եւ 56,075 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։
Հնդկաստան. Յուլիս ամսուան մէջ, 12,169 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին, կամ 14 առ հարիւր աւելի քան անցեալ տարուայ միջինը։ 10,153 տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու նոր գագաթ մը արձանագրուեցաւ։
Միանմար. 1,958 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը ձեռք ձգուեցաւ Յուլիս ամսուան մէջ։
Սաօ Թոմէ եւ Փրինսիբի. Յուլիսին՝ 80 հրատարակիչներ, մինչեւ հիմա արձանագրուած մեծագոյն գագաթ թիւը, բաժին բերին դաշտի ծառայութեան մէջ։ 382 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան նոյն ամիսը, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ այս թաղամասը արդարեւ հասունցած է առատ հունձքի մը համար։