Փրկանքը Աստուծոյ կողմէ «կատարեալ պարգեւ» մըն է
«Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ. . . Հօրմէն կ’իջնէ» (ՅԱԿ. 1։17)։
1. Փրկանքը ի՞նչ օրհնութիւններ կարելի կը դարձնէ։
ՅԻՍՈՒՍԻ զոհը շատ մը օրհնութիւններու դուռը կը բանայ։ Փրկանքին միջոցաւ ուրիշ ոչխարները ի վերջոյ Աստուծոյ ընտանիքին մաս պիտի կազմեն։ Ատիկա նաեւ մեզի առիթ կու տայ որ յաւիտեան ուրախ ապրինք։ Ասկէ զատ, փրկանքը կապ ունի ուրիշ հարցերու հետ, որոնք թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ եղողներուն համար շատ կարեւոր են (Եբ. 1։8, 9)։
2. ա) Տիեզերական կարեւորութիւն ունեցող ի՞նչ հարցեր կան Յիսուսի աղօթքին մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։
2 Յիսուս իր մահէն գրեթէ երկու տարի առաջ, իր աշակերտներուն սորվեցուց որ այսպէս աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։9, 10)։ Նկատի առնենք թէ փրկանքը ի՛նչ կապ ունի Եհովայի անունը սրբացուելուն հետ, Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան հետ եւ Աստուծոյ նպատակը կատարուելուն հետ։
«ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՅ»
3. Եհովային անունը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ Սատանան ինչպէ՞ս անարգեց Աստուծոյ անունը։
3 Յիսուսի տիպար աղօթքին առաջին խնդրանքն էր որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Եհովային անունը կը ներկայացնէ իր ի՛նչ ըլլալը. ան ամբողջ տիեզերքին մէջ ամէնէն զօրաւոր եւ արդար անձնաւորութիւնն է։ Յիսուս նաեւ զինք կոչեց «Սուրբ Հայր» (Յովհ. 17։11)։ Եւ քանի որ Եհովան սուրբ է, իր դրած սկզբունքներն ու օրէնքները սուրբ են։ Հակառակ ասոր, Եդեմի պարտէզին մէջ՝ Սատանան խորամանկօրէն մէջտեղ դրաւ այն գաղափարը, թէ Աստուած իրաւունք չունի չափանիշներ դնելու մարդոց համար։ Եհովային մասին սուտ խօսելով, Սատանան անարգեց Աստուծոյ սուրբ անունը (Ծն. 3։1-5)։
4. Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։
4 Անդին, Յիսուս իրապէս կը սիրէր Եհովային անունը եւ իր ամէն կարելին ըրաւ որ զայն սրբացնէ (Յովհ. 17։25, 26)։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր վարքով եւ ուսուցումներով փաստեց թէ Եհովային չափանիշները ճիշդ են, եւ թէ ի՛նչ որ մեզմէ կը խնդրէ՝ մեր օգտին համար է (կարդա՛ Սաղմոս 40։8-10)։ Նոյնիսկ երբ Սատանան պատճառ դարձաւ որ Յիսուս ցաւալիօրէն մեռնի, Յիսուս վերջին ծայր հաւատարիմ մնաց իր երկնաւոր Հօր։ Այսպիսով, ան փաստեց թէ կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ լման հնազանդ մնալ Եհովային։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ անունը սրբացնելուն մէջ բաժին բերել։
5 Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ Եհովային անունը կը սիրենք։ Մեր վարքով։ Եհովան կ’ուզէ որ սուրբ ըլլանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Ասիկա կը նշանակէ՝ միայն Եհովան պաշտել եւ լման սրտով իրեն հնազանդիլ։ Նոյնիսկ երբ հալածանքի տակ ըլլանք, մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ իր արդար սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն համաձայն ապրինք։ Այսպիսով, Եհովային անուան փառք կը բերենք (Մատ. 5։14-16)։ Մեր ապրելակերպով կը փաստենք որ Եհովային օրէնքները օգտակար են եւ թէ Սատանան ստախօս է։ Անկատար ըլլալով, երբ սխալներ ընենք՝ անկեղծօրէն կը զղջանք եւ այլեւս չենք ըներ այն բաները որոնք Եհովային անունը կ’անարգեն (Սաղ. 79։9)։
