ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ ՓՐԿԱԳԻՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
1 Մեռած ընկերի մը կամ ազգականի մը երախտապարտութիւն ցուցաբերելու փափաքը սովորական բան մըն է բոլոր մշակոյթներուն մէջ։ Այս փափաքը կրնայ յատկապէս զօրաւոր ըլլալ երբ սիրելի անհատը մեռած է ուրիշներու կեանքը ազատելու ընթացքին։ Բոլոր անոնք որոնք յաւիտենական կեանքի յոյսը կը բաժնեն, ամենամեծ պատճառները ունին երախտապարտութիւն ցուցաբերելու փրկագինին համար, ներկայ գտնուելով Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին՝ Ապրիլ 6–ին։—Բ. Կորն. 5։14. Ա. Յովհ. 2։2
2 Եհովայի Սէրը Գնահատեցէք. Ի՜նչ յարմար է որ մեր ամենախոր գնահատանքը ցուցաբերենք մեր ամենամեծ Բարերարին՝ Եհովա Աստուծոյ, որ փրկագինը հայթայթեց։ (Ա. Յովհ. 4։9, 10) Եհովայի սիրոյն խորութիւնը յայտնաբերուած է անզուգական պարգեւով զոր հայթայթեց որպէս մեր փրկագինը, ոչ թէ միլիոնաւոր հաւատարիմ հրեշտակներէն մէկը, այլ՝ իր միածին, ամենաշատ սիրուած Որդին։ (Առ. 8։22, 30) Այս Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ Եհովայի ամենալաւ կերպով կը ճանչնայ, մեզի ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։—Յովհ. 3։16
3 Յիսուս Քրիստոսի Սէրը Գնահատեցէք. Նմանապէս, յարմար է որ խոր երախտապարտութիւն ցուցաբերենք Յիսուս Քրիստոսի համար, որ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ։ (Մատթ. 20։28) Անոր սէրը յայտնաբերուած է փրկագինին վերաբերեալ Եհովայի կամքին կամաւ ենթարկուելով։ Նկատի առէք թէ ինչպէս ան ձգեց իր նպաստաւոր պայմանները՝ ընկերակցելով իր Հօր եւ բիւրաւոր արդար հրեշտակներուն հետ, որպէսզի մեր փրկագինը ըլլայ։ Զինք ետ չպահեցին ո՛չ մեղաւոր մարդոց ենթակայ ըլլալու եւ անոնց մէջ ապրելու մարտահրաւէրը եւ ոչ ալ գիտնալը թէ փրկագին հայթայթելը իր մահը պիտի նշանակէր։ Փոխարէն, ան իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։—Փիլ. 2։5–8
4 Ի՞նչպէս Երախտապարտութիւն կը Ցուցաբերենք Փրկագինին Համար. Մեր երախտապարտութիւնը փրկագինին համար պէտք չէ սահմանափակուի պարզապէս շնորհակալ–ենք ըսելով։ Մենք կարիքը ունինք սորվելու Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ փրկուելու Աստուծոյ հայթայթումին մասին։ (Յովհ. 17։3) Ապա պէտք է հաւատք ընծայենք փրկագինին հանդէպ։ (Գործք 3։19) Մեր կարգին, պէտք է մղուինք մեր անձերը Եհովա Աստուծոյ մատուցանելու նուիրուելով ու մկրտուելով։ (Մատթ. 16։24) Մինչ մեր նուիրումին համաձայն կ’ապրինք, պէտք է ամէն պատեհութիւն օգտագործենք ուրիշներու հետ խօսելու փրկութեան համար հայթայթուած փրկագինին մասին։—Հռովմ. 10։10
5 Այս պահանջքներուն գոհացում տալը մեզմէ ոչ մէկու կարողութենէն վեր է։ Միքիա 6։8–ը մեզ կը վստահեցնէ. «Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Նմանապէս, Դաւիթ Եհովայի ըսաւ. «Ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք»։—Ա. Մնաց. 29։14
6 Մեր երախտապարտութիւնը խորացնելու համար Եհովայի սքանչելի հայթայթումին համար, ինչո՞ւ ընտանիոք չկարդաք ու խօսակցիք Մեծագոյն Մարդը գրքին 112–126–րդ գլուխներուն մասին Յիշատակատօնէն առաջ։ Այս կերպով, բոլորս ալ մտովի կը պատրաստուինք երախտապարտութիւն ցուցաբերելու փրկագինին համար Յիշատակատօնին տօնակատարութեան ատեն որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 6, 1993–ին։