Աստուածպետական Լուրեր
Ալպանիա. Յուլիս ամսուան մէջ, 353 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը արձանագրուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ նոր գագաթ մը պարբերաթերթեր տեղաւորելուն մէջ։ Հրատարակիչները 1,073 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարեցին եւ միջին հաշուով 22.4 ժամ ծառայութեան յատկացուցին։
Գամերուն. Նոր մասնաճիւղի գրասենեակ մը հաստատուեցաւ Յուլիսին, եւ 21,323 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը արձանագրուեցաւ։
Զայիր. Զայիր մտնող հարիւր հազարաւոր պատսպարեալներուն աղիտական վիճակը դիմագրաւելով հանդերձ, 83,442 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը ձեռք ձգուեցաւ Յուլիս ամսուան մէջ։ Եղբայրները հոյկապ աշխատանք տարին իրարու օգնելու համար, եւ կ’ըսեն որ շատ կը գնահատեն դուրսէն եկած օժանդակութիւնները։
Կրէնլանտա. Յուլիս ամսուան մէջ, 134 հրատարակիչներ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիր ներկայացուցին։ Ասիկա նոր գագաթ մըն էր։