6. Եհովան ինչո՞ւ արդար կրնայ սեպել մեզ, հակառակ որ անկատար ենք։
6 Ըլլանք օծեալներ թէ «ուրիշ ոչխարներ», եթէ փրկանքին կը հաւատանք՝ Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ։ Ան զինք պաշտողներուն խումբին մէջ կ’ընդունի բոլոր անոնք որոնք իրեն կը նուիրուին։ Ան օծեալ քրիստոնեաները արդար կը սեպէ որպէս իր որդիները, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը արդար կը սեպէ որպէս իր բարեկամները (Յովհ. 10։16. Հռով. 5։1, 2. Յակ. 2։21-25)։ Ուրեմն, փրկանքը նոյնիսկ հիմա կարելի կը դարձնէ, որ մեր Հօր հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ իր անունը սրբացնենք։
«ՔՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԴ ԳԱՅ»
7. Փրկանքին միջոցաւ ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի թափուին։
7 Տիպար աղօթքին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Փրկանքը ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, կամ կառավարութիւնը, կը կազմուի Յիսուսէն եւ 144,000 անհատներէ։ Փրկանքը կարելի կը դարձնէ որ այս անհատները յարութիւն առնելով երկինք երթան (Յայտ. 5։9, 10. 14։1)։ Անոնք թագաւորներ եւ քահանաներ պիտի ըլլան եւ Յիսուսին հետ հազար տարի պիտի իշխեն երկրին վրայ։ Այդ ժամանակ, Եհովան Թագաւորութիւնը պիտի գործածէ որ երկիրը դրախտի վերածէ եւ մարդիկը կատարեալ դարձնէ։ Եւ վերջապէս Աստուծոյ ընտանիքին երկնային եւ երկրային մասերը լման պիտի միանան (Յայտ. 5։13. 20։6)։ Յիսուս Սատանան պիտի ոչնչացնէ եւ անոր պատճառած բոլոր խնդիրները մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Ծն. 3։15)։
8. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց իր աշակերտներուն որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կարեւորութիւնը ըմբռնեն։ բ) Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ ենք։
8 Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց որ ըմբռնեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որքա՜ն կարեւոր է։ Ինչպէ՞ս։ Իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, Յիսուս սկսաւ «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը քարոզել (Ղուկ. 4։44)։ Ան նաեւ իր աշակերտներուն ըսաւ որ իրեն համար վկաներ ըլլան «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։ Այսօր, մարդիկ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին միջոցաւ առիթ ունին, որ փրկանքին մասին սորվին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ ըլլան։ Երբ օծեալներուն օգնենք բարի լուրը քարոզելու աշխարհի տարածքին, կը ցուցնենք թէ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ ենք (Մատ. 24։14. 25։40)։
«ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ»
9. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի կատարէ մարդոց նկատմամբ իր նպատակը։
9 Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Քու կամքդ ըլլայ»։ Երբ Եհովային բերնէն խօսք մը ելլէ, անպայման կը կատարուի (Եսա. 55։11)։ Սատանային ըմբոստութիւնը չի կրնար Աստուծոյ նպատակը ջուրը նետել։ Սկիզբէն, Եհովային կամքն էր որ երկիրը լեցուի Ադամին ու Եւային կատարեալ զաւակներով (Ծն. 1։28)։ Եթէ Ադամն ու Եւան մեռնէին առաջ որ զաւակ ունենային, Աստուծոյ նպատակը կը խափանուէր։ Ասոր համար, երբ անոնք մեղանչեցին, Եհովան թոյլ տուաւ որ զաւակներ ունենան։ Բոլոր հաւատք ունեցողները փրկանքին միջոցաւ առիթ ունին, որ կատարեալ դառնան եւ յաւիտեան ապրին։ Եհովան մարդիկը կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ապրինք ճիշդ ինչպէս որ մտադրած էր մեզի համար։
10. Մեռնողները ինչպէ՞ս կ’օգտուին փրկանքէն։
10 Լաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ այն միլիառաւոր անհատներուն, որոնք մահացած են առանց առիթ ունենալու որ Եհովան ճանչնան եւ իրեն ծառայեն։ Փրկանքը կարելի կը դարձնէ որ մեռելները յարութիւն առնեն, եւ այսպէս Եհովան անոնց առիթ պիտի տայ, որ իր նպատակին մասին սորվին եւ յաւիտեան ապրին (Գործք 24։15)։ Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ ապրին։ Երբ ան մեռնողներուն կեանք տայ, անոնց Հայրը կը դառնայ (Սաղ. 36։9)։ Ուրեմն, որքա՜ն տեղին է որ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ այսպէս աղօթենք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատ. 6։9)։ Եհովան Յիսուսին կարեւոր դեր մը տուած է մեռելները յարուցանելու մէջ (Յովհ. 6։40, 44)։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը» (Յովհ. 11։25)։
11. Աստուծոյ կամքը ի՞նչ է «մեծ բազմութեան» նկատմամբ։
11 Միայն քանի մը անհատներ չեն որ Եհովայի առատաձեռնութենէն պիտի օգտուին։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս» (Մար. 3։35)։ Եհովային կամքն է որ բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն «մեծ բազմութիւն մը» զինք պաշտէ։ Անոնք փրկանքին կը հաւատան եւ Աստուծոյ կամքը կ’ընեն։ Անոնք զինք կը փառաբանեն, ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին» (Յայտ. 7։9, 10)։
12. Յիսուս իր աղօթքին մէջ ի՞նչ ըսաւ մարդոց նկատմամբ Եհովայի նպատակին մասին։
12 Յիսուսի տիպար աղօթքէն շատ բաներ սորվեցանք Եհովային եւ հնազանդ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Առաջին, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք որ Եհովային անունը սրբացնենք (Եսա. 8։13)։ Նաեւ Յիսուսին զոհը, որուն միջոցաւ կը փրկուինք, փառք ու պատիւ կը բերէ Աստուծոյ անուան։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսին անունն անգամ կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։ Երկրորդ, Եհովան իր Թագաւորութիւնը պիտի գործածէ որ փրկանքին օրհնութիւնները թափէ հնազանդ մարդոց վրայ։ Երրորդ, վստահ ենք որ բա՛ն մը չկայ որ կրնայ Եհովայի կամքին արգելք կենալ (Սաղ. 135։6. Եսա. 46։9, 10)։
ՑՈՒՑՈՒՐ ԹԷ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՍ ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
13. Ինչո՞ւ կը մկրտուինք։
13 Որպէսզի ցուցնենք թէ շնորհակալ ենք փրկանքին համար, Եհովային կը նուիրուինք եւ կը մկրտուինք։ Մեր մկրտութիւնը կը յայտնէ թէ «մենք Տէրոջն ենք» (Հռով. 14։8)։ Մկրտուելով՝ մաքուր խիղճ կը խնդրենք Աստուծմէ (Ա. Պետ. 3։21)։ Եհովան ալ իր կարգին կը գիտցնէ մեզի թէ իր բարեկամներն ենք։ Եւ մենք լման վստահ ենք որ մեզի պիտի տայ ամէն ինչ որ խոստացած է (Հռով. 8։32)։
Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ շնորհակալ ենք փրկանքին համար (տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)
14. Եհովան ինչո՞ւ մեզի կը պատուիրէ որ մարդիկը սիրենք։
14 Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք ցուցնել թէ շնորհակալ ենք փրկանքին համար։ Եհովան կ’ուզէ որ բոլոր զինք պաշտողները սէր ունենան, ճիշդ ինչպէս որ ինք ի՛նչ որ կ’ընէ՝ սէրէ մղուած կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։8-11)։ Մարդիկը սիրելով կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք «[մեր] երկնաւոր Հօրը որդիներ»ը ըլլալ (Մատ. 5։43-48)։ Ամէնէն մեծ պատուիրանն է՝ Եհովան սիրել, իսկ ետքը կու գայ ուրիշները սիրել (Մատ. 22։37-40)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը կերպերէն մէկն է, որ ցուցնենք թէ մարդիկը կը սիրենք։ Եթէ հնազանդինք Եհովայի պատուէրին որ մարդիկը սիրենք, մանաւանդ մեր եղբայրները, իրեն հանդէպ մեր սէրը «կատարեալ պիտի ըլլայ» (Ա. Յովհ. 4։12, 20)։
ՓՐԿԱՆՔԸ՝ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿՈՂՄԷ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԹԱՓԷ
15. ա) Հիմա Եհովայէն ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանանք։ բ) Ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի ստանանք ապագային։
15 Եհովան մեզի կը վստահեցնէ թէ մեր մեղքերը կրնա՛ն ‘ջնջուիլ’, քանի որ փրկանքին կը հաւատանք։ Ան կրնայ մեր մեղքերը լման ներել (կարդա՛ Գործք 3։19-21)։ Ինչպէս որ նկատի առինք, Եհովան փրկանքին միջոցաւ օծեալները կ’որդեգրէ որպէս իր որդիները (Հռով. 8։15-17)։ Իսկ գալով «ուրիշ ոչխարներ»ուն, ան զանոնք կը հրաւիրէ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլան երկրի վրայ։ Երբ անոնք կատարեալ դառնան եւ վերջին փորձին մէջ հաւատարիմ մնան, Եհովան զանոնք ալ պիտի որդեգրէ որպէս իր որդիները (Հռով. 8։20, 21. Յայտ. 20։7-9)։ Ան միշտ պիտի սիրէ իր բոլոր որդիները, իսկ փրկանքին օգուտները յաւիտեան պիտի մնան (Եբ. 9։12)։ Այս նուէրը բնա՛ւ պիտի չկորսնցնէ իր արժէքը, եւ ո՛չ մէկը կրնայ մեզ զրկել անկէ։
16. Փրկանքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ իրապէս ազատ ըլլանք։
16 Եթէ անկեղծօրէն զղջանք մեր մեղքերուն համար, Սատանան բա՛ն մը չի կրնար ընել արգիլելու որ ի վերջոյ Եհովայի ընտանիքին միանանք։ Յիսուս «մէկ անգամ» ընդմիշտ մեռաւ, եւ փրկագինը մնայուն կերպով վճարուած է (Եբ. 9։24-26)։ Ատիկա լման մէջտեղէն պիտի վերցնէ Ադամէն ժառանգուած մահը։ Փրկանքը կրնայ մեզ ազատել Սատանայի աշխարհէն եւ մահուան վախէն (Եբ. 2։14, 15)։
17. Քեզի համար ի՞նչ արժէք ունի Եհովային սէրը։
17 Աստուծոյ խոստումները վերջին ծայր վստահելի են։ Ճիշդ ինչպէս որ բնութեան մէջ իր դրած օրէնքները չեն փոխուիր, Եհովան չի փոխուիր։ Ան մեզ բնա՛ւ յուսախաբ պիտի չընէ (Մաղ. 3։6)։ Եհովան միայն կեանք չի տար մեզի. ան իր սէրն ալ կու տայ։ «Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։16)։ Ամբողջ երկիրը պիտի վերածուի գեղեցիկ դրախտի մը, եւ բոլոր մարդիկը իրար պիտի սիրեն։ Ետքը, թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ Աստուծոյ բոլոր ծառաները պիտի ըսեն. «Օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն» (Յայտ. 7։12)